2020-2021 Տարեշրջանի Վերամուտ. Թորոնթոյի Հայկական Ամէնօրեայ Եւ Շաբաթօրեայ Վարժարաններու Նոր Տարեշրջանը


Ար­դիւ­նա­բեր տա­րեշր­ջա­նի մը ակն­կա­լի­քով վե­րա­մու­տի պատ­րաս­տո­ւե­ցան հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն եւ գի­տու­թիւն ջամ­բող Թո­րոն­թո­յի հայ­կա­կան ա­մե­նօ­րեայ եւ շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րը, սա­կայն հա­մա­վա­րա­կին բե­րու­մով` 2020-2021 տա­րեշր­ջա­նը կը տար­բե­րի նա­խորդ­նե­րու սո­վո­րա­կան դրու­թե­նէն:

Այս ա­ռի­թով, «Թո­րոն­թո­հայ» կա­պո­ւե­ցաւ ՀՕ­Մի Ա­մէ­նօ­րեայ Վար­ժա­րա­նի, Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ Ազ­գա­յին Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­նի, ինչ­պէս նաեւ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեանց հետ՝ տե­ղեակ ըլ­լա­լու հա­մա­վա­րա­կէն պաշտ­պա­նո­ւե­լու ա­նոնց որ­դեգ­րած նոր քայ­լե­րէն, ձեռ­նար­կած փո­փո­խու­թին­նե­րէն ու մշա­կած նոր ծրա­գիր­նե­րէն:

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք տնօ­րէ­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցած հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րը.

 

ՀՕ­Մի Ա­մե­նօ­րեայ Վար­ժա­րա­նի Վե­րա­մու­տը

ՀՕ­Մի Ա­մե­նաօ­րեայ Վար­ժա­րա­նի Տնօ­րէն` Ռաֆ­ֆի Սար­գի­սեան

Այս տա­րի ան­նախն­թաց տա­րի մըն է մեր վար­ժա­րա­նին հա­մար: Ընդ­հան­րա­պէս այս­պի­սի պայ­ման­նե­րու տակ պէտք չենք ու­նե­ցած վար­ժա­րա­նին դռնե­րը բա­նա­լու: Հա­մա­վա­րա­կը բա­ւա­կան բա­ներ փո­խեց կրթա­կան ծի­րէն ներս եւ մենք մեր կար­գին պէտք էր աշ­խա­տէինք այդ ուղ­ղու­թեամբ ու մեր նա­հան­գի պայ­ման­նե­րը նկա­տի առ­նե­լով ու կա­տա­րեալ աշ­խա­տանք տա­նե­լով լա­ւա­գոյնս տրա­մադ­րել մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն:

Մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար ա­պա­հով եւ յար­մա­րա­գոյն մի­ջա­վայր մը ստեղ­ծե­լու հա­մար դպրո­ցի կրթա­կան մար­մի­նը, ու­սուց­չա­կան կազ­մը եւ տնօ­րէ­նու­թիւ­նը ձեռք-ձեռ­քի տա­լով աշ­խա­տանք տա­րին եւ ճիգ չխնա­յե­ցին, որ­պէս­զի ճիշդ ձե­ւով, կա­տա­րո­ւած փո­փո­խու­թիւն­նե­րով պատ­րաս­տո­ւինք Սեպ­տեմ­բեր ամ­սո­ւան վե­րա­մու­տին, ինչ­պէս նաեւ բա­ւա­կան գու­մար­ներ ծախ­սո­ւե­ցան, որ­պէս­զի կա­րե­նանք այս առ­թիւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն պէտ­քե­րը հայ­թայ­թել:

Ա­պա­հո­վու­թեան տե­սա­կէ­տով, իւ­րա­քան­չիւր սե­նեա­կի եւ անց­քի մէջ հա­կա­նե­խիչ դե­ղեր զե­տե­ղո­ւե­ցան, որ­պէս­զի դա­սա­րան մտնող կամ ել­լող ա­շա­կերտ­նե­րը հա­կա­նե­խեն ի­րենց ձեռ­քե­րը: Կրկնա­պատ­կած եւ բա­րե­լա­ւած ենք դպրո­ցի շէն­քի օ­դի շրջա­նա­ռու­թեան հա­մա­կար­գը եւ զտիչ­նե­րու յա­ճա­խա­կի փո­փո­խու­թիւ­նը: Հի­ւան­դա­պահ մը ա­պա­հո­ված ենք (երկ­րորդ հի­ւան­դա­պահ մըն ալ պի­տի ա­պա­հո­վենք), որ­պէս­զի եր­կու շէն­քե­րէն ներս ու­նե­նանք այս ար­հես­տա­վարժ ներ­կա­յու­թիւ­նը ու ա­նոնք օգ­տա­կար դառ­նան ա­ռա­ւօ­տեան դպրոց յա­ճա­խող ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­ռող­ջու­թեան ստուգ­ման, հա­մա­վա­րա­կի ախ­տան­շան­ներ ցոյց տո­ւող­նե­րը կամ մտա­հո­գիչ պա­րա­գա­նե­րը նշեն ու ո­րո­շեն, թէ ո՞ր­ ա­շա­կեր­տը կրնայ դպրոց մտնել եւ որ մէ­կը տուն վե­րա­դառ­նա­լու կա­րի­քը ու­նի: Հի­ւան­դա­պա­հը կ’աշ­խա­տի մեր կազ­մին հետ եւ կրթա­կան ծի­րէն ներս: Ան ցուց­մունք­ներ կու տայ ա­շա­կերտ­նե­րուն, ինչ­պէս` կրած դի­մա­կա­պե­րու ճիշդ ձե­ւով դնելն ու հա­նե­լը, ի­րար­մէ հե­ռա­ւո­րու­թիւն պա­հե­լը, ձեռ­քե­րը լո­ւա­լու եւ հա­կա­նե­խե­լու գոր­ծըն­թա­ցը:

Դար­ձեալ, ա­պա­հո­վու­թեան հետ կա­պո­ւած, ծնող­նե­րը ա­մէն ա­ռա­ւօտ մեզ­մէ կը ստա­նան Text massage մը, ուր յի­շո­ւած է, որ ա­նոնք պէտք է ստու­գեն ի­րենց զաւ­կին ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը եւ վստա­հեց­նեն, որ վա­րա­կի ո­րե­ւէ նշան­ներ չու­նի ան եւ վեր­ջին 14 օ­րե­րու ըն­թաց­քին շփում չէ ու­նե­ցած ո­րե­ւէ վա­րա­կա­կիր ան­ձի հետ: Բո­լոր հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նը «Ո՛չ» ըլ­լա­լու պա­րա­գա­յին ա­նոնք կրնան դպրոց գալ, իսկ մէկ «Ա­յո»ի պա­րա­գա­յին` տուն կը մնան եւ կը խնդրո­ւի ա­նոնց­մէ, որ դի­մեն ի­րենց բժիշ­կին: Այս­պի­սով, Self Screening Application-ով, ծնող­քը մե­զի տե­ղեակ կը պա­հէ իր զաւ­կին ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը:

Այս տա­րի բա­րե­լա­ւած ենք դպրո­ցին լո­ւա­ցա­րան­նե­րը, որ­պէս­զի ա­շա­կեր­տը ա­ռանց ո­րե­ւէ մէկ բա­նի դպնա­լու օգ­տա­գոր­ծէ զա­նոնք: Ա­ռող­ջա­պա­հա­կան եւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան պաս­տառ­ներ տե­ղադ­րած ենք պա­տե­րուն վրայ (ա­ռող­ջա­պա­հա­կան քայ­լե­րը ճիշդ ձե­ւով պա­հել խրա­խու­սող), ինչ­պէս նաեւ նշան­ներ զե­տե­ղած ենք գե­տի­նը, որ­պէս­զի ա­շա­կեր­տը գիտ­նայ, թէ ո՞ր­ ուղ­ղու­թեամբ պէտք է քա­լէ եւ ո՞ր դռ­նե­րը պէտք է գոր­ծա­ծէ:

Մաք­րու­թեան յա­ճա­խա­կա­նու­թիւ­նը կրկնա­պատ­կած ենք եր­կու շէն­քե­րուն մէջ, օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, բո­լոր ընդ­մի­ջում­նե­րէն եւ ճա­շի ժա­մե­րէն ա­ռաջ ու վերջ կը մաք­րո­ւին ու կը հա­կա­նե­խո­ւին ա­նոնք:

Մէկ այլ եւ նոյն­քան կա­րե­ւոր` առ­ցանց դա­սա­ւանդ­ման մի­ջոց­նե­րը զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ դպրոցս: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն այս աշ­խա­տան­քին լծո­ւած էինք եւ լաւ ար­դիւնք­նե­րու հա­սած էինք ար­դէն, երբ Մար­տէն ի վեր առ­ցանց դա­սա­ւան­դե­ցինք ա­շա­կերտ­նե­րուն: Այդ ըն­թաց­քին դպրո­ցը Chromebook-եր ա­պա­հո­վեց 6-էն 8-րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ նա­խա­պէս ա­նոնց գոր­ծա­ծած IPad-նե­րը փո­խան­ցե­ցինք 4-րդ­ եւ 5-րդ ­դա­սա­րան­ցի­նե­րուն: Հի­մա 4-րդէն մին­չեւ 12-րդ ­դա­սա­րա­նի բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը հա­մա­կար­գիչ կամ IPad ու­նին եւ զա­նոնք կ’օգ­տա­գոր­ծեն դա­սա­րա­նէն ներս, ինչ­պէս նաեւ տան մէջ:

Տու­նէն դա­սա­ւանդ­ման յե­տե­ւող­նե­րուն հա­մար այն­պի­սի դրու­թիւն ստե­ղե­ծինք, ո­րուն հի­ման վրայ դա­սա­ւան­դող ու­սու­ցի­չը դպրո­ցէն live stream-ի մի­ջո­ցաւ, առ­ցանց, պի­տի դա­սա­ւան­դէ` տու­նը մնալ նա­խընտ­րող ա­շա­կեր­տին, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ դպրոց յա­ճա­խող ա­շա­կերտ­նե­րուն:

Այս տա­րեշր­ջա­նին զա­նա­զան օ­րէնք­նե­րու փո­փո­խու­թիւն­ներ ե­ղած են դպրո­ցէն ներս: Իւ­րա­քան­չիւր բա­ժա­նում չի կրնար շփում ու­նե­նալ այլ բա­ժա­նու­մի ա­շա­կերտ­նե­րու հետ: Ա­շա­կեր­տին ա­պա­հո­վու­թեան ու ֆի­զի­քա­կան հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու հա­մար բա­կե­րուն մէջ գի­ծեր քա­շած ենք, որ­պէս­զի զբօ­սան­քի ժա­մա­նակ բա­ժին­նե­րը ի­րար­մէ հե­ռու մնան: Դպրո­ցին բո­լոր դա­սա­րան­նե­րը ու սե­նեակ­նե­րը կ’օգ­տա­գոր­ծո­ւին ներ­կա­յիս: Ան­հան­գիստ ե­ղող կամ հի­ւան­դու­թեան ո­րե­ւէ ազ­դան­շան ցոյց տո­ւող ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար ալ կայ ա­ռան­ձին սե­նեակ մը` Isolation room, ուր զե­տե­ղո­ւած են հա­կա­նե­խիչ դե­ղեր, դի­մա­կա­պեր, ձեռ­նոց­ներ եւ մաք­րե­լու ու հա­կա­նե­խե­լու դե­ղեր (այս յի­շած­ներս իւ­րա­քան­չիւր դա­սա­րա­նի մէջ կայ ար­դէն, որ­պէս­զի հարկ ե­ղած պա­րա­գա­յին ու­սու­ցիչ­նե­րը կամ ա­շա­կերտ­նե­րը օգ­տո­ւին ա­նոնց­մէ):

Ա­շա­կերտ­նե­րուն ժա­մա­նու­մը եւ մեկ­նու­մը ա­ւե­լի հե­զա­սահ դարձ­նե­լու նպա­տա­կով դի­մած ենք զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րու: Այդ մի­ջոց­նե­րու որ­դեգր­ման նպա­տա­կով հսկայ ջանք կը թա­փեն ու­սու­ցիչ­ներն ու ծնող­նե­րը: Վրան մը զե­տե­ղած ենք դուր­սը, ուր­կէ ա­ռա­ւօ­տեան ծնող­քը մե­զի կը յանձ­նէ իր զա­ւա­կը, իսկ մեկ­նու­մի պա­հուն դար­ձեալ հոն­կէ կը ստանձ­նէ իր զա­ւա­կը:

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ ո­ւուց­չա­կան կազ­մին, որ իս­կա­պէս ճիգ չխնա­յեց լա­ւա­գոյն ձե­ւով պատ­րաս­տո­ւե­լու վե­րա­մու­տին եւ շի­նիչ ու հո­գա­տար ձե­ւով մօ­տե­ցաւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­րե­նան պատ­րաս­տո­ւիլ նոր օ­րէնք­նե­րը կի­րար­կե­լոու եւ մնան ա­պա­հով: Իս­կա­պէս շատ գնա­հա­տե­լի է ու­սու­ցիչ­նե­րուն ճի­գը եւ յա­տուկ ծրա­գիր­նե­րով ու նոր մի­ջոց­նե­րով դա­սա­ւանդ­ման պատ­րաս­տո­ւե­լու աշ­խա­տան­քը: Յոյժ գնա­հա­տե­լի է վար­ժա­րա­նիս կրթա­կան մար­մի­նին տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը: Ա­նոնք, ա­միս­ներ շա­րու­նակ, մեծ զո­հո­ղու­թիւն­ներ կրե­ցին եւ աշ­խա­տան­քի լծո­ւե­ցան` լա­ւա­գոյն ձե­ւով ու մի­ջոց­նե­րով պատ­րաս­տո­ւե­լու վե­րա­մու­տին եւ մեր վար­ժա­րա­նին դռնե­րը բա­նա­լու ծնող­նե­րուն եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն դէմ:

Բա­րի վե­րա­մուտ եւ յա­ջո­ղու­թեամբ լի ա­պա­հով տա­րեշր­ջան:

ՀՕ­Մի Ա­մե­նաօ­րեայ Վար­ժա­րա­նի Տնօ­րէն` Ռաֆ­ֆի Սար­գի­սեան

 

Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ Ազ­գա­յին Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­ն

Դոկտ. Ար­փի Փա­նո­սեան Մը­թարթ Ս. Սա­հակ և Ս. Մես­րոպ Ազ­գա­յին Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­նի Տնօ­րէն

 

Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ Ազ­գա­յին Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­նի 65-րդ­ ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը կը սկսինք «Կա՛նք, պի­տի լի­նե՛նք, ու վե­րա­դառ­նա՛նք» հա­մո­զու­մով

Կազմ ու պատ­րաստ ենք վե­րա­մու­տին. Վե­րա­մուտ մը, որ ան­սո­վոր ըլ­լա­լով հան­դերձ, նաեւ զմայ­լե­լի է, ի գործ դրո­ւած ճի­գով ու ջան­քով:

Վար­ժա­րա­նի անձ­նա­կազ­մը, ծնող­ներն ու ա­շա­կերտ­նե­րը յան­դուգն եւ հաս­տա­տա­միտ քայ­լե­րով պատ­րաստ են դի­մագ­րա­ւե­լու ներ­կայ հա­մա­տա­րած մար­տահ­րա­ւէ­րը դպրոց­նե­րէն ներս:

Վե­րա­մու­տի սո­վո­րա­կան հրճո­ւան­քին հետ միա­տեղ կը դի­մա­կա­յենք դա­սա­ւան­դու­թեան ձե­ւի (հե­ռա­կայ կամ ֆի­զի­քա­պէս ներ­կայ) ա­նո­րո­շու­թեան ճնշո­ւա­ծու­թիւ­նը: Սա­կայն, կը յա­րա­տե­ւենք հար­թել խո­չըն­դոտ­նե­րով լե­ցուն մեր ու­ղին եւ կը շա­րու­նա­կենք մեր աշ­խա­տան­քը, ստեղ­ծե­լու հա­մար ու­սուց­ման դրա­կան մի­ջա­վայր` տան թէ դպրո­ցին մէջ հա­ւա­սա­րա­պէս, ա­ռիթ տա­լով մեր ե­րե­խա­նե­րուն, որ զարկ տան ի­րենց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, ա­ռաջ տա­նե­լով ի­րենց հե­տաքրք­րու­թիւն­ներն ու խոր սէ­րը ուս­ման հան­դէպ:

Հոս կը յի­շեմ Կոս­տան Զա­րեա­նի խօս­քը. «Հայ ըլ­լա­լը ան­գութ խնդիր է եւ հե­րո­սա­կան ձեռ­նար­կու­թիւն: Այդ պա­տո­ւի­րան է, ա­ռա­քե­լու­թիւն եւ ճա­կա­տա­գիր, ո­րը պատ­մու­թիւ­նը մեզ դրած է դա­րե­րու խոր­քից: Մենք լոյ­սի եւ խա­ւա­րի մի­ջեւ պայ­քա­րի ցնցող զօր­քերն ենք … Եւ մենք պար­տադ­րո­ւած ենք ա­հա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան տակ»:

Հայ լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը փո­խան­ցե­լը մեր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, ազ­գա­յին պարտ­քը, եւ բարձ­րա­գոյն ա­ռանձ­նաշ­նոր­հու­մը կը սե­պենք, ուս­տի ժա­մա­նա­կա­յա­տուկ ձե­ւով կը շա­րու­նա­կենք մեր ծրա­գի­րը: Մեծ ճի­գե­րով կը ստեղ­ծենք հա­ճե­լի մի­ջա­վայր մը, ուր ա­շա­կերտ­նե­րը կը սոր­վին խան­դա­վա­ռու­թեամբ ու կը զար­գաց­նեն ի­րենց հե­տաքրք­րու­թիւնն ու սէ­րը հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան հան­դէպ:

Այս տա­րի եւս պի­տի շա­րու­նա­կենք գոր­ծակ­ցիլ Թո­րոն­թօ Շրջա­նի Ու­սում­նա­կան Խոր­հուր­դին (Toronto District School Board) հետ` օգ­տո­ւե­լով ա­նոնց Google Classroom հար­թա­կէն, ինչ­պէս նաեւ պի­տի սկսինք հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ AVC եւ VLUME հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հետ, ո­րոնք մաս­նա­գի­տա­ցած են առ­ցանց հայ լե­զո­ւի դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ: Նոր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­ներ վերց­նե­լով, Շա­բա­թօ­րեա­յի անձ­նա­կազ­մը հնա­րա­ւոր ա­մէն մի­ջո­ցի կը դի­մէ յար­մա­րե­լու նոր ի­րա­վի­ճա­կին վե­րա­կար­գա­ւո­րե­լով Հա­յե­րէն դա­սա­ւան­դե­լու նո­ւի­րա­կան աշ­խա­տան­քը` ստեղ­ծա­գործ ո­գիով, զո­հա­բե­րու­թեամբ, եւ յա­մառ աշ­խա­տան­քով:

Ման­կա­պար­տէ­զէն մին­չեւ 8-րդ ­դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը պի­տի վե­րա­դառ­նան ի­րենց 2020-2021 տա­րեշր­ջա­նի առ­ցանց դա­սա­րան­նե­րը` 3 Հոկ­տեմ­բե­րին:

– Առ­ցանց դա­սըն­թացք­նե­րը անվ­ճար են:

– Դէմ առ դէմ առ­ցանց դա­սա­ւան­դու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ, 30-40 վայր­կեան, ո­րուն պի­տի յա­ջոր­դէ ա­շա­կեր­տին կող­մէ կա­տա­րո­ւե­լիք ա­ռան­ձին աշ­խա­տանք, ինչ­պէս նաեւ ու­սու­ցի­չին հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն­ներ` Google Classroom-ի եւ Ե-նա­մա­կի մի­ջո­ցաւ, մօ­տա­ւո­րա­պէս եր­կու ժամ:

– Շա­բա­թօ­րեա­յի թո­ւա­կան­ներն են. Հոկ­տեմ­բեր 3, 17, 24, 31, Նո­յեմ­բեր 7, 14, 21, 28, Դեկ­տեմ­բեր 5, 12, 19

– Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը կ’ըը­լան TDSB-ի International Languages ծրագ­րի տակ` https://ereg.tdsb.on.ca/public/ilelogin.aspx

– Երկ­րոր­դա­կան դա­սա­րան­նե­րու (credit courses Level 1 and Level 2) ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը կ’ըլ­լայ TDSB-ի Continuing Education Program for High Schools https://www.tdsb.on.ca/High-School/Going-to-High-School/Night-School-and-Summer-School/Saturday-Credit-Program մի­ջո­ցաւ:

Մնանք հան­դարտ եւ լա­ւա­տես, հաս­տատ հա­ւատ­քով թէ կա՛նք­ ու պի­տի լի­նե՛նք:

Դոկտ. Ար­փի Փա­նո­սեան Մը­թարթ

Ս. Սա­հակ և Ս. Մես­րոպ Ազ­գա­յին Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­նի Տնօ­րէն

 

Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­նի Վե­րա­մու­տը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Շաբաթօրեայ Վարժարանի ուսուցչական կազմ

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Գեր. Հայր Ե­ղիա Ծ. Վրդ. Գի­րէ­ջեա­նի, Ս.Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­նը մեծ ու­րա­խու­թեամբ դռնե­րը կը վե­րա­բա­նայ ըն­դու­նե­լու հա­մար ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու: 2020-2021 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի վե­րա­մու­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Շա­բաթ, 3 Հոկ­տեմ­բեր 2020-ին, սա­կայն տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րով:

Մարտ ամ­սուն, երբ վար­ժա­րա­նիս կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նը կ’ըն­թա­նար հե­զա­սահ եւ բնա­կա­նոն պայ­ման­նե­րու մէջ, ու­սուց­չա­կան կազ­մը, պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը եւ ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը միաս­նա­բար մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ան­ցած էին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու՝ նշե­լու վար­ժա­րա­նիս հիմ­նադ­րու­թեան 40-րդ ­տա­րե­դար­ձը: Ա­մէն ինչ կի­սատ մնաց Քո­րո­նա ժահ­րի (Covid-19) պատ­ճա­ռով:Ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը դադ­րե­ցաւ կար­ճա­տեւ ընդ­մի­ջու­մով մին­չեւ Մա­յիս: Նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ հրա­տապ կար­գադ­րու­թեամբ վար­ժա­րա­նը վերս­տին սկսաւ իր աշ­խա­տան­քը, սա­կայն այս ան­գամ` առ­ցանց «virtual»: Ու­սու­ցիչ­նե­րը մնա­ցեալ ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը ա­շա­կերտ­նե­րուն մա­տու­ցե­ցին օգ­տա­շատ ցուց­մունք­ներ, պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ, օգ­նու­թիւն եւ ա­ջակ­ցու­թիւն, որ­պէս­զի ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը հաս­նի իր ար­դիւ­նա­բեր ա­ւար­տին:

Այս տա­րի, Կրթա­կան Նա­խա­րա­րու­թեան եւ Թո­րոն­թօի Կա­թո­ղի­կէ Շրջա­նի Դպրոց­նե­րու Խոր­հուր­դա­րա­նի (TCDSB) կող­մէ սահ­մա­նած կա­նոն­նե­րու եւ ո­րո­շում­նե­րուն հա­մա­ձայն` Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­նը առ­ցանց «virtual» կեր­պով պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Ծրա­գի­րը կը ներ­կա­յա­ցո­ւի 30 դա­սըն­թացք­նե­րով, իւ­րա­քան­չիւ­րը 2 ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ. Դա­սըն­թաց­քը կը սկսի 3 Հոկ­տեմ­բեր 2020-ին մին­չեւ 19 Յու­նիս 2021: Այս տա­րի եւս ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի ըլ­լան Կա­թո­ղի­կէ Կրթա­կան Խոր­հուր­դի կայ­քէ­ջին մի­ջո­ցաւ (www.tcdsb.org/intlang):

Վեր­ջին 4 շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին ու­սու­ցիչ­նե­րը ան­ցած էին լայ­նա­ծա­ւալ վե­րա­պատ­րաստ­ման եւ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­ներª ա­շա­կերտ­նե­րուն ար­դիւ­նա­բեր եւ բո­վան­դակ ու­սուց­ման հար­թակ ա­պա­հո­վե­լու: «Google Classroom»ի եւ «Google Meet»ի օգ­տա­գործ­ման մի­ջո­ցո­նե­րով ու­սու­ցիչ­նե­րը պի­տի կա­րո­ղա­նան ա­շա­կերտ­նե­րուն ու­սու­ցա­նել դա­սա­սե­նեա­կի առ­ցանց պայ­ման­ներ, ուր ա­շա­կերտ­նե­րը եւ ու­սու­ցիչ­նե­րը կրնան տես­նել զի­րար. այդ մէ­կը ա­ւե­լի տպա­ւո­րիչ պի­տի դարձ­նէ իւ­րա­քան­չիւր դա­սը: Ու­սու­ցիչ­նե­րը ի­րենց կա­րե­լին պի­տի ը­նեն օգ­տա­շատ ցուց­մունք­նե­րով օգ­նե­լու եւ ա­ջակ­ցե­լու ա­շա­կերտ­նե­րուն` ծա­նօ­թաց­նե­լու ի­րենց մեր հա­րուստ մշա­կոյ­թին, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, ե­րաժշ­տու­թեան, գրա­կա­նու­թեան` ա­րո­ւես­տի հար­թա­կի մի­ջո­ցով: Ու­սու­ցիչն­նե­րը` ինչ­պէս միշտ, ի­րենց կա­րե­լին ը­րած են տա­լով ա­շա­կեր­տին լա­ւա­գոյ­նը, այս տա­րի եւս պի­տի շա­րու­նա­կեն ի­րենց սրբա­զան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ո­չինչ չտար­բե­րե­լով նա­խորդ տա­րի­նե­րէն:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Երկ­րոր­դա­կան Վար­ժա­րա­նի դա­սըն­թացք­նե­րուն, որ մօ­տա­ւո­րա­պէս քա­րորդ դար պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող` ՀԱ­ՅԵ­ՐԷՆ լե­զո­ւի եւ գրա­կա­նու­թեան «Քրէ­տիդ Գորս»ի դա­սըն­թացք­նե­րը, դար­ձեալ պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին առ­ցանց: Անց­նող տա­րեշր­ջա­նին 18 Մարտ 2020-ին անս­պա­սե­լի ու ա­նակն­կալ պա­տա­հած հա­մա­ճա­րա­կի պատ­ճա­ռով, 10-րդ, 11-րդ, եւ 12-րդ ­դա­սա­րան­նե­րու դա­սըն­թացք­նե­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցան` առ­ցանց եւ մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ վերջ գտան մին­չեւ ա­մա­ռո­ւան ար­ձա­կուր­դը:

Այս տա­րի եւս, ան­հա­ճոյ ու տագ­նա­պա­լիօ­րէն շա­րու­նա­կո­ւող հա­մա­ճա­րա­կի պատ­ճա­ռով` ա­շա­կեր­տու­թեան ա­ռող­ջու­թիւ­նը անվ­տան­գե­լու սի­րոյն դա­սըն­թացք­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին առ­ցանց, ուս­տի կը խնդրո­ւի ա­շա­կերտ­նե­րէն, ա­նոնք ո­րոնք հե­տաքրք­րո­ւած են, ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­նագ­րո­ւին` եր­թա­լով www.tcdsb.org/continuingeducation կայ­քէջ­քը, որ­պէս­զի ա­պա­հո­ված ըլ­լան, 17 Հոկ­տեմ­բեր 2020-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9:00-ին, 2020-2021-ի ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի դա­սըն­թացք­նե­րը, ա­պա­հո­վե­լու նաեւ ի­րենց Հա­յե­րէն Լե­զո­ւի Երկ­րոր­դա­կան դա­սա­րան­նե­րու «Քրէ­տիթ»նե­րը, ո­րոնք հե­տե­ւեալ օ­րէ­նագ­րու­թեամբ են, 10-րդ LYRBU1-01, 11-րդ LYRCU1-01, 12-րդ LYRDU1-01:

2020-2021-ի ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը պի­տի կա­տա­րո­ւի առ­ցանց, սա­կայն վար­ժա­րա­նիս վսեմ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կը մնայ միեւ­նոյ­նը` ու­սու­ցա­նել, խթա­նել պաշտ­պա­նել եւ պահ­պա­նել հա­յոց լե­զուն` ու­սուց­ման, մշա­կու­թա­յին ի­րա­զեկ­ման եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու տօ­նա­կա­տա­րու­թեան մի­ջո­ցաւ:

Ան­համ­բեր կը սպա­սենք մեր մշտա­կան ա­շա­կերտ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ նո­րեկ­նե­րուն: Կը հա­ւա­տանք, թէ մենք` ու­սու­ցիչ­ներս, տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը եւ յար­գե­լի ծնող­նե­րը միաս­նա­բար հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով կ’ու­նե­նանք յա­ջող եւ օրհ­նա­բեր ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջան:

Բա­րի եւ Ա­ռողջ Վե­րա­մուտ

Տնօ­րէ­նու­թիւն`

Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Շա­բա­թօ­րեայ Վար­ժա­րա­նի