Դիմաւորել 100ամեակը.- Յառաջադէմ Ազգի Գիտակցութիւն Եւ Հպարտութիւն


Յ. Պալեան


Տօներու բարձրախօսային աղմուկին մէջ, արդարօրէն կը խօսուի իրենց ժամանակը դրոշմած ծանօթ անուններու մասին: Բայց կարգախօսային աղմուկը յաճախ կը մոռցնէ դէպքեր, նուաճումներ, որոշումներ եւ դէմքեր, որոնք այսօր ալ կրնան հպարտութիւն պատճառել մեր ժողովուրդին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Միայն հեռաւոր անց-եալին չի վերաբերիր խօսքը, այլ նաեւ մեզի համեմատաբար մօտ օրերու:

Հակառակ իր սեղմուած եւ հիւծած վիճակին, 14.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան սահմաններէն ներս, անդրանիկ հանդիսացաւ յառաջադէմ եւ արդիական: Մեր ժողովուրդը վհատելու բազմաթիւ պատճառներ ունեցած է եւ ունի, զորս տեւաբար կը կրկնենք այնքան, որ հայը կ’ունենայ հոգեկան ընկճուածութիւն: Այսպէս, եթէ տեւաբար խօսուի, որ դարեր շարունակ հալածուած ենք, ջարդուած, տեղահանուած, ցեղասպանութեան ենթարկուաւծ, օտարացած եւ ձուլուած, զանգուածը եւ մանաւանդ նորահաս սերունդը կը մատնուին յուսալքման:

Ինչո՞ւ չենք խօսիր այն մասին, որ մենք ունեցած ենք ԺԲ դարուն ունեցած մեծ բժիշկ Մխիթար Հերացին, որ գրած բժշկական գիրք՝ Ջերմանց Մխիթարութիւն անունով: Իր անունով  կը կոչուի Երեւանի բժշկական համալսարանը:

Մեզի աւելի մօտ, ունեցած ենք մեծ աստղագէտ Վիկտոր Համբարձումեանը (1908-1996), հիմնադիրը մեր փոքրիկ երկրի մեծ աստղադիտարանին: Հպարտութիւն. մեր փոքրիկ ժողովուրդին գիտնականը, դուրս գալով Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան սահմաններէն,  եղած  է Միջազգային Աստղագիտութեան միութեան փոխնախագահ (1948-1955), ապա նախագահ  (1968-1972): Փակագիծ մը բանանք: Միջազգային հռչակի տիրացած կամ այդ ձգտումը ունեցող հայեր եւ ծագումով հայեր, թող իմանան թէ ինչպէ՞ս մեծութիւնը ուրացման չէ տարած մեծ գիտնականը: Ան ըսած է, Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարի ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ լինի հայերէն, անկախ նրանից ինչպիսի տոկոս է կազմում նրա մեջ հայկական արիւնը։ Ինքնութիւն պահել լեզուով եւ օտարախօսութիւնը յառաջդի-մութիւն չհամարել: Այս մեծ մարդուն մէջ վառ մնացած է ազգին հանդէպ պարտքի գիտակցութիւնը: Արցախեան շարժման օրերուն, 9 Սեպտեմբեր 1990ին, ինք ալ Զորի Բալայեանի հետ հացադուլ յայտարարած էր, երբ Միխայիլ Կորպաչեւ լուծած էր Ղարաբաղի օրինական իշխանութիւնը: Երկու օր ետք, երբ Կորպաչեւ շնորհաւորած է իր ծննդեան տարեդարձը, եւ խնդրած՝ որ դադրեցնէ հացադուլը: Հայ գիտնականը նամակաբերին ըսած է. Խնդրում եմ Միխայիլ Սերգեւիչին փոխանցել, որ եթէ ինքը խնդրում է դադարեցնել քաղաքական ձեռնարկումը, ապա կարող էր նշել նաեւ հացադուլ յայտարարած իմ ընկերների անունները: Թէ չէ, մի տեսակ լաւ չի ստացւում: Նրան նաեւ փոխանցէք, որ մենք կը գնանք մինչեւ վերջ եւ որ անձամբ ես երբեք չէի դիմի նման ծայրայեղ միջոցի, եթէ վստահ չլինէի իմ իրաւացիութեանը: Փառքը չէր փոքրացուցած  հայը:

Հարիւրամեակ է: Առաջին անկախ Հանրապետութիւնը կարճատեւ եղաւ: Բայց այդ երկուքուկէս տարիներուն, աշխարհին ցոյց տուինք, որ մենք յառաջադէմ, արդիական եւ արդար ըլլալու ատակ ժողովուրդ էինք: Երբ Եւրոպայի յառաջադէմ երկիրներէն շատեր իրենց կիներու քուէարկելու իրաւունք չէին տուած եւ անոնք իրենց խորհրդարաններուն մէջ ընտրուած կին երեսփոխաններ չունէին, Ֆրանսան այդ իրաւունքը կիներուն տուաւ միայն 1945ին, Հայաստանի անդրանիկ ընտրուած խորհրդարանը ունեցած է երեք կին երեսփո-խաններ:

Յիշենք անունները. բժշկուհի Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան, Ժընեւ ուսանած Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղան, Վարվառա Սահակեան: Երեքն ալ մասնակից եղած են ոչ միայն խորհրդարանա-կան աշխատանքին, այլ նաեւ մասնակից առողջապահութեան, որբերու, նպաստամատոյցի, համաճարակներու դէմ պայքարի եւ կրթու-թեան աշխատանքներուն: Խորհրդայնացումէն ետք, Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան, Արամ Մանուկեանի այրին, իր մանուկ դստեր Սե-դային հետ մնացած է Հայաստան, Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան իր զաւակին հետ յաջողած է դուրս գալ երկրէն եւ հուսկ հաս-տատուիլ Փարիզ, ուր նուիրուած է գրականութեան եւ աշխատած է Նանսէնեան գրասենեակին մէջ, իսկ Վարվառա Սահակեան, Հայաստանի խորհրդարանի առաջին նախագահ Աւետիք Սահակեանի (հայր Աբրահամի կինը), յաջողած էր ամուսինին հետ հասնիլ Պէյրութ, ուր ծաւալած էր բարեսիրական գործունէութիւն, Հայ Օգնութեան Խաչի շրջանակին մէջ:

Հայաստան ունեցած է աշխարհի առաջին կին դեսպանը Տիանա Աբգարը: Որքան լաւ պիտի ըլլար, որ այս չորս կիներու մասին յա-ճախ խօսուէր, անոնց կեանքի մանրամասնութիւնները դառնային սեփականութիւնը նորահաս սերունդին, որպէսզի հայուհիները գիտնա-յին, որ իրենք ալ հայ կեանքին մասնակցելու իրաւունք եւ պարտականութիւն ունին, այսօր թերեւս աւելի քան երբեք, քանի որ իրենք ալ նուաճած են գիտութիւն, ուսման բարձր մակարդակ: Երբ աշխարհի մէջ այսօր կանանց իրաւունքերուն եւ հաւասարութեան համար պայ-քար կը մղուի, հայուհիներ մասնակից են եղած են հայ կեանքին, ոչ միայն բարեսիրական աշխատանքներու համար: Այսինքն հայը ոչ ոքէ ետ չէ մնացած ինչ կը վերաբերի  ընկերային հաւասարութեան եւ արդարութեան: Այս ծանօթացումը ուրիշներէ ետ մնացած չըլլալու հպարտութիւն կը ներշնչէ եւ թափ կու տայ կազմակերպական եւ յանձնառու աշխատանքի մասնակցութեան:

Ըսել նաեւ, որ այս կիները ունէին շնորհ եւ գիտութիւն, եւ զանոնք ծառայեցուցին իրենց ժողովուրդին, հռչակի հասնելու համար ուրիշներու դրան առջեւ չկանգնեցան:

Այս հպանցիկ նշումները կարելի է ընդլայնել, կրկնել ի հարկին, որպէսզի հայը, ուր ալ գտնուի, գիտնայ, որ ինք կրնայ տեւել, ոչ թէ վե-րացականութեամբ, այլ իր պատմութիւնը շարունակելով:

Մխիթար Հերացի կամ Վիկտոր Համբարձումեան, Կատարինէ Մանուկեան, Պերճուհի Բարսեղեան, Վարվառա Սահակեան եւ Տիանա Աբգար օրինակներ են, օրինակելի են նոյնքան որքան է Աղբիւր Սերոբի կին առասպելական Սօսէ Մայրիկը կամ մեր օրերու Արցախի ազատագրական կռիւներուն մասնակցած ազատամարտիկ կիները:

Յառաջադէմ ազգի գիտակցութիւնը կար առաջին հանրապե-տութեան օրերուն եւ ան շարունակուած է: Հարիւրամեակի տօնախմբութիւնները, գիտաժողովները, ձայնասփիւռային եւ հեռատեսիլային հաղորդումները, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, որոնց կուրծք տուած ենք եւ դեռ կու տանք, պէտք է վեր առնեն այն հպարտութիւնը՝ որ կրաւորականութիւնը պարտութիւն է, անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ:

100 տարի ետք կրկին հնչած է հայրենատիրութեան ժամը, որ փոխանորդներով չի կրնար տեղի ունենալ: Պատնէշի վրայ գտնուելու հպարտութիւնը հարկ է վերագտնել եւ փոխանցել: Այլապէս ամեակ եւ ամեակներ կը ծառայեն երգիչներով, պարողներով  եւ բարձրախօսնե-րով զուարճացնելու ձանձրացողներ եւ զբօսաշրջիկներ:

Այսինքն վերականգնած հպարտութեամբ պէտք է պատասխա-նել ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման, առանց ընդարմացած մնալու հայրենիքի հանդէպ պղատոնական սիրով կամ խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութեամբ:

Հարիւրամեակի հունով եկած պատասխանը պարզ եղած է եւ է. առանց Հայաստանի հայութիւն պիտի չըլլայ, առանց հայու Հայաստանը աշխարհագրական անուանում մը կ’ըլլայ: