Տիրուկին Հետ. Մեր Ցաւին Պատուաստը


Եր­կու տա­րի ա­ռաջ Գա­նա­տա հա­սանք եւ Թո­րոն­թօ հաս­տա­տո­ւե­ցանք։ Ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րը քիչ մը դժո­ւար էր նոր կեան­քի ըն­տե­լա­նալս, սա­կայն լա­ւա­տե­սու­թեամբ յաղ­թաhա­րե­ցի այդ դժո­ւա­րու­թիւ­նը, մե­րո­ւե­ցայ մար­դոց հետ, ու­սա­նե­ցայ եւ աշ­խա­տանք գտայ։ Աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը շատ կա­րե­ւոր էր այս պա­րա­գա­յին, սա­կայն քիչ մըն ալ պէտք է, որ բախտդ ե­րե­սիդ ժպտայ․ ճիշդ այդ­պէս ալ ե­ղաւ` բախ­տիս շրթուն­քին եր­կու ծայ­րե­րը կա­խար­դա­կան թե­լե­րով կա­պո­ւած էին ճա­կա­տագ­րիս մատ­նե­րուն, ո­րոնք թե­լե­րը դէ­պի վեր քա­շե­լով ա­րե­ւոտ օ­րեր խոս­տա­ցան ին­ծի։

Կը հա­ւա­տամ ա­րա­բե­րէն այն ա­ռա­ծին, որ կ’ը­սէ․ «Աշ­խար­հին խնդա՛, աշ­խարհն ալ ե­րե­սիդ կը խնդայ»։ Որ­քան ալ տխուր ըլ­լամ, նոյ­նիսկ սիրտս ա­րիւ­նի` խնդուքս եւ շրջա­պատս եր­ջա­նիկ պա­հե­լու մար­մաջս տես­նո­ղը` «ի՜նչ ­կեն­սու­րախ անձ մըն է» ը­սե­լով, թե­րեւս, կը խա­բո­ւի ու ներսս այ­րող կրա­կը չի նշմա­րեր։ 

Լաւ ու վատ օ­րե­րը բո­լո­րիս հա­մար են ան­շուշտ, սա­կայն ո­րո՞ւ ­միտ­քէն կ’անց­նէր, որ  «քո­րո­նա» կո­չո­ւով ա­նո­ղոք հա­մա­վա­րակ մը աշ­խար­հը տակ­նուվ­րայ պի­տի ը­նէր, ներ­խու­ժէր ա­ռող­ջու­թեան դռնե­րէն ու ոտ­նա­կոխ ը­նէր մեր կեան­քի դաշ­տին կա­նաչ խո­տե­րը կամ ար­մա­տա­խիլ ը­նէր ա­նոր հաս­տա­բուն ծա­ռե­րը։

Աշ­խար­հը տխուր է, ա­յո՛։ Դժբախ­տա­բար, մէկ տա­րիէ ի վեր հա­մա­վա­րա­կը հա­զա­րա­ւոր կեան­քեր խլեց ու տա­կա­ւին կը խլէ: Ան­գոր­ծու­թիւ­նը գլու­խը ա­ռած կ’եր­թայ եւ մար­դոց ան­դոր­րը կոր­սո­ւած է, սա­կայն նա­խորդ­նե­րուն նման՝ այս հա­մա­վա­րա­կին պա­տո­ւաստն ալ գտնո­ւե­ցաւ ու ե­թէ վա­ղը չէ, գո­նէ միւս օր, կը պաշտ­պա­նո­ւիք ա­նոր ա­նո­ղորմ ճի­րան­նե­րէն։ Իսկ ուր­կէ՞ եւ ինչ­պէ՞ս կր­նանք ա­պա­հո­վել մեր ազ­գին դժբախ­տու­թիւ­նը ու սեւ ճա­կա­տա­գի­րը վե­րաց­նող պա­տո­ւաս­տը։

Ինչ­պէ՞ս կր­նանք չորց­նել որ­դե­կո­րոյս մօր ար­ցուն­քը, ի­րա­կա­նաց­նել գաղ­թա­կա­նին տուն դար­ձի ե­րա­զան­քը, հանգս­տաց­նել հօր գիր­կին ջե­րու­թեա­նը կա­րօտ որ­բին սիր­տը, մխի­թա­րել ա­ղօթ­քի ու շա­րա­կա­նի կա­րօտ վան­քե­րուն սա­ռած պա­տե­րը, լռեց­նել աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան լու­մա­յով կա­ռու­ցո­ւած ճա­նա­պարհ­նե­րուն, դպրոց­նե­րուն, հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն ու մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րուն ար­դա­րու­թեան կան­չը, մա­րել` իս­կա­կան զա­ւակ­նե­րուն սի­րով ու կա­րօ­տով մխա­ցող մայր հո­ղի սրտին կրա­կը, մեղ­մաց­նել հաշ­ման­դամ  զի­նո­ւո­րին ցա­ւե­րը, ի վեր­ջոյ ինչ­պէ՞ս կր­նանք խա­ղա­ղեց­նել դրախ­տին մէջ բնա­կող եւ հայ­րե­նի­քի սի­րոյն՝ ի­րենց կեան­քը չխնա­յող նա­հա­տակ հե­րոս­նե­րուն հո­գի­նե­րը։

Ժպի՞տ, խնդո՞ւք։ է՜հ, վեր­ջին ա­միս­նե­րուն դէմ­քիս վրա­յի ժպի­տը չոր­ցած, իսկ խնդու­քը ան­վե­րա­դարձ հե­ռա­ցած է։ Ե­ռաբ­լու­րի տա­պա­նա­քա­րե­րուն թի­ւը շատ ծան­րա­ցած է ու­սե­րուս, շա՜տ։ Քար­տէ­սին վրա­յի հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րուն կրճա­տու­մէն ետք ճա­կա­տագ­րիս ձեռ­քի թե­լե­րը գե­տին ին­կած ու կոխկր­տո­ւած են։ Ա­ռա­ջո­ւա­նը չեմ ու չեմ ալ կրնար ըլ­լալ։

Հա­յու ճա­կա­տագ­րի բա­ժա­կին մրու­րի դառ­նու­թիւ­նը համ­տե­սե­լով սկսած եմ ա­ւե­լի լաւ հասկ­նալ Թու­մա­նեա­նի` «Ապ­րէ՛ք­ ե­րե­խեք, բայց մեզ պէս չապ­րէ՛ք» տո­ղին լիար­ժէք ի­մաս­տը։

Է՜հ, Թու­մա­նեանս, ապ­րե­ցա՛նք­ ու ճի՛շդ ­ձեզի պէս ապ­րե­ցանք եւ դժբախ­տա­բար 106 տա­րի­ներ անց, պատ­մու­թե­նէն ա­ռանց դա­սեր քա­ղե­լու, ջրա­ղա­ցի թե­ւե­րուն դէմ, յա­մա­ռօ­րէն, կռիւ կը մղենք։

Ար­դեօք ե՞րբ ­պի­տի գտնենք մեր ի­մաս­տու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նող դե­ղը եւ աշ­խար­հի ո՞ր ­կեն­սա­բեր ծա­ղի­կէն պի­տի կրնանք քա­ղել վի­րա­ւոր հա­յը կեան­քի կո­չող ու աչ­քե­րուն փայլք պար­գե­ւող պա­տո­ւաս­տը։

Ե­թէ այդ­պի­սի պա­տո­ւաստ մը պատ­րաս­տող կայ, խնդրե՜մ, թող ա­ճա­պա­րէ՛, ո­րով­հե­տեւ մեր կո­կոր­դին մէջ սեղ­մո­ւած ժպի­տը առ­յա­ւէտ չոր­նա­լու ճամ­բուն վրայ է։