«Քորոնա» Ժահրի Մէկ Դէպք Արձանագրուեցաւ Արցախի Մէջ


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ,- Ապրիլ 7-ին Արցախի Առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Արցախի մէջ հաստատուած է «քորոնա» ժահրով վարակման առաջին դէպքը։

Ըստ նախարարութեան փոխանցած տեղեկութեան, Ապրիլ 6-ին Հայաստան ուղարկուած երկու փորձանմուշներէն մէկը եղած է դրական։

«Հաստատուած դէպքին մասին հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ վարակուածը Ապրիլ 2-ի առաւօտեան շտապ օգնութեան մեքենայով տեղափոխուած էր Քաշաթաղի բժշկական կեդրոն եւ մեկուսացուած, որովհետեւ ան Արցախ վերադարձած էր Հայաստանէն՝ «վարակի օճախ» համարուող բնակավայրէ մը: Երկրորդ քաղաքացին, որմէ փորձանմուշ առնուած է, եղած է Հայաստանէն վերադարձող քաղաքացիի հարեւանուհին, որ Ապրիլ 4-ին, այլ խնդիրով տեղափոխուած էր նոյն բժշկական կեդրոն», նշուած է նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Վարակակիրին հետ շփում ունեցած 17 քաղաքացի՝ ապահովութեան նկատառումներով, նախօրօք ինքնամեկուսացած է: Այդ քաղաքացիները առ այժմ որեւէ ախտանիշներ չունին: