Գրասեղանիս Վրայի Համալսարանը


Աննա Մարիա Մուպայետ

Հեռախօսիս զարթեցուցիչը հնչեց ու ես լեղապատառ արթնցայ: «Ի՞նչ օր է, ժամը քանի՞ է», մտածեցի: Ոտքերովս վերմակը նետեցի, անկողինէն ցատկեցի ու ննջասենեակիս դուռը վայրագութեամբ բացի: Ելեկտրահարուած մազերով, գինովի պէս կիսաքուն, մէկ պատէն միւսը քսուելով ահագին ջանք թափեցի, որ պատրաստուիմ ու հասնիմ դասաժամիս: Մայրս, հանգիստ քունէն ելաւ մտահոգ  եւ սկսաւ հարցումներ հարցնել, որպէսզի հասկնայ խենթութեանս եւ իրարանցումիս պատճառը:

– Ժամը 8-ին դաս ունիմ:

– Ինչու ժամը քանի՞ է:

– Ութին չորս վայրկեան կայ:

– Է՜հ, տակաւին ժամանակ ունիս… սուրճ կը խմե՞ս:

Դասերս առցանց կը սերտեմ: Համալսարանս կը գտնուի ննջասենեակիս աջ անկիւնը` գրասեղանիս վրայ: Գրասեղանիս ձախ անկիւնը կը կենայ դասախօսը, աջին կը նստիմ ես` ուսանողս, իսկ այդ միջոցին գրասեղանիս ճիշդ կեդրոնը յատկացուցած կ’ըլլամ ուտելիքի, այս պարագային ուտելիքը ժամանցի միջոց մը կը հանդիսանայ ինծի համար: Թակարդի մէջ մնացած մուկի պէս ամբո՜ղջ օրը այս անկիւնը նստած կ’անցընեմ: Շատ կը փափաքէի երթալ եւ համալսարանիս իսկական շէնքը տեսնել: Կ’ուզէի երկար-բարակ միջանցքներու մէջ լսարանս փնտռել ու կորսուիլ: Սխալ լսարան մտնել ու այդ երկվայրկեանի վախն ու շփոթը զգալ, ժամերով հանրակառքին մէջ մնալ եւ տուն հասնիլ երազել, փողոցի անց ու դարձէն, իրարանցումէն ու աղմուկէն գանգատիլ: Կ’ուզէի յոգնած հասնիլ տուն, ձիւնի ու մրրիկի ժամանակ կռիւի ելլել եղանակին դէմ ու փոթորիկին հակառակ քալելով շէնք հասնիլ: Կ’ուզէի առաւoտեան գաւաթ մը սուրճ գնել ու անոր սթափեցուցիչ ազդեցութեան յոյսով երկա՜ր սպասել:

Սակայն ե՛կ ու տե՛ս, որ իրականութիւնը ամբողջովին տարբեր է: Փոխարէն համալսարան շտապելու, ամէն առտու, դասերէս առաջ, մօրս հետ սուրճ կը խմեմ մեր նստասենեակին մէջ` կարծեմ այդ ալ համալսարանիս սրճարանն է, ուր երբեմն ալ հօրս մեղքանալով կը հրաուիրենք մեզի հետ սուրճ մը ճաշակելու:

Սուրճի այս արարողութիւնը ինծի հանգստութիւն կը պարգեւէ եւ օրս անորմով  լաւ կը սկսի: Վստահ որ հանգստութիւնը սուրճէն չէ, այլ ծնողքիս հետ անցուցած ժամանակէն. այն ժամանակը, որ դժուար թէ գտնէի, եթէ ստիպուած ըլլայի ամէն օր դէպի համալսարանի շէնք երթալ: Այնպէս որ, քանի դեռ առաւօտեան սուրճի արարողութիւնը ընթացքի մէջ է, խնդրեմ` համալսարանը փակ պահեցէ՛ք: