3809 Զոհ, 220 Անհետ Կորած. ՀՀ Քննչական Կոմիտէն 44-օրեայ Պատերազմի Կորուստներու Մասին Նոր Թիւեր Հրապարակած է


 «Արցախփրես»- Հայաստանի քննչական կոմիտէն կը շարունակէ հետաքննել Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծած պատերազմի, նախապէս հաւաքագրուած վարձկաններ, պատերազմի ընթացքին արգիլուած մեթոտներ եւ միջոցներ օգտագործելու, քաղաքացիական բնակիչները զինծառայողներէն չտարբերակելու եւ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերը եւ քաղաքացիական բնակչութիւնը համակարգուած, կանխամտածուած թիրախ դարձնելու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի օրէնքներու լուրջ խախտումներ համարուող արարքներ կատարելու փաստերը։ Այս բոլորին առնչութեամբ հարուցուած է քրէական գործ։

Քննչական կոմիտէն կը յայտնէ, որ քրէական գործի ծիրէն ներս պարզուած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ  պատերազմի հետեւանքով Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու զոհուած զինծառայողներու եւ քաղաքացիներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 3809 անձ:

19.01.2022-ի դրութեամբ՝ անյայտ է 199 զինծառայողի եւ 21 քաղաքացիներու գտնուելու վայրը:

Մինչեւ օրս Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնուած է գերի առնուած 141 զինծառայող եւ քաղաքացի: