Արեւմտահայերէնի Միակ Փրկութիւնը ՀՀ Արեւմտահայախօս Գաւառներն են


Արմէն


Արեւմտահայերէնը փրկելու հաւանաբար քանի մը ուղի կայ. ամէն մարդ իրը ունի եւ ամէն ոք զանազան փաստարկներ կրնայ բերել։ Ես այստեղ ի՛մ ուղին պիտի մէջբերեմ։

Ամէն լեզու, եւ մասնաւորապէս գրական լեզու, իր խօսակցական նեցուկը պէտք է ունենայ։ Արեւմտահայերէնը, իմ պատկերացումով, պէտք է հայրենիք բերել։ Սակայն, ո՛չ ինչպէս ցայսօր՝ դէպի Երեւան եւ Այրարատեան դաշտ։ Այնտեղ արեւմտահայերէնը դատապարտուած է, անիկա պիտի ձուլուի արեւելահայերէնին ու անհետ կորսուի։ Արեւմտահայերէնի միակ փրկութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտահայախօս գաւառներն են՝ նախ եւ առաջ Շիրակի մարզը։ Այո՛, արեւմտահայերէնը պէտք է հայրենադարձել Շիրակ, մարզը յայտարարել արեւմտահայախօս յատուկ պահպանելի լեզուագօտի եւ օժանդակել արեւմտահայախօս հայութեան կեդրոնացումը այնտեղ։

Ատոր մէջ պիտի շահին ե՛ւ արեւմտահայերէնը, ե՛ւ Շիրակի բնակչութիւնը։ Մարդկային նոր հոսքը պիտի վերակենդանացնէ մարզը, նոր ոյժ բերէ այստեղ, նոր հնարաւորութիւններ ստեղծէ։ Տասը տարի ետք՝ Շիրակը անճանաչելի կը դառնայ։ Գիւմրին (Կումայրին) պիտի դառնայ արեւմտահայերէնի կեդրոնը Հայաստանի մէջ։

Արեւմտահայերէնը պէտք է յայտարարել շիրակահայութեան գրական առաջնային լեզու։ Ատիկա կը նշանակէ, որ դպրոցներուն մէջ աշակերտները արեւմտահայերէն դասագիրքերով պէտք է առարկաները ուսանին, որ պաշտօնական գրագրութիւնը արեւմտահայերէն կրնայ ըլլալ, որ հեռատեսիլը, ձայնասփիւռը արեւմտահայերէն պիտի խօսին։ Զուգահեռաբար՝ պէտք է խրախուսել նաեւ շիրակահայ բարբառի կիրառութիւնը. չէ՞ որ անիկա պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնի ապագայ սատարն ու շտեմարանը։

Դէմ անձեր հաւանաբար փաստարկեն, թէ Շիրակի խօսուածքը նոյնը չէ ինչ արեւմտահայերէն գրական լեզուն։ Համաձայն եմ. անիկա նոյնքան հեռու է, որքան հեռու էր Կարնոյ բարբառը Կ. Պոլսոյ գրական լեզուէն։ Եւ ի՞նչ… Վանի եւ Մշոյ բարբառները աւելի՛ հեռու էին արեւմտահայերէն գրական լեզուէն, սակայն արեւմտահայերէնը անոնց գրական լեզուն էր։

Երբեւիցէ կարդացա՞ծ էք արեւմտահայերէն տարբերակով Աւետարանը Շիրակի կամ Ջաւախքի առոգանութեամբ։ Կարծես թէ անիկա ըլլայ շիրակեցիներու եւ ջաւախեցիներու գրական լեզուն։

Գաղափարը գործի սկիզբն է։ Նախ՝ անիկա պէտք է տարածել, համախոհներ գտնել, համոզել։ Այնուհետեւ գործը տեղէն ինքն իրեն առաջ կը շարժի։ Հայրենադարձուող արեւմտահայախօս հայութիւնը ինքնաբերաբար կը համախմբուի։

Շիրակի մարզը Արեւմտեան Հայաստանի մէկ բեկորն է։ Տասնամեակներ ետք, բոլորս պիտի վայելենք անոր քաղաքական պտուղներն ու դեռ գալիք անակնկալները։

(Քաղուածք Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի դիմատետրի էջէն)