Րաֆֆի Սարգիսեան
Ձօն՝ Քրիստափոր Արթինի, Գէորգ Հաճեանի եւ Մհեր Յարութիւնեանի
Վարանգաթաղի բարձունքը սրբացաւ,Ձեր սուրբ կարմիրով մկրտուեցաւ,Ձեր վերջին շունչերը արտաբուրելով՝Հայըն իր փառքին տիրացա՛ւ :Համբարձա՛ք, դուք չինկաք,Իբրեւ յաղթանակի նախերգակ,հովիտներու քամիներուն հետ՝Թէժ պայքարէն ետք, բարձրացաք:Վարանգաթաղի արծիւներու երամ,Սէգ բարձունքէն՝ Վասպուրական,Չէք ննջեր, միշտ կը տքնիք արթո՛ւն,Հաւատարիմ պահակներ դիւցազներուն:Ձեր անունները յաւերժ, աղօթքի պէս՝Սերունդներ կ’արտասանեն այնպէս,Ինչպէս սուրբերուն միջնորդութեան.Դո՛ւք առաքինի ընծաներ Հայութեան:Թորոնթօ, Գանատա2020