Րաֆֆի Սարգիսեան
Նեխած է սիրտը մարդկութեան,եւ արդէն խաւարած է այդ երկինքը`որուն կապոյտին անկեղծութեան մէջ,մեր ազատութիւնը կը բնակէր:Այժմ` երկինքն է սոսկալի ապականած,մարդասպաններու փսխած թոյներով,որուն տակ կը թախանցեն ընդունիլ`նենգ հանգամանքներ ու կանոններ:Բայց կա՛ն խիտ անտառներ,յամառ ճիւղերով երկինք պարզուած,որ պղծութիւնները կը խոցեն,գարշ երկինքէն բարիքներ զտելով`կը կաթեցնեն դէպի աշխարհ,թմրածները կենդանացնելու,սնանկ հոգիները ճշմարտութեամբ ջամբելու,լոյսը փրկելու յոյսով:Քնարիդ լարերը թաց, կը լսուին դեռ՝մինչ մայրեր դե՛ռ կը հեկեկան,արդարութիւնը, որուն ճակտին թքեցիր`բացակայ է դե՛ռ,եւ քու արդարահայց գրիչով անիծած,դաւաճաններն ու ոհմակները անկաշկանդ`«Մահուան Տեսիլ»դ, կրկին դժոխքէն կենդանութիւն կը կոչեն։Բայց, ինչպէս երէկ, այսօ՛ր ալ,պիտի տեսնենք կրկի՛ն,քո՛ւ աւետած «Դարերու Վրէժ»ը,պիտի յարինք քու անանց խօսքերունեւ որոտանք միաբերան«Մեր Անունն էՊայքար եւ Վախճանը Յաղթանակ»։