Լոռի Պէրպէրեան
Վերջին ամիսներուն ընթացքին, Եռաբլուրը հարթուեցաւ այցելուներու քայլերէն․ հողը պարարտացաւ յորդող արցունքներէն:
Ա՜խ, ի՜նչ ձայներ քաշուեցան անսանձ գոռալէն, որքա՜ն կոկորդներ չորցան անվերջ լալէն: Որքան սրտեր վնասուեցան արագ տրոփելէն, քանի ձեռքեր վիրաւորուեցան գետինը հարուածելէն: Պատերազմին սկիզբէն ի վեր, շապիկ չմնաց, որ չպատրուեցաւ շիրմաքար ողջագուրելէն․ երես չմնաց, որ չցեխոտեցաւ զոհին համբուրելու ապարդիւն փորձերէն:
Մէկ ակնթարթէն, հայրենիքի մոմերը հատեցան աղօթքներէն․ հազարաւոր հոգիներ վրդովեցան անպատասխան հարցումներէն: Աղաչանք, ափսոսանք լսուեցաւ ամէն տունէ, իւրաքանչիւր ընտանիք տանջուեցաւ նահատակի մը յիշատակէն:
Ի՜նչ օրեր էին անոնք, երբ կը վախնայինք հայու մը հարցնել եթէ Հայաստան ընտանիք ունէր, որովհետեւ այդ մտածումը կրնար փորել ցաւի նոր վիհեր: Այն օրերը երբ կը ջանայինք այլեւս լուրերը չլսել, որպէսզի մեր սիրտը չկոտրեր: Անիկա արդէն այնքան տառապած էր, քիչ մնաց տրոփումը ամբողջովին պիտի դադրեր:
Այդ օրերը սփիւռքահայը կ՛անիծէր իր հեռաւորութիւնը հայրենիքէն ու կ՛երազէր ըլլալ դրացին` տառապող հայրենակիցին: Այլեւս չէր մտահոգուեր, թէ որքան դժուար կրնար ըլլալ, ան որոշած էր Երկիր վերադառնալ: Այդ օրերը սակայն եկան ու նոյնքան դիւրութեամբ գացին, մնացին միայն ցաւերը տեղացիին:
Չեմ գիտէր ո՞րն է աւելի դժուարը. գիտակցիլը, թէ որդիդ կեանքը տուաւ թշնամիին վայրագութեա՞ն թէ դրացիիդ դաւաճանութեան հետեւանքով: Այս հարցին պատասխանին նման շա՜տ բաներ անորոշ մնացին այս կռուին ընթացքին, նոյնիսկ գերեզմանները` հարիւրաւոր մարտիրոսներու:
Եթէ կրնայի մէկ խօսք ըսել բոլոր խոցուած սրտերը սփոփելու համար, կ’ըսէի․ «Վերջերս երկինքը ճոխացաւ հազարաւոր հրեշտակներով»։