44-օրեայ Պատերազմին Հետեւանքով Նահատակուած է Արցախի 750 Քաղաքացի


 «Արցախփրես»,- Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեան հրապարակած է տուեալներ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած վերջին պատերազմին հետեւանքով զոհուած, անհետ կորած, գերի ինկած եւ գերութենէն վերադարձած Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն վերաբերեալ:

Արցախի ՄԻՊ-ի Ֆէյսպուքեան էջին վրայ տեղադրուած տեղեկութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Հաշուի առնելով ինծի ուղղուած հարցումները` կը հրապարակեմ տուեալներ` ազրպէյճանական յարձակման հետեւանքով զոհուած, անհետ կորած, գերի ինկած եւ գերութենէն վերադարձած Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող անձերու վերաբերեալ:

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի 2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին մեկնարկած փաստահաւաք աշխատանքներուն արդիւնքով հաւաքուած տուեալներուն համաձայն` ազրպէյճանական յարձակումին հետեւանքով զոհուած է Արցախի Հանրապետութեան 750 քաղաքացի, որմէ 81-ը քաղաքացիական անձինք են` 42-ը` Ազրպէյճանի զինուած ուժերու հեռահար հարուածներու, ներառեալ` հրթիռակոծութեան, հրետակոծութեան, ռմբակոծութեան, հրազէնային կրակոցներու հետեւանքով, 39-ը` ազրպէյճանական գերութեան կամ առնուազն վերահսկողութեան տակ` ֆիզիկական բռնութեան, դանակահարութեան, գլխատման, հրազէնային մերձակայ կրակոցի կիրառումով:

Զոհուած զինծառայողներուն թիւը կ’ընդգրկէ այն անձերը, որոնց վերաբերեալ տուեալները փոխանցուած են «Զինծառայողներու ապահովագրութեան» հիմնադրամ: Վիրաւորուած են 163 քաղաքացիական անձ: Վիրաւորուած զինծառայողներուն յստակ թիւը այս պահուն մեզ մօտ առկայ չէ:

Հաստատուած տուեալներով` Արցախի Հանրապետութենէն անհետ կորած կը համարուի 83 անձիք, որոնցմէ 23-ը քաղաքացիական անձինք են: Գերի ինկած եւ գերութենէն վերադարձած 103 անձերէն 23-ը Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներ են»: