Թումանեանի Փայլն ու Փառքը


«Վերնատան» գրողները, նստած աջէն՝ Յովհաննէս Թումանեան, Ղազարոս Աղայեան, Աւետիք Իսահակեան։ Կանգնած աջէն՝ Դերենիկ Դեմիրճեան, Լեւոն Շանթ

Սեդա Գանտահարեան

Բանաստեղծը ծնած է 1869-ի Փետրուար 19-ին, Լոռիի Դսէղ գիւղին մէջ:

Լոռին, ինչպէս հին հայերը կ՛անուանէին Գուգարաց աշխարհ, Աւետիք Իսահակեան կը համարէր հոմերական երկիր, հեքիաթի, առասպելի մէկ վիպաշխարհ, որուն ամէն մէկ անկիւնը աւանդավէպ է, ամէն մէկ քարը կը խօսի հերոսական անցեալին մասին:

Լոռիի մէջ անցած է գրողին մանկութիւնը եւ այդ «հոմերական աշխարհ»ը անջնջելի կնիք դրած է անոր բովանդակ ստեղծագործութեան վրայ:

Թումանեան Լոռիի մէջ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը, այնուհետեւ յաճախած Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը, որ անաւարտ թողած է՝ իր հետագայ կրթութիւնն ու զարգացումը վերապահելով իրեն, իր ջանքին ու ճաշակին, իր նախասիրութիւններուն:

Թումանեանի հետագայ կեանքը սկսած 1883-էն, անցած է Անդրկովկասի վարչական ու մշակութային կեդրոն Թիֆլիսի մէջ, որ նաեւ արեւելահայ մշակոյթի կեդոնն էր մինչեւ յեղափոխութիւնը:

«Վերնատուն»

Պատմական ճակատագիրով հայ գրողը անցեալին մէջ յաճախ կը ստեղծագործէր մէկուսացած իր գրչակիցներէն, անհաղորդ անոնց կեանքին ու մտքին: Անցեալի աննպաստ պայմաններուն մէջ, գրողը միայն երազած է գրական աշխատանքի համագործակցութեան մասին:

«Դժբախտաբար մեր գրողներուն մէջ կապ ու յարաբերութիւն չկայ,- գրած է Թումանեան 1899ին Ա. Ծատուրեանին,- «այն ինչ մենք ունենք ընդհանուր ցաւեր ու շահեր, որ կարեւոր կը դարձնեն այդ յարաբերութիւնը, մենք զգացմունքներ ու մտածումներ ունենք, որ միայն իրար կարող ենք յայտնել ու խօսել: Թիֆլիսում գտնուողներս յաճախ մտածել ենք այդ մասին, եւ մինչեւ անգամ, անցեալ տարի մի տասը ժողով արինք: Մօտիկ ապագայում, հարկաւ գլուխ կգայ»:

Գրողներու միջեւ նման կապեր ստեղծելու միտքը Թումանեանին զբաղեցուցած է երկար ժամանակ, եւ ոչ միայն Թումանեանին: Եւ ան յաճախ ջանքեր կը գործադրէր, նիւթական միջոցներ կը ներդնէր, որպէսզի իր տունը հաւաքուին Թիֆլիսի գրողները, հանդիպին իրարու, ժամանակ անցնեն: Ան շատ մարդամօտ ու հիւրասէր էր: Ինչպէս կը յիշեն ժամանակակիցներ, օրուան որ ժամուն ալ երթայիր անոր քով, պատրաստակամ ձեռքի գործը կը ձգէր, ժպիտը դէմքին կը նստէր զրոյցի, իսկ յետոյ կը բացուէր ճոխ հիւրասեղանը, որուն շուրջ կատակն ու զրոյցը կը շարունակուէին մինջեւ ուշ գիշեր եւ այդպէս գրեթէ ամէն օր… Թումանեանի տան մէջ «Հայոց գրականութիւնը կը գտնէր հարազատ անկիւն մը,-  կը յիշէ Լեւոն Շանթ, – տաքուկ ու փայփայուած ընկերական անուշ վերաբերմունքով, եղբայրական սրտացաւութեամբ»:

Արդէն 1899-էն սկսած յաճախակի կը դառնան այդ հաւաքոյթները, եւ գրական ձգտումներու մօտիկութիւնը առաջ կը բերէ գրական «տեսակցութիւններու ձեւ մը գտնելու ցանկութիւն»:

Գրական խմբակը ստեղծելու միտքը ծնաւ: Այդ կազմակերպութեան մէջ էին քանի մը նշանաւոր գրողներ, որոնց մէջ էր Ղազարոս Աղաեանը, որուն նահապետ կ՛ըսէին եւ կը յարգէին բոլորը, ուշադրութեամբ կը լսէին անոր բոլոր կարծիքները: Կազմակերպութեան ոգին ի հարկէ Թումանեանն էր: Ա. Իսահակեան կը կազմէր այդ գրական խումբին ոսկէ ֆոնտը, իսկ Դերենիկ Դեմիրճեան, ինչպէս ինք կ՛ըսէ “դեռ ձայն էր պահում, իբրեւ ամէնից կրտսերը”: Այդ հաւաքոյթներուն եռանդուն մասնակիցը՝ Լեւոն Շանթ, ինչպէս կը յիշուի Թումանեանի նամակներուն մէջ, թէեւ յաճախ ուղեւորութիւններու մէջ էր, սական իր ներկայութեամբ միշտ առանձին փայլ կու տար հաւաքոյթներուն: Որպէս հիւրեր կը մասնակցէին նաեւ Թիֆլիս ապրող հայ գրողները եւ արուեստագէտները, որոնց շարքին Պ․Պռոշեան, Վ.Փափազեան, Նար-Դոս, Մուրացան, Յ․ Յակոբեան, Գ. Բաշինջաղեան, Փ․ Թերլէմէզեան եւ ուրիշներ:

Գրական այս կազմակերպութիւնը ունէր իր անունը՝ «Վերնատուն»:

Այդ անունը որոշելու ժամանակ Թումանեան յիշեց ֆրանսական գրողներու՝ Գոնկուր եղբայրներու կազմակերպած հաւաքները, որոնց կը մասնակցէին Է. Ջոլան, Ա. Դոդէն եւ ուրիշներ: Եւ ահա Գոնկուրներու օրինակով մասնակիցները «Վերնատուն» կոչեցին իրենց խմբակը: Այդ անունը յարմար է, որովհետեւ Թումանեան կ՛ապրէր Բէհբուրդեան փողոցին վրայ գտնուող շէնքի մը 5րդ յարկը, ունէր կահաւորուած բնակարան, որուն պատշգամը լայն եւ յարմարաւէտ սենեակ մը դարձած էր գրական հաւաքներու համար:

«Տեղի բարձրութեան պատճառով, – կը յիշէ Դ. Դեմիրճեան, – նաեւ Քրիստոսի աշակերտներու վերնատունը հաւաքուելու եւ Ս. Հոգուց շնորհք ստանալու կատակով՝ այս նմանութիւնը մէջբերելով՝ կազմակերպութիւնը կոչեցինք «Վերնատուն»:

Այնուհետեւ այդ շրջանակի շուրջ խմբուած գրողները՝ կոչուեցան «Վերնատան գրողներ»: «Վերնատունը» ձեւաւորուեցաւ 1899ին, գործեց ընդամէնը 7-8 տարի՝ մինչեւ 1906-1907, ու անդամներու բացակայութեան պատճառով խումբը ցրուեցաւ: «Վերնատան» պարապմունքները անշուշտ կը հետաքրքրէին դասական գրողները՝ անոնց երկերուն ծանօթանալու նպատակով: Լեւոն Շանթը, օրինակ, զայն համարած է ուսումնասիրութեան կազմակերպութիւն մը, որուն մէջ մտնողները ինքնուս գրողներ էին եւ ցանկութիւն ունէին իւրացնել դասականներու փորձը, սորվիլ անոնցմէ, հարստացնել իրենց գիտելիքները եւ զարգացնել ճաշակը:

Կարգ մը պարապմունքներ ալ այս ձեւով նուիրած են յունական գրականութեան՝ Էսքիլէսին, Սօֆօկլէսին, Էվրիպիդէսին, ապա՝ նոր ժամանակներու գրողներ՝ Շէքսփիրին, Գէոթէին, Պայրընին, Հայնէին, Պուշկինին, Լերմոնտովին: «Խօսում էինք հայ, ռուս, եւ օտար գրական նորութիւնների մասին, հաղորդում իրար մեր տպաւորութիւնները», կը յիշէ Իսահակեան:

Գրական շատ թեմաներ նուիրեցին Սայաթ-Նովային, ընդհանուր հիացմունքի եւ պաշտամունքի առարկայ դարձաւ ան:

«Վերնատունը» աճեցուց խոր հետաքրքրութիւն դէպի ժողովրդական դիւցազնավէպը՝ «Սասունցի Դաւիթը», սէրթիկան ժողովրդական բանահիւսութիւնը, որոնց մշակումով յետոյ զբաղեցան Թումանեանն ու Իսահակեանը։ ««Վերնատունը» դասական գրականութեան ուսումնասիրութեան դպրոց էր, «կլասիկների (դասականներով) ոգեւորուած, – կը յիշէ Դէմիրճեան, անոնց անունները կատակով փոխ առած՝ Թումանեանը՝ Շէքսպիր, Իսահակեանը՝ Հայնէ, Ես՝ Բայրոն… հետագայում իմացանք եւ լաւ զգացինք, որ որքան դժուարին է եղել կլասիկների ճանապարհը, որով անցել են նրանք»:

Կրնանք չտարակուսիլ, որ այդ պարապմունքներու ընթացքին սաղմաւորուած են Թումանեանի, Իսահակեանի, Դեմիրճեանի, Շանթի եւ միւսներուն կարեւորագոյն միտքերը:

Իսահակեան այդպէս կը յիշէ Թումանեանի քանի մը միտքերը «Վերնատուն»ի զրոյցներէն. «Ի զուր ջանք է անտաղանդ մարդկանց օգնել՝ գրող դառնալու համար: Իր եղջիւրները պախրան (եղնիկը) ինքը պիտի շինէ: Ոչ մի քննադատ չի կարող իմ լաւ ոտանաւորը վատացնել եւ վատ ոտանաւորը՝ լաւացնել: Բանաստեղծութիւնը չի գրուի հանգով ու վանկով այլ՝ սրտով ու զգացմունքով: Գրականութիւնը հայրենիք չունի, բայց իւրաքանչիւր հայրենիք իր գրականութիւնն ունի»:

«Վերնատան» ունեցած դերը լաւ գիտակցեցան ամէնէն առաջ իրենք՝ «Վերնատան» գրողները եւ իրենց հոգիին մէջ պահեցին այդ օրերու անկրկնելի տպաւորութիւնները: Տարիներ ետք գրած է Շանթը. «Սիրով ու կարօտով կը յիշեմ իմ գրական ընկերներու հետ անցուցած տաք իրիկունները»: «Վերնատան» պարապմունքները յաճախ կ՛ընդմիջուէր հիւրասէր տան տիրոջ առատ ճաշասեղանով, որուն շուրջ խմբուածները կը շարունակէին իրենց զրոյցը, քէֆ կ՛ընէին, կը կատակէին, ապա խումբի նահապէտ Ղ. Աղայեանը կ՛երգէր իր սիրած «Քյոռ օղլին» ասպետական երգերը՝ անսահման հիացմունք պատճառելով բոլորին:

«Վերնատան» գործունէութիւնը անցաւ բանաւոր, մնաց միայն անոր մասնակիցներու յիշողութիւններուն մէջ: Եւ հակառակ այդ գործունէութիւնը տակաւին կարօտ է աւելի հանգամանալից ուսումնասիրութեան, սակայն անտարակոյս, որ Թումանեանի գլխաւորած «Վերնատունը» խթանեց գրողներուն, առաջ մղեց գրական միտքը, ընգծեց ժողովուրդի կեանքին մէջ գրականութեան դերն ու նշանակութիւնը:

Ժամանակակիցները զարմանքով կը խօսին անոր մարդկային շքեղ, մեծահարուստ խառնուծքին մասին: Զուր չէ, որ Չարենց Թումանեանին նուիրուած է այսպիսի տողեր.

Ես կարդում եմ նրան ու ասում. –

Այս հմուտ, հանճարեղ Լոռեցին

Հոմերի, Գէոթէի հետ մի օր հաւասար՝

Նստել է քէֆի,

Եւ թաս է բռնել նրանց հետ,

Մեծարանք տուել ու առել՝

Իրար հետ խնճոյք նստելիս:

Երբ կ՛ըսենք Յովհաննէս Թումանեան, մեր աչքին առջեւ կը պատկերացնենք մէկ ամբողջ աշխարհ, որ կը շարժի, կը շնչէ. Մեր ականջին կը հասնի այդ աշխարհի ժխորը՝ հիացմունքի ու հիասթափութեան ձայներով, ծիծաղներով, վիշտերով, հրճուանքի կանչերով, ողբերգական աղաղակներով:

Եւ այդ աշխարհը այսօր ալ մեզի հետ է, անոր երկերու բովանդակութեամբ, կենսահաստատ ոգիով, կեանքի լիաբուռն զգացողութեամբ, մարդկային ու ազգային արժանապատւութեամբ:

Վաղ հեռացաւ Թումանեանը կեանքէն:

Մեր սերունդը զայն կը ճանչնայ յայտնի լուսանկարներէ: Մինչդէռ ան կ՛ապրի սերունդներու կեանքին մէջ եւ այնքան մտած է այդ կեանքի մէջ, որ անոր ֆիզիկական բացակայութիւնը կարծես չի զգացուիր: Թումանեան մեզ կ՛ուղեկցի մեր ողջ կեանքին մէջ 4-5 տարեկանէն սկսած: Կա՞յ արդեօք հայ մանկիկ մը, որ այդ տարիքին չ՛արտասաներ «Փիսիկի գանգատը» կամ լսած չըլլայ «Պոշատ աղուէսը»: Յետոյ մենք կը մեծնանք եւ Թումանեանը մեզի հետ է, կը ծերանանք, կ՛երթանք աշխարհէն՝ շշնջալով անոր իմաստուն, սփոփիչ քառեակները:

Թումանեան կ՛ապրի առանց բանասէրներու յատուկ ջանքերուն: Զայն կը պահէ ժողովուրդը եւ քանի դեռ կայ ժողովուրդը, Թումանեան կը մնայ անոր մեծ բանաստեղծը: Թումանեանի այդ անմահ ոգին կը շնչէ անոր մեծ, որ ամբողջովին կը պատկանի նոր սերունդներուն:

Ո՞րն է այդ ստեղծագործութիւններուն հմայքը, ուժը, էութիւնը, որ ստեղծման օրէն աստին լոյսի պէս կու գայ, կը հասնի մեզի եւ պիտի երթայ մէզմէ ետք:

Այդ է Թումանեանի փայլն ու փառքը: Թումանեան իր ստեղծագործութեամբ եւ մարդկային կերպարանքով կը բարձրանայ այդ ժամանակուան բոլոր գրողներէն վեր, ինչպէս Արարատի գագաթը հայկական լեռնապարի շղթային մէջ: Եւ ճիշդ բնորոշած է զայն իր մեծ յաջորդը՝ Եղիշէ Չարենցը.

Կայ Մեծարենց, կայ Տէրեան եւ բազում ուրիշ պոէտներ կան.

Բայց Թումանեանն է անհաս Արարատը մեր նոր քերթութեան, իր ստեղծագործութեան այս փայլ ու փառքով այսօր Թումանեանը կը ներկայանայ մեզի, եւ մենք ամբողջովին կը վերցնենք այդ ստեղծագործութիւնները մեր մշակոյթի գանձարանը ՝իբրեւ անոր ժառանգորդներ եւ մեր անցեալի հարուստ մշակոյթի լիիրաւ տէրեր: