Build Armenia Հիմնադրամը Հայրենադարձութեան Ծրագիրին Համար 100 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Պիտի Կատարէ


“Ասպարէզ”,- Զուիցերահայ գործարար, Franck Muller աշխարհահռչակ արանքանիշի հիմնադիր, Մարսէյի մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Վարդան Սըրմաքէշ նախաձեռնած է նոր նախագիծի մը՝ «Պիլտ Արմինիա» (Build Armenia) հիմնադրամին, որուն միացած են աւելի քան տասնեակ մը սփիւռքահայ գործարարներ: Ըստ նախնական հաշուարկներու՝ առաջին փուլին նախագիծին համար շուրջ 100 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի կատարուի: Այս մասին գործարարը յայտարարեց հեռատեսիլի «Ա. Ալիք» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

«Կը կարծեմ, որ այսօր Հայաստանի մէջ տիրող նոր եռանդը եւ օրէնսդրական դաշտի բարելաւումը պիտի նպաստեն ներդրումային ներհոսքին դէպի երկիր, ինչ որ կրնայ լայնածաւալ  հայրենադարձութեան առիթ հանդիսանալ», ըսած է Վարդան Սրմաքէշ, ընդգծելով, որ վերադարձող հայրենակիցներուն՝ հիմնադրամը պէտք է տրամադրէ բնակութեան վայր, պէտք է օգնէ աշխատանք ապահովելու հարցով:

Վերադարձողներուն համար պէտք է ստեղծուին պայմաններ․ անոնք պէտք է կարենան օգտուիլ առողջապահական, կրթական եւ արհեստակցական կեդրոններէ, մասնաւորապէս կաշիի, ոսկերչական իրերու արտադրութեան ոլորտին մէջ եւ պէտք է ստեղծուի արտադրական շղթայ:

Ըստ Վարդան Սրմաքեշի, հիմնադրամի գործունէութիւնը պէտք է զարգանայ եւրոպական չափանիշերուն համապատասխան: «Մենք բաց եւ թափանցիկ պիտի ըլլանք, որպէսզի բոլորը կարենան հետեւիլ մեր աշխատանքին եւ մեր նպատակային ծախսերուն»,-ըսած է գործարարը` աւելցնելով, որ հիմնադրամին կրնան միանալ նոր հայրենադարձներ, յատկապէս Ռուսիայէն:

«Ես վստահ եմ, որ եթէ մենք շարժինք ճիշդ ուղղութեամբ, ապա  պիտի կարենանք բարձրացնել Հայաստանի վարկանիշը միջազգային մակարդակով եւ ապահովել հայրենադարձներու լայնածաւալ ներհոսք, որոնք պիտի կարենան նոր Հայաստանի մէջ հասնիլ նոր յաջողութիւններու»,- ըսած է Սրմաքեշ: