Գանատայի Օնթարիոյ Նահանգին Մէջ Նշուեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակը


ՀՄԸՄի Թորոնթոյի սկաուտներ

Ցոլեր Փանոսեան-Մկրտիչեան


Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան, բարձր հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց թեմին առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեանի, նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկ Արթօ եւ Ալիս Մարգարեաններու, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, 24 Նոյեմբեր 2018ին, Թորոնթոյի Համազգայինի թատերասրահին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակը:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ մուտքով ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտներուն, որոնք դրօշակներով բարձրացան բեմ ու տեղի ունեցաւ Դրօշակի պաշտօնական արարողութիւնը: Փողերախումբը հնչեցուց յաջորդաբար` Գանատայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները, որոնցմէ ետք ներկաները յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներու յիշատակը: Օրուան հանդիսավարներն էին Ցոլեր Մկրտիչեան եւ Արմէն Պայլոզեան: Բացման խօսքին մէջ նշուեցաւ, որ ՀՄԸՄը այն միութիւնն է, որ իր յարկին ներքեւ հաւաքուած հայ մանուկին ու երիտասարդին կը ճամբէ մարմնակրթական եւ հայեցի դաստիարակութիւն եւ մեծ է անոր դերը հայապահպանութեան գործին ներս:

Ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄի Գանատայի մասնաճիւղերուն կողմէ պատրաստուած տեսաերիզ մը, ուր ՀՄԸՄ Գանատայի  սկաուտներ, մարզիկներ ու անդամներ հաւաքաբար իրենց շնորհաւորական խօսքերը փոխանցեցին ՀՄԸՄի 100ամեակին առթիւ: Քանոնահար Մատիանա Թորոսեան ներկաներուն հրամցուց հայկական երաժշտական քանի մը կտորներ: Խումբ մը սկաուտներ` Անի Յովհաննէսեան, Լորա Տոնոյեան, Մարիա Գալուստեան, Միէլ Քնաճեան եւ Արամ Խաչիկեան, ասմունքեցին Յակոբ Նալպանտ-Տըլտըլեանի ՙՄեր Սրտերու ՀՄԸՄ՚ը:

Օրուան բանախօս, ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լիոնի Սարմազեան մեծ հպարտութեամբ ողջունեց ՀՄԸՄի 100ամեակը ու յայտնեց, որ վերջին քանի մը տարիներուն ականատես ըլլալով ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանի թիւի աճին ու աշխուժ գործունէութեան, պարտք կը զգայ Շրջանային վարչութեան անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են շրջանի վերելքին: Ան յայտնեց, որ ՙպահ մը կանգ առնելով ու ետ նայելով 100ամեայ, բայց ընդմիշտ երիտասարդ ՀՄԸՄի 100 տարիներու պատմութեան, կը գիտակցինք, որ այս միութիւնը հաստատ ու տոկուն կանգնած` իր ծննդեան օրէն մինչեւ օրս, նոյն թափով կը գործէ եւ որուն միջոցաւ կ՛ուրուագծուի անոր ապագայի պատկերը՚:

Ծառայութեան շքանշան ստացան բազմավաստակ ՀՄԸՄականներ` Թորոնթոյէն Միհրան Խաչերեան, Արթօ Խաչերեան, Վահագ Եղոյեան, Վաչէ Պոյաճեան, Արի Քէսքինեան, Սենթ Գէթրինզէն` Սարգիս Քէշիշեան, Գէմպրիճէն` Մանաս Ղազարեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Շրջանային վարչութենէն հասած Ծառայութեան շքանշան ստացաւ Վիգէն Գէորգեան` ձեռամբ ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամներուն: Թորոնթոյի սկաուտներու խմբակ մը ներկայացուց յատուկ Գաւազանի խաղ մը, ապա ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պատրաստուած 100ամեակի տեսաերիզը: Բեմ հրաւիրուեցաւ յատկապէս Հայաստանէն հրաւիրուած երգչուհի Կապի Կալոյեան, որ իր քաղցրահունչ ձայնով ներկայացուց երկու հայրենասիրական երգեր:

Օրուան պատգամաբերն էր ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան յայտնեց, որ ՀՄԸՄը գործած է բոլորին համար եւ բոլորին հետ, 68 տարի Հայրենիքէն դուրս, բայց միշտ Հայրենիքին հետ: Երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանին, որ իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած 100ամեակի ձեռնարկներուն: Ան աւելցուց ըսելով՝ ՙՉմոռնանք, որ մեր ժողովուրդը ՀՄԸՄին տուած է կամաւոր բանակի կոչում եւ պարտականութիւն: Այդ կոչումն ու պարտականութիւնը կը թելադրեն ըլլալ աւելի պատրաստ` դիմագրաւելու մեր ժողովուրդին ու Հայրենիքին սպառնացող բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները՚:

100ամեակին առթիւ, Արտակարգ շքանշան ստացան բազմավաստակ ու հաւատաւոր ՀՄԸՄականներ, Թորոնթոյի մասնաճիւղէն Վահան Չալիքեան եւ Գէմպրիճէն Սամսոն Քահքէճեան, իսկ Արժանեաց շքանշան` ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Արմէն Կէտիկեան:

Աւարտին հնչեց 100ամեակի օրհներգը եւ Հայր Վարդան Թաշճեան իր սրտի խօսքով եւ ՙՊահպանիչ՚ով փակեց հանդիսութիւնը:

Պաշտօնական յայտագիրէն ետք, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ պարահանդէս, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս, ուր մթնոլորտը ճոխացուց երգչուհի Կապի Կալոյեան:  

ՀՄԸՄի 100ամեակին Նուիրուած Քէպէքի Պաշտօնական Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, 25 Նոյեմբեր 2018ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ միութեան հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւնը`  Ս․ Յակոբ Ազգ․ վարժարանի ՙՀաճէթեան՚ մարզարանին մէջ: 

Ներկայ էին՝ Գանատայի առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան, Սուրէն Արք․ Գաթարոյեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՄԸՄի 100ամեակի Գանատայի շրջանի ձեռնարկներուն նախագահ  Տէր եւ Տիկ․ Արթօ եւ Ալիս Մարգարեաններ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մոսիկ Թօփուզեան, Շրջանային  վարչութեան անդամներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄական քոյրեր, եղբայրներ  եւ համակիրներ:

Բացումը սկսաւ ՀՄԸՄ-Կամք եւ Լաւալ մասնաճիւղերու սկաուտներուն տողանցքով: Մարիա Հապիպ իր գեղեցիկ ձայնով մեներգեց Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա սկաուտներն ու բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին ՀՄԸՄի քայլերգը: Շատ խորհուրդաւոր եւ զգացական պահ մըն էր՝ տեսնել ներկաներուն միասնակութիւնը:

Օրուան հանդիսավարներ Ասատուր Արամեան եւ Թալին Ապրաքեան բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ խնդրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել միութենէն առ յաւէտ բաժնուած քոյրերուն եւ եղբայրներուն յիշատակը:

Ցուցադրուեցաւ սոյն առթիւ շրջանիս պատրաստած տեսաերիզը, ուրկէ Գանատայի բոլոր մասնաճիւղերէն սկաուտներ եւ մարզիկներ սրտի ջերմ մաղթանքներ եւ շնորհաւորական խօսքեր ըսին ներկաներուն:

Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լիոնի Սարմազեան ներկայացուց շրջանիս մէջ տարուած աշխատանքներն եւ անոր կողքին  արձանագրուած յաջողութիւնները եւ բարի երթ մաղթեց բոլոր ՀՄԸՄականներուն: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր եւ Տիկ․ Արթօ եւ Ալիս Մարգարեաններուն, որոնք ստանձնած էին Գանատայի 100ամեակի ձեռնարկներու նախագահութիւնը, եւ շեշտեց, թէ նուիրուածութեամբ գործող ազգայիններով կը զօրանայ մեր միութիւնը եւ հայրենիքը: Եղբ. Մկրտիչեան փոխանցեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պատրաստուած յուշանուէրը Տէր եւ Տիկ. Մարգարեաններուն:

 ՙՊանծալի՚ նուագախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Լուսին Ժամկոչեանի, ներկայացուց շարք մը ազգային եւ յեղափոխական երգեր, որոնք բարձր գնահատանք ստացան ներկաներէն:

Ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան պատրաստած տեսաերիզը, որ կը ներկայացնէր միութեանս մէկ դարեայ պատմութիւնը՝ իրագործուած յաղթանակներով, ինչպէս նաեւ դժուարութիւններով, միշտ պատնէշի վրայ պահելով հայ պատանին ու երիտասարդը: ՀՄԸՄը կը պատրաստէ ֆիզիքապէս տոկուն, իմացական եւ հոգեկան բարձր արժանիքներու տէր հայեր եւ տիպար քաղաքացիներ, կը սորվեցնէ ըլլալ չարքաշ եւ արի, ազգասէր եւ հայրենասէր, օրինապահ եւ կարգապահ, կ՛արթնցնէ համագործակցութեան, ծառայասիրութեան, ընկերասիրութեան եւ վեհանձնութեան ոգին, կը զարգացնէ անոնց մէջ պարտականութեան, պատասխանատուութեան ու պատուի զգացումները:

Շրջանային վարչութինը 100ամեակին առթիւ պարգեւատրեց վաստակաւոր եւ ազգասէր ՀՄԸՄական քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնք տարիներ գործեցին բոլորին հետ, բոլորին համար բարձրացան ու բարձրացուցին, իրենց ջանքերով դարձան միութեանս հաւատարիմ նուիրեալները: Ծառայութեան շքանշանով պարգեւատրուեցան՝ Էլիզ Պօղոսեան, Թինա Ղազէլեան, Արշօ Դերձակեան, Հուրի Լիպարեան, Արթօ Պասմաճեան, Գէորգ Պիլէմճեան, Զաւէն Արթինեան, Գօգօ Օհաննէսեան, Վաչէ Ակոբեան եւ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կողմէ նշանակուած Սեպուհ Գապաքեան:

Օրուան պատգամաբեր Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհաւորեց քոյրերն ու եղբայրները եւ գնահատեց անոնց գործունէութիւնը շրջանէն ներս եւ թէ ընդհանրապէս՝ խրախուսելով բոլորը նոյն թափով շարունակելու այս սուրբ աշխատանքը:

Եղբ. Մկրտիչեանի եւ Մոսիկ Թօփուզեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ տուչութիւնը Արժանեաց շքանշանի, զոր ստացան Սեդրակ Պուրսալեան, Լեւոն Պէնկեան եւ Գէորգ Մանկէլեան (յետ մահու), Արտակարգ շքանշանով պարգեւատրուեցան` Տիրան Շահինեան, Գրիգոր Գույումճեան  եւ Բաբգէն Կարապետեան:

Առաջնորդ Բաբգէն Արք․ Չարեան ողջունեց բոլորը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի այսքան պատկառելի միութեան մը 100ամեայ հանդիսութեան եւ շեշտեց, որ այօրուան հաւաքը ՀՄԸՄի դրօշին ներքոյ կը պարտինք այս միութեան հիմնադիր եղբայրներուն, որոնք մարգարէութիւնը ունեցած էին կռահելու, թէ փոքր երեխաները ապագային զօրաւոր եւ տոկուն նկարագիր կերտելու համար հոգեւոր եւ ֆիզիքական սնունդ տուող միութեան մը կարիքը պիտի ունենային: Ան ոյժ, կորով ու բարի երթ մաղթեց բոլորին ու ՙՊահպանիչ՚ով աւարտեց իր խօսքը:

ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած քայլերգէն ետք սրահ մուտք գործեցին ապագայ սերունդի մեր փոքրիկները` ձեռքերնին բարձրացուցած եռագոյն փուչիկներ:

Հանդիսութեան յաջորդած խրախճանքը վարեցին Վարդգէս Քիւփէլեան եւ Ռաֆֆի  Դաւիթեան: Այս առթիւ Լոս Անճըլըսէն հրաւիրուած երգիչ Քրիստափոր Արապեան հայրենասիրական  եւ ազգային երգերով ճոխուց մթնոլորտը, խանդավառեց ներկաներն ու սկաուտները: Ուրախութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր, ներկաները վայելելով այդ գեղեցիկ պահերը իրենց հետ տուն տարին իւրաքանչիւր սեղանի վրայ զետեղուած միութեան գործունէութեան զանազան առիթներու պատկերները, որպէսզի անգամ մը եւս մտաբերեն եւ վերակենդանացնեն բոլորիս ապրած քաղցր յուշերը այս հարազատ միութենէն ներս:

ՀՄԸՄ մեզի համար Հայաստան է: Աշխարհի գաղթական հայութիւնը արթուն պահող ուժն է․ Հայ ժողովուրդը շատ բան կը պարտի անոր հրաթեւ բանակին:

 

Օթթաուայի Մէջ ՀՄԸՄի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀՀ Դեսպանատուն Եւ Գանատայի Խորհրդարան` Նշելու Միութեան 100ամեակը

Շողիկ Ազարիկեան


ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Գանատայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 26 Նոյեմբեր 2018ին, ՀՄԸՄի պատուիրակութիւն մը այցելեց Օթթաուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, որուն կ՛ընկերակցէին Ազգային վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՄԸՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լիոնի Սարմազեան եւ վարչութեան անդամները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժիրայր Զաքարեան: Հիւպատոսին հիւրընկալութեամբ պաշտօնական խօսքերու փոխանցումէն ետք եղբայր Մկրտիչեան ՀՄԸՄին կողմէ յուշանուէր մը փոխանցեց հիւպատոս Արա Մկրտչեանին:

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, Օթթաուայի Խորհրդարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուծ պաշտօնական ընդունելութիւն մը` ներկայութեամբ խորհրդարանի անդամներ Bryan Mayի, Harold Albrechtի, Geng Tanի, Bob Saroyaի, Faycal El-Khouryի, Ramesh Sanghaի, Frank Baylisի, Jean Yipի օգնականին, վերոնշեալ պատուիրակութեան, ՀՄԸՄի Գանատայի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, Օթթաուայի մէջ գործող քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրեալներու:

Բացումը կատարեց Շրջաային վարչութեան նախկին անդամ Ժանօ Սարխանեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք հրաւիրեց Տանի Մարկորեանը` փոխանցելու Շրջանային վարչութեան խօսքը: Ցուցադրուեցաւ այս առթիւ պատրաստուած տեսերիզ մը:

Այնուհետեւ ՙՊանծալի՚ նուագախումբը հանդէս եկաւ յեղափոխական երգերու երաժշտութեամբ: Գառնիկ Մկրտիչեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց Գանատայի շրջանին մէջ տարուած աշխատանքներուն եւ քաջալերեց, որ այս թափով շարունակուի երթը` հայ պատանիին ու երիտասարդին տալու հոգեմտաւոր սնունդ եւ ֆիզիքական առողջ դաստիարակութիւն:

Ընդունելութեան ընթացքին խօսք առին երեսփոխանները, Հայաստան-Գանատա Խորհդարանական բարեկամութեան խումբի ատենապետը, որ նաեւ ընթերցեց Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի խօսքը: Հայաստան-Գանատա Խորհդարանական բարեկամութեան խումբին փոխնախագահը, ՀՀ դեսպանատան խորհրդականը իրենց հերթին դրուատեցին ՀՄԸՄը եւ քաջալերական խօսքերով հանդէս եկան:

ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան անդամները, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի հետ՝ Դեսպանատուն այցելութեան ընթացքին:

ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Սարգիսեան, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Լիոնի Սարմազեան՝ հովանաւոր զոյգին՝ Արթօ եւ Ալիս Մարգարեաններու հետ: