Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Երեւանի Աւագանիի Արտահերթ Ընտրութիւնները


Ս․ Ս․

Այսօր երեւանցիները կ՛ընտրեն իրենց քաղաքապետն ու Երեւանի 65 հոգիէ բաղկացած աւագանիի անդամները։

Յետյեղափոխութենէն ետք, ասիկա առաջին ընտրութիւնն է, որ ըստ պաշտօնական յայտարարութիւններու, պիտի ըլլայ ազատ, անկաշկանդ, առանց ուղղորդումներու եւ յատկապէս առանց ընտրակաշառքի։

Առաւօտ կանուխ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ քուէարկութեան իր իրաւունքը կիրառելէ ետք՝ լրագրողներուն յայտնեց, որ այս ընտրութիւնները պիտի տարբերին, որովհետեւ քաղաքացին վստահ է, որ պիտի ընտրէ իր նախընտրած թեկնածուն եւ իր ձայնը պիտի չգողցուի։

Ես ալ, իբրեւ երկար տարիներ Երեւան ապրող քաղաքացի իմ քաղաքացիական պարտքը կատարեցի յանուն մաքուր, բարեկարգ Երեւանի։

Ընտրատեղամասի մէջ, քանի մը ընտրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, հետաքրքրուեցայ այս ընտրութիւններու մասին իրենց ունեցած կարծիքով։

Միջին տարիքի կին մը ըսաւ, որ ինք առաջին անգամն է, որ ընտրութեան կը մասնակցի կամովին։ «Ամէնէն կարեւորը մարդ կարենայ իր ազատ կամքով ընտրել։ ․․․Հիմա մենք մտած ենք նոր փուլ մը, որ  աւելի ազատ է, աւելի անկաշկանդ», վստահեցուց ան։

Այլ երիտասարդ մը կարծիք յայնեց, որ ինք մեծ յոյսեր ունի իր թեկնածուին հանդէպ, այդ իսկ պատճառով կը մասնակցի քուէարկութեան։

Ուրիշ ընտրող մը ըսաւ, որ յեղափոխութենէն ետք մեծ հաւատքով կը նայի ապագային։ «Ես յոյսով եմ, որ ասկէ ետք շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, աւելի լաւ պիտի ապրինք։ Պիտի ունենանք այն ինչի մասին կը ցանկանք»։

Հայաստան տեղափոխուելէ ետք՝ վերջին եօթը տարիներուն մասնակցած եմ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, բայց այսօր իմ ներկայ եղած ընտրատեղամասին մէջ շատ քիչ մարդ կար․ հատ ու կենտ մարդիկ կու գային քուէարկելու։ Արդեօք ժա՞մն էր (մօտաւորապէս 12:30) պատճառը։ Անշուշտ ընտրութիւններու աւարտէն ետք հրապարակուելիք տուեալներէն կ՛իմանանք, թէ որքան եղած է ընտրողներուն համեմատութիւնը։

«Պիտի Քուէարկեմ արդիւնաւէտ եւ արդար կառավարման օգտին` յանուն Երեւանի յաւերժութեան», յայտնեց առաւօտ կանուխ քուէարկելու եկած «Լոյս» դաշինքի Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու Արտակ Զէյնալեան:

«Ես այսօր ընտրութիւն կատարեցի յանուն երեւանցիներու, յանուն մեր ապագայ կանաչ, բարեկարգ քաղաքին, յանուն մեր երեխաներու, յանուն մեր բոլորի ապագային, որպէսզի Երեւանը ըլլայ այնպիսին, ինչպիսին բոլորս կ՛երազենք», լրագրողներուն ըսաւ «Երեւանի Հանրութիւն» կուսակցութիւններու դաշինքի թենածու Անահիտ Թարխանեան` աւելցնելով, որ այս ընտրութիւններուն հետ մեծ յոյսեր կը կապէ:

Նայիրա Զոհրապեան ըսաւ, որ իր քուէն կու տայ բարեկարգ, յարմարաւէտ Երեւանի օգտին, իսկ «Ժառանգութեան» թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննիսեան ըսաւ, որ այս ընտրական գործընթացը մէկ քայլ առաջ է եւ յոյս յայտնեց, որ «երեւանցին կը քուէարկէ խղճի մտօք»։

«Ես առաջին հերթին քուէարկած եմ յանուն երեւանցիի, երիտասարդութեան, բարեկեցիկ, կանաչապատ Երեւանի, յանուն մեր ժողովուրդի համերաշխութեան եւ միասնականութեան», յայտնեց ՀՅԴ քաղաքապետի թեկնածու Միքայէլ Մանուկեան:

«Օրինաց երկիր» կուսակցութեան թեկնածու Մհեր Շահգելդեան վստահ է` երկար տարիներու դադարէ ետք՝ առաջին անգամ է, որ առանց ընտրակաշառքի եւ կեղծիքի ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան, եւ ատիկա կը համարէ պատմական ու բացառիկ:

Մենք ալ յոյսով ըլլանք, որ երեւանցին ընտրէ այնպիսի թեկնածու, որ իսկապէս կը լուծէ Երեւան քաղաքի դիմագրաւած շատ ու շատ հարցեր։ Երեւանը՛ըլլայ երեւանցիին համար յարմարաւէտ, մաքուր, գեղեցիկ, կանաչապատ եւ օրէ օր գեղեցկացող ու բոլորիս հպարտանքը եղող իսկական մայրաքաղաք։

Յիշեցնենք, որ Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն կը մասնակցի 12 քաղաքական ուժ` 4 դաշինք եւ 8 կուսակցութիւն: «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննիսեան), «Լոյս» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Արտակ Զէյնալեան), «Երեւանի Հանրութիւն» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Անահիտ Թարխանեան), Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը  (քաղաքապետի թեկնածու Նայիրա Զոհրապեան), «Իմ քայլը» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեան), «Հայկազունիներ» կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Գէորգ Յովսէփեան), «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Զարուհի Փոստանճեան), «Ժողովրդավարական ուղի» կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Մանուէլ Գասպարեան), «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Մհեր Շահգելդեան), ՀՅԴ կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Միքայէլ Մանուկեան), «Ռեֆորմիստներ» կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Արտակ Աւետեան), «Երեւանցիներ» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Արարատ Զուրապեան):

Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունի 848,343 քաղաքացի: