Մոմավառութեան ձեռնարկէն պատկեր մը
«Թորոնթոհայ»,- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4–ին, ժամը 4–էն սկսեալ, Trinity Bellwoods Park-էն սկիզբ առաւ «Լռութեան Ձայները» խորագիրը կրող զգօնութեան մոմավառութիւնը։ Օնթարիոյ Միացեալ Խորհուրդի կազմակերպութեամբ իրականացած մոմավառութիւնը ընթացք առաւ առաջնորդութեամբ՝ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի եւ Միսիսակայի Ս. Վարդան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեանի: Վերջինիս ձեռքին կար Հայոց բանակի պահապան սրբութիւն՝ Աշոտ Երկաթի խաչին կրկնօրինակը, զոր տարիներ առաջ նուիրուած էր Միսիսոկայի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ ՀՀ ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդ Վրթանես Եպիսկոպոս Աբրահամեանի կողմէ։ Քահանաներուն կը յաջորդէին դրօշակակիր երիտասրդներն ու հարիւրաւոր թորոնթոհայեր։
Մէկ ժամ տեւողութեամբ ընթացող երթի մասնակիցնեը քալեցին Queen Street-ի երկայնքով ու հասան City Hall, ուր նախապէս ժամանած երիտասարդները հարիւրաւոր սպիտակ եւ եռագոյնի գոյներով պատրաստուած մոմերը բաժնեցին ներկաներուն։
Արցախի պատերազմի անմեղ զոհերու յիշատակին մէկ վայրկեան լռութենէ ետք՝ արուեստագէտ Արմինիա Սարգիսեան երգեց Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները, որմէ ետք Տէրունական Աղօթքը բարձրացաւ առ Աստուած։ Արցախի խաղաղութեան եւ բանակին յաղթանակին համար «Խաղաղութեան եւ Զօրակցութեան Աղօթք» աղօթեց Տ. Հայարի Թանաշեան, ապա Տ.Միւռոն Սարգիսեան ներկաները հրաւիրեց «Տէր Ողորմեա»ն աղօթելու, որպէսզի այդ աղօթքով խնդրենք Աստուծոյ ողորմութիւնը արար աշխարհին եւ ի մասնաւորի Արցախ Աշխարհին եւ՝ Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ մեր զոհուած հերուս նահատակները։
Երտասարդուհի Աստղիկ Գրիգորեան, Արցախի հզօր մայրերուն ու հերոս զաւակներուն նուիրուած, իր բանաստեղծութիւնը ընթերցեց ոգեւորութեամբ եւ յուզեց բոլոր ներկաները, որոնց ափերուն մէջ կը պլպլար մոմի լոյսը։
Յուզիչ էր երկու երիտսարդներու բռնած խոշոր պաստառը, որուն վրայ նշուած էին մեր անմահ զոհերուն անունները, ծննդեան ու նահատակութեան թուականները։ Այդ պաստառը լուսաւորուած էր սպիտակ մեծ մոմերով, որոնք կը խորհրդանշէին արքայութեան յաւերժականութեան լոյսը։
Ձեռնարկի վերջաւորութեան գետինը նշուած խաչաձեւ նշանին վրայ կեցան ու խաչը մարմնաւորած նկարուեցան սեւեր հագած երիտասրդ- երտասարդուհիները։
Մոմերու լոյսերը այսօր լռութեան ձայնը տարածեցին City Hall-ի շրջափակին մէջ՝ լսելի դարձնելու մեր ժողովուրդին արդարութեան ձայնը։
Աստղիկ Գրիգորեանի բանաստեղծութիւնը՝ նուիրուած Արցախի մայրերուն ու որդիներուն
We are Armenian mothers
Our wombs whisper to our offsprings about what it means to be Armenian
So when
We give birth to sons and daughters
We wrap them in our flag and know that they belong not only to their mothers
But to their motherland
Դու հայ ես, բալես
See,
We hail from the soil so fertile
It turns apricot stones into blossom
Mountains so magnificent
They are a solid embrace we always run back to
But we raised a humble generation
A proud and peaceful myriad of protectors
See,
We recited love and poetry as a lullaby
“Grow strong my son
Let your arms span across the distance of our mountains
This land is yours now
But it is yours to protect
So you must know
That your people may need you at any moment
And though you would make a courageous soldier
I pray every day that you never have to be one “
…
The sun rises on Ararat another day
Another day
And now this
Are a nightmare and a déjà vu
we cannot seem to wake up from
We lost husbands and fathers in 94
Our sons are men now,
And are handed trauma as paternal inheritance
We do not gift our seeds to Armenia only to plant them back in the soil they came from
I beg my son not to go
Knowing full well
I taught him to be fearless
Passed on the gene of resilience
Survival and resistance be gushing through our bloodstream like the waters of our river Arax
Our identity woven like intricate carpet
Each one of us a thread of triumph,
Every city an ornament
The diaspora an integral part of the bigger picture
I see him don the uniform
Our tricolor on his arm
He – a vision of ancestral pride
But since then,
My jazzve colored eyes have closed
Only to converse with God
Only to ask for His protection
Only to see my son again
Only for his last words to me not to be a lie
Մամ ճան, մի՛ մտածի,
Վերադառնալու եմ,
Յաղթելու ենք։
Մամավառութեան ձեռնարկէն պատկերներ