Կլորչիկ, կլոլակ, կոլոլակ, կոլոլիկ, կուլոլակ, կուլուլակ, կլուրիկ, կլուլիկ, կլոր, կլուր, կլէօր, կլտրիկ, գնդիկ, եւայլն…. կարելի է նաեւ երկարել շարքը բարբառային այս բառերու, որոնք կլոր՝ գնդաձեւ (գնդիկ) պատրաստուած կերակրատեսակներու անուանումներն են, մեր տարբեր գաւառաբարբառներով: Իրականութեան մէջ, այնքան տարածուած է եղած մանր կորկոտով կլորակներու պատրաստութիւնը. եւ՛ մսային եւ՛ առանց միսի շաղուած կլորակներ՝ տարբեր բանջարեղէններով կամ մթերքներով, առօրէական եւ տօնական օրերուն յատուկ, ապուրի կամ թացանի մէջ եփուած, ձէթով տապկուած կամ աղաջուրի մէջ խաշուած, տարբեր միջուկներով լցոնած, կամ ալ առանց միջուկի, պարզապէս գնդիկ պատրաստուած: Յատկապէս գնդիկներու առկայութիւնը բազմաթիւ ապուրներու մէջ այլազանութիւն կու տայ սովորական ճաշերուն. օրինակ՝ Ուրֆայի բորանիին մէջ, միսի, սիսեռի եւ շոմինի կողքին՝ մսով շաղուած մանր գնդիկներ կան: Մուսալերան թթջրիկին մէջ, ոսպի եւ բանջարի կողքին առանց մսի գնդիկներ կան: Ատանայի սխտորով կոլոլակը կը պատրաստեն կաղինի մեծութեամբ, վրան մատով փոսիկ կʼընեն, ապա այն շոգեխաշելէ յետոյ կը մատուցեն լոլիկ – սխտոր թացանի մէջ: Զէյթունի թթու կլէօրը մսային գնդիկներ են, եփուած աղտորի ջուրին մէջ:
Շատ տարածուած դասական կոլոլակը՝ միջուկով մսային կոլոլակն է. ըստ պատմական աղբիւրներու այն եղած է Կիլիկեան թագաւորութեան ամենաիւրայատուկ ճաշատեսակը, զորս կը մատուցուէր յարգարժան հիւրերուն: Ե՛ւ պատեանի խմորը ե՛ւ միջուկը կը պատրաստուի միսով: Հին ժամանակ (դեռեւս 40 – 50 տարի առաջ ալ) միսը ծեծած են փայտեայ յատուկ թակիչի օգնութեամբ, մարմարեայ քարի վրայ. իսկ միջուկի միսը՝ երկու դանակներու օգնութեամբ մանրած:
Միջուկով այլ կոլոլակներ են մուսալերեան գետնախնձորով կլուրը, ինչպես նաեւ աղցուց (աղուհացի) կլուրը՝ հատիկեղէնային լցոնով. պահքի շրջանի բազմաթիւ տեսակի կոլոլակները՝ բանջարի կամ սիսեռի միջուկով. Ուրֆայի յայտնի քըպեպեթը (եռանկիւնաձեւ)՝ մսային եւ հատիկային միջուկով. պատեանը մանր կորկոտով ու դդումով շաղուած, իսկ միջուկը՝ թահին, սիսեռ, բանջար խառնուրդով իւրայատուկ կոլոլակը. Միջինքի թոփիկը իր տարատեսակներով, եւայլն….: Կան նաեւ իւղային ճրագուի միջուկով, մեծ ու փոքր, կամ տափակ կոլոլակներ: Ճիպինցի Վարդուհի տատիկս Զատիկի յաջորդող օրերուն կը պատրաստէր հաւկիթով կոլոլակ, մէջը զատկուան խաշած հաւկիթը, վրան՝ աղացած միսը:
Երբ տանտիկնոջ աշխատանքը շատ է, սովորական միջուկով կոլոլակի փոխարէն կը պատրաստէ սինի կոլոլակ, նոյն բաղադրիչներով, պարզապէս փուռի ափսէին մէջ, տափակ, եփելէն առաջ յատուկ նախշերով կտրատելով: Մուսալերան խոհանոցին մէջ կայ նաեւ այս վերջինի փոքրիկ տարբերակը, ափի մեծութեամբ, զորս կը խորովեն ածուխի վրայ ցանցի օգնութեամբ:
Կան նաեւ կոլոլակներ, որոնք ափի մէջ պատրաստուելով, կը ստանան ափի ձեւը, բայց ժողովուրդը անոնց ալ տուած է կոլոլակ կամ կլորչիկ անուանումը. անշուշտ որոշ շրջաններ անոնք կը կոչուին բրդուճ (Մուսալեռ), ճանկիկ (Զէյթուն), սըխըմ (Ուրֆա, Խարբերդ), ևայլն….: Օրինակ՝ գետնախնձորով բրդուճ, ոսպով սըխըմ: Այնթապցիներու խոհանոցին մէջ կայ օրուխ անունով երկարաւուն կոլոլակը, իսկ Մարաշցիներուն մօտ հարսի մատները. առաջինը կը պատրաստուի կորկոտ – միս խառնուրդով, իսկ երկրորդը՝ բրինձ – միս շաղախելով:
Սուտ կոլոլակներու շարքին է Ապարանի թթուակոլոլը, այն կը պատրաստեն ոսպով, մանր կորկոտով եւ մանրուած կաղամբի թուրշիով: Նոյն ձեւի հետաքրքիր ճաշատեսակ մըն է Մալաթիայի աւանդական խոհանոցի սմբուկով կլորչիկը: Այս եղանակին, երբ բանջարներն առատ են կը պատրաստուի բանջարով կլորչիկը:
Բաղադրութիւնը
2 կապ շոմին (սպանախ) կամ բանջար
3 սոխ
ձէթ
մածուն -սխտոր
կլորչիկի համար՝
1 գաւաթ մանր կորկոտ
0.5 գաւաթ ալիւր
0.5 գաւաթ մանրաձաւար (սիմիտ)
կարմիր եւ սեւ պղպեղ
քիմիոն
սխտորի փոշի
Պատրաստութիւնը
1.- Կլորչիկի բաղադրիչները խառնել, շաղել ջուրով եւ վերածել գնդիկներու. ապա խաշել աղաջուրի մէջ, մինչեւ որ ջուրի երեսը բարձրանան:
2.- Սոխառածին վրայ աւելցընել մանրուած կանաչին եւ շոգեխաշել:
3.- Խառնել խաշած կլորչիկները