Սիրելի ներկաներ,
Տատանող քայլերով ու միայն 75 հայ փոքրիկներով սկսած կրթական այս օճախը այսօր իր դռները կը բանայ 650 աշակերտներու սքանչելի փաղանգով մը, դառնալով հայկազնեան փարոս մը Թորոնթօ քաղաքին մէջ£ Այո, ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանը փարոս մը ըլլալէ անդին դարձաւ հայրենիքէն հեռու հայապահպանումի անառիկ բերդ մը, որուն պատերէն ներս եկան եւ պիտի գան սերունդներ, պիտի գան աւելի հայանալու, պիտի գան աւելի զօրացած եւ ամրապինդ ոգիով պահանջատէր հանդիսանալու մեր արդար իրաւունքներուն£
Անցան 37 տարիներ եւ արդէն բոլորիս ճիգերով յաջողած ՀՕՄի վարժարանը դարձած է հպարտութիւն պատճառող ազգապահպանման հզօր ամրոց մը£ Եւ այսօր հպարտութեամբ կը դիտենք կրթական այս օճախէն թեւ առած մեր աշակերտները, որոնք տեղական համալսարաններու մէջ գերազանց արդիւնքներով գնահատանքներու կ’արժանանան եւ կը հաստատեն մեր սկսած գործին իւրայատուկ եւ ազգօգուտ առաքելութիւնը£ Ու տակաւին, մեր վարժարանէն թեւ առած ուսանողներն ու աշակերտները անպայման ժամանակ կը գտնեն մասնակցելու մեր ազգային եւ գաղութային կեանքին, Հայ Կեդրոնի միութիւններուն եւ յանձնախումբերուն մէջ իրենց դրական ներդրումը բերելով£ Եւ աւելին, այսօր մեր վարժարանէն թեւ առած աշակերտները սպառազինուած բարձրագոյն վկայականներով` դարձած են մեր վարժարանի Կրթական Մարմինի նուիրաբերուող ժրաջան վարչական անդամները, դարձած՝ լաւագոյն ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, ինչպէս նաեւ փոխտնօրէնը մեր նախակրթարանի բաժանմունքին: Այո, անոնք դարձած են ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի եւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու ազգային կառոյցներու վարչական անդամներն ու գործօն մղիչ ուժը. Փառք եւ պատիւ ձեզի, սիրելի՛ նուիրեալ շրջանաւարտներ: Ահա այս է ՀՕՄի վարժարանի սրբազան առաքելութիւնը` մեր ազգին ու հայրենիքին ծառայելու ջինջ եւ լաւագոյն եղանակը:
Այսօր պարտք կը զգանք գնահատանքի եւ շնորհակալութեան մեր սրտի խօսքը փոխանցելու 37 տարիներ մեր վարժարանը դէպի բարձունքներ առաջնորդող կրթական մարմիններուն, վարժարանի հայագիտութեան եւ ուսումնական վերելքին ծառայած կրթական մշակներուն, տնօրէններուն£ Գնահատանքի մասնայատուկ խօսք մանաւանդ մերօրեայ սիրելի տնօրէնին` Պր. Արմէն Մարտիրոսեանին, թանկագին ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք վերանորոգ ծառայասիրութեամբ սպառազինուած` այսօր սրտանց եւ ուրախութեամբ կը դիմաւորեն մեր թանկագին աշակերտները անսակարկ նուիրումով, իրենց ուսերուն վերցնելով ամբողջական պատասխանատուութիւնը մեր նոր սերունդի մտային, հոգեկան, ֆիզիքական, հոգեւոր, ազգային եւ քաղաքական դաստիարակութեան£ Եւ վերջապէս, կը շնորհաւորենք ու շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի, սիրելի ծնողներ, որ ձեր զաւակները անգամ մը եւս կը յանձնէք եւ կը վստահիք ՀՕՄի վարժարանի մեսրոպաշունչ կրթական օճախին: Սիրելի բարերարներ, մեծ եւ փոքր նուիրատուներ, առանց ձեր անսակարկ նուիրումին, նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան, կարելի պիտի չըլլար մեսրոպակերտ այս փարոսը լուսաշող պահել£ 37ամեայ յաջողութեան կենդանի ջահակիրները եղաք դուք եւ վստահաբար պիտի շարունակէք մնալ մեր վարժարանի գոյութիւնը ապահովող յառաջապահները£
Սիրելի ներկաներ,
Այսօր ունիմ քաղցր պարտականութիւնը եւ պատիւը առաջին անգամ ըլլալով յայտարարելու եւ ներկայացնելու մեր նորագոյն եւ պատուական բարերարներ Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լաբոյեանները, որոնք իրենց ազգանուէր գիտակցութեամբ մեր հաւաքական ճիգերուն եւ ապագայ ծրագիրներուն համար կը ներդնեն 1 միլիոն տոլարի իշխանական գումար մը: Այո սիրելիներ, 1 միլիոն տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը:
Սիրելիներ՝ Վարուժան եւ Սիլվա, ազգային բարերարի աննախընթաց մէկ միլիոն տոլարի իշխանական ձեր նուիրատուութիւնը անակնկալ ու գերողջունելի է ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններուն, հաստատութիւններուն, պատասխանատու մեր գործընկերներուն եւ համայն թորոնթոհայութեան կողմէ:
Սիրելի թորոնթոհայեր, այսօր պատիւը ունիմ նաեւ յայտարարելու, թէ ՀՕՄի երկրորդական բաժանմունքը պիտի պսակուի արժանաւոր անունով մը` բանաձեւուած որպէս «ՀՕՄի Լաբոյեան Երկրորդական Վարժարան» (ARS Lapoian High School): Սիրելի բարերարներ, ես վստահ եմ ձեր անունով երկրորդականի անուանակոչումը նոր խանդ, նոր ծրագիրներու թռիչք եւ հպարտութիւն պիտի ներշնչէ թորոնթոհայութեան ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար դէպի յաւերժութիւն քալող բազմահարիւր մեր աւելի հայացած վարժարանի շրջանաւարտներու կեանքերուն մէջ£
Լուսաւորչակերտ այս կամարներուն տակ անգամ մը եւս ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, ՀՕՄի վարժարանի եւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող Միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն անունով շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնեմ ձեզի Վարուժան եւ Սիլվա, ապրիք առողջ եւ ձեր կեանքը պսակուի արեւշատ օրերու հետ միասին՝ սիրով եւ առատ յաջողութիւններով£ Ձեր վարձքը կատար, ապրի՛ք, հազար ապրի՛ք: