Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան շնորհակալական խօսքի ընթացքին, ձախին Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ։
Մայիս 15-ին Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան արժանացաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան պատուաւոր Palmes Académiques-ի շքանշանին եւ ասպետի կոչման, որ կը տրուի գիտութեան եւ կրթութեան մարզին մէջ ունեցած աւանդի համար: Մրցանակին համար տիկին Փափազեանին առաջադրած է Փարիզի ակադեմիայի եւ Իլ դէ Ֆրանսի տնօրէն եւ Palmes Acadռmiques-ի շքանշանակիր Ժիլ Փեկուն:
Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ժամանակ շքանշանը Մարի Լու Փափազեանին յանձնած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն: Հրաւիրուած էին նաեւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Ֆրանսայի հայկական համայնքի այլ ներկայացուցիչներ:
«Մարի Լու, առանց Ձեզի Հայաստանի կամ Ֆրանսայի մէջ Թումօ չէր ըլլար: Եթէ այս շքանշանը ոեւէ մէկուն համար ստեղծուած է, ապա ան Ձեր` իսկական աշխարհի քաղաքացիի: Թումօն ազատութեան խորհրդանիշ է ու աշխարհի լաւագոյն ուսումնական կեդրոններէն մէկը: Ձեր, Քլոտ Ֆարժի եւ Forum des Images կեդրոնի ջանքերուն շնորհիւ ան պիտի շարունակէ ոգեշնչել ֆրանսացիները նոյնպէս», իր խօսքին մէջ ըսած է Անն Իտալկոն:
«Այս շքանշանը հազուագիւտ եւ արժէքաւոր է, որովհետեւ կը ներկայացնէ ընդհանուր արժէքներու անկեղծ ճանաչումը»,- իր շնորհակալական խօսքին մէջ ըսած է Մարի Լու Փափազեան, — «Շքանշանը կը կրեմ հպարտութեամբ եւ յոյսով` հաղորդելու աւելի մեծ քաջութիւն, յամառութիւն եւ հնարամտութիւն»: