Համազգայինի «ՆՈՒՌ» Ֆիլմի 14-րդ Փառատօնը Ցուցադրեց Հայ Ֆիլմարուեստի Լաւագոյնը


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Համազգայինի «ՆՈՒՌ» Ֆիլմի 14-րդ տարեկան փառատօնի նռնենին արդէն շատոնց ծաղկած էր։ Հայ արուեստագէտներու, ականաւոր բեմադրիչներու, յայտնի դերասաններու, շարժապատկերի արտադրողներու եւ նկարահանման արուեստին մէջ իրենց առաջին քայլերը նետող երիտասարդներու ստեղծագործական արգասիքը հանդիսացող յիսուն արեւահամ նուռերը՝ Փառատօնի ժրաջան յանձնախումբը հինգ օրեր շարունակ (13-17 Նոյեմբեր 2019), մէկ-մէկ հրամցուց թորոնթոհայ հանդիսատեսին:

Փառատօնը սկիզբ առաւ Նոյեմբեր 13-ին, Grand Gerrard Theatre սրահին մէջ ցուցադրուած՝ Տարիա Շումաքովայի «Coming Home» ֆիլմով, ուր Արցախի պատերազմէն տուն վերադարձող հօր ու որդիին բախումին մանրամասնութիւնները ապրեցանք եւ հայրենի հողէն ծլած ծառին ճիւղերէն կախուած նամակներով մխիթարուեցանք։ Աննա Մելիքեանի՝ «About Love»-ին հետ, Մոսկուայի պայծառութեան մէջ, տղոց ու կանանց յարաբերութիւններուն իրականութիւնը հասկնալ փորձեցինք ու սիրոյ բազմազան ազդեցութեան մէջ թռիչք մը կատարեցինք։

Հինգշաբթի՝ Նոյեմբեր 15-ին, Fairview Mall-ի պաստառէն դիտեցինք Անիշ Չականդիի եւ արտադրող Սեւ Օհանեանի մրցանակակիր, արկածախնդրական՝ «Searching» ֆիլմը, որուն ընթացքին կորսուած աղջնակ՝ Մարկոթին յուսահատ հօր հետ որոնեցինք անոր կորսուելուն պատճառներն ու գաղտնիքները։ Ռուբէն Տիշտիշեանի «Sabre Dance» պատմական տրաման մեզի պատմեց աշխարահռչակ հայ երաժշտագէտ՝ Արամ Խաչատուրեանի կեանքի դժուարութիւններուն մասին ու մեզ վարպետօրէն փոխադրեց հոն, ուր ականատես եղանք վարպետին «Սուրերու Պար» անկրկնելի ստեղծագործութեան՝ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան հետ կապուած յօրինումին, ալեկոծ յոյզերուն եւ պայքարի պատմութեան ։

Ուրբաթ՝ Նոյեմբեր 16-ին, Համազգայինի թատերասրահէն ներս, Նիկոլ Պէզճեանի՝ «Broken Dinners, Postponed Kisses»-ով սուրիացի արուեստագէտներու ապրած ծանր պայմանները մեր մորթին վրայ զգացինք. ապա՝ Միկէլ էնճըլ Նիէթոյի՝ «The Shadow of Ararat» վաւերագրական ֆիլմին ընդմէջէն ճամբորդութիւն մը սկսանք կատարել՝ Շառլ Ազնաւուրի, Անն Հիտալկոյի, Արա Մալիքեանի եւ սփիւռքահայ այլ փայլուն աստղերուն հետ ու հայ մշակոյթի պահապան զինուորներուն բազկերակին ականջ տուինք ու հասանք փառատօնի մրցանակակիրներէն՝ «Lorik» կատակերգական տրամային, ուր անկրկնելի արուեստագէտ, հեղինակ եւ հայրենի դերասան՝ Միքայէլ Պօղոսեանի կերպարանափոխուած դերերու ազդեցութեամբ հմայուած՝ լողացինք դերասանի ներաշխարհի, բեմականցուած կեանքի եւ իսկական աշխարհի հոգեխռով ալեկոծ ովկիաններուն մէջ։

Թեմային շուրջ զրուցեցի «Lorik»ի համահեղինակ, արտադրող (producer) Մարտիրոս Մինասեանի հետ, որ ըսաւ. «Մենք՝ հայկական ձեւով այնպիսի ֆիլմ արտադրեցինք, որ հասկանալի եղաւ աշխարհի բոլոր մշակոյթ-գրիչների կողմից ու մօտաւորապէս 15 մրցանակներ շահեցինք։ Հոս դերասանի մը ներաշխարհը կ’արտայայտուի իրողութիւնների իրականութեան մէջ։ Դերասանի մը փոխադրումը ռէալ կեանքէն դէպի բեմը կատարւում է տարբեր ձեւերով ու այս մէկը փոխւում է տարբեր մարդկանց մօտ։ Մենք մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ զանազան դերեր ենք վերցնում ու մարդիկ երբեմն իրենք իրանց կորցնում են տարբեր անձնաւորութիւններ մարմնաւորելու ժամանակ։ Հենց սա՛ է խնդիրը… մարդը պէտք է հասկնայ, թէ ինքը ո՞վ է եւ ինքնիրեն հարց տայ.- «Ես ինքս ե՛ս ե՞մ, թէ ես կրկնօրինակում եմ ուրիշին եւ ուզում եմ նրան նմանուել…»։

Բեմադրիչ Արման Նշանեանի «Komitas»ը (որ իրբեւ արտադրիչ ունի Օսքարի մրցանակակիր Նիք Վալելոնկան) մեզ տարաւ հայ հանճարին կազմաւորման տարիները մինչեւ՝ Ցեղասպանութիւն: Որբացած մանուկ Սողոմոն Սողոմոնեանի հետ արկածալից ճանապարհներ կտրելով անցանք ու հասանք Էջմիածին, Գերմանիա, Պոլիս եւ… Մեծ Եղեռն։ Անլռելի զանգակատան ղօղանջները արեւի ու խաւարի օրերուն մէջ հնչեցին այնքա՛ն բիւրեղ, այնքա՛ն մաքուր, այնքա՛ն տխուր, միեւնոյն ատեն նոյնքան՝ ուրախ։

Էտկար Պաղտասարեանի՝ «Lengthy Night»ի ընդմէջէն, ներկայէն անցեալ տանող երեք զանազան պատմութիւններով այսօրուան վարդագոյն Երեւանէն դէպի 1915 Մեծ Եղեռն ու անկէ դէպի հազար տարի եւ աւելի անցեալ գացինք ու մեր աչքերով ու բոլոր զգայարանքներով, երկիւղածութեամբ վայելեցինք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ներկայութիւնը։

Մարք Ֆուսքոյի բեմադրած՝ «The Samuel Project»ով Շաբաթ օրուան ճոխ յայտագիրը սկսած էր. դերասաններ՝ Քէն Դաւիթեանի եւ Անահիտ Աւանէսեանի խաղարկութիւնը վայելելէ ետք, ըմբոշխնեցինք հայկական եւ ֆրանսական պատրաստութեամբ, Անահիտ Տասու Տէր Մեսրոպեանի մրցանակակիր, վաւերագրական ֆիլմ՝ «Armeni(s): Le Temps Des Artistes», ուր ներկայացուեցան սփիւռքահայ արուեստագէտներն ու իրենց արուեստագէտ զաւակներուն յաջողութեան պատմութիւնները։ Ֆիլմի տեւողութեամբ Սիմոն Աբգարեանի, Սերժ Աւետիքեանի, Ատոմ Էկոյեանի, Ռոպէր Կետիկեանի եւ այլ աշխարհահռչակ հայ արուեստագէտներու կեանքի ուղիներուն ընկերակցելով հպարտութեան եւ յուզումի պահեր ապրեցանք։

Հռչակաւոր դերասանուհի եւ բեմագրող Մէրի Ափիկի՝ «Roxana»ն նորաոճ, գծապատկերուած ֆիլմի նիւթին ու սարսռեցուցիչ դէպքերուն շարքին եւ Պարսկաստանի մէջ կիներու իրաւունքներու ոտնահարման դաժան իրականութիւնը մարմնաւորող, իրական կեանքէ առնուած պատմութիւն մըն էր, որուն հետ յուզումի լեռներ բարձրացան մեր լանջերուն մէջ: Իսկ Մէրի Ափիկի մօր՝ պարսկահայ աստղ, դերասանուհի Ափիկ Եուսէֆեանի կենսագրութիւնը եւ իր արուեստին մէջ գագաթնակէտի հասնող յաջողութիւնները հայ արուեստագէտ կնոջ շէնշող դիմագիծը պարզեց մեզ։

Գոռ Կիրակոսեան կատակերգական` «Honest Thieves»-ը օրուան կալային գլխաւոր ցուցադրութիւնն էր։ Արամ MP3-ի, Վահէ Պէրպէրեանի, «Անթիք»ի եւ Դաւիթ Թովմասեանի դերասանութեամբ սրամտութիւններով լեցուն ֆիլմը հանդիսատեսին մօտ յաճախ յառաջացուց անզսպելի խնդուք: Շատ հաճելի երեկոյին աւարտին համով պատառիկներով եւ ջերմիկ մթնոլորտով հրաժեշտ տուինք՝ վերջին օրուան յայտագիրին մասնակից դառնալու խոստումներով։

Հինգերորդ օրը բացուեցաւ բեմադրիչ Վահէ Եանի՝ «Artsakh: On The Edge Of Eternity»ով։ Անխօս ֆիլմը մեր դէմ գծագրեց Արցախի անցեալի դառն ու ներկայի քաղցր օրերը։ Վաւերագրական ֆիլմեր պատրաստող Անի Յովհաննէսեանի՝ «The Hidden Map»ը կը ներկայացնէր սկովտիացի հնագէտ՝ Սթիւըն Սիմի հետ անոր ճանապարհորդութիւնը դէպի նախնիներու երկիր Արեւմտահայաստան: Անոնց քայլերուն հետեւելով՝ մեր պապենական հողէն եւ մշակոյթէն կախեցինք մեր սրտերը ու թաց աչքերով պահանջատիրութեան ոգին վառեցինք մեր մէջ։

Գանատայի մօտ Հայաստանի Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի եւ Թորոնթոյի հայ գաղութի ականաւոր դէմքերու ներկայութեամբ հիացմունքով դիտուած՝ «Anatomy Of A Revolution» վաւերագրական ֆիլմը 2018-ին տեղի ունեցած Հայաստանի թաւշեայ, անարիւն յեղափոխութեան բոցերը վառեց ու հայ ժողովուրդին կամքի ոյժին եւ յաղթանակին կուռ շղթային անքակտելիութիւնը դրոշմեց մեր սրտին մէջ։ Դէպքերու ականատես, բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան ցուցադրութենէն ետք ըսաւ. «Կեանքիս մէջ տեղ գտած նոր փորձառութիւն մըն էր ապրածս ու ես տպաւորուեցայ մեր երիտասարդութեան (մանաւանդ կիներուն) խանդավառութեամբ, կարողականութեամբ, աշխուժութեամբ ու հզօր կամքով ծրագրած նպատակակէտին յստակութեամբ ու ի վերջոյ յաղթանակին։ Ականատեսը եղայ տարիներու կուտակումի պոռթկումին, որ անշուշտ Նիկոլ Փաշինեանի մարմնաւորումով ի յայտ եկաւ ու մեծ յաջոցութեամբ պսակուեցաւ։ Այդ ամբողջ տեսարանը եւ արկածալից օրերու տպաւորութիւններս այս ֆիլմին մէջ տեղ գտան»:

Տաղանդաւոր բեմադրիչ, արտադրող եւ դերասան, մրցանակակիր՝ Վահիկ Փիրհամզէի «10e» ֆիլմին կարգը հասած էր։ Նիւթին մասին ու ֆիլմին

նպատակին մասին հարցուցած հարցումիս պատասխանը հետեւեալը եղաւ. «Վերջերս Ամերկայի մէջ ապրող եւ ընտանիք կազմած սփիւռքահայերը այնքան զբաղուեցին իրենց աշխատանքով ու առօրեայ հոգսերով, որ դժուարութիւններ ունեցան իրեն զաւակները հասկանալու։ Հենց էդ երիտասարդներուն կեանքը ու ծնողների հետ իրենց յարաբերութիւնները ներկայացնող ամերիկահայ առաջին կինօն «10e»ն է, որուն երկրորդ հեղինակը երիտասարդ զարմիկս է»։

Ճոխ փառատօնին եզրափակիչ վաւերագրական ֆիլմը, բեմադրիչ՝ Էնտի Սայմընի եւ անգլիահայ աշխարհահռչակ կատակերգակ՝ Գեւ Օրգեանի մրցանակակիր՝ «Armenia Uncovered»-ն էր, որուն տեւողութեամբ, ծիծաղով համեմուած, մեր ամբողջ զգայարանքով հասանք Հայաստան ու Արցախ, եւ երգիծող վարպետին հնարամտութեամբ ներկայացուած տեսարժան վայրերու հաճոյքին նոր հորիզոնները բացուեցան մեր աչքերուն առաջ։

Բազմապիսի անակնկալներով, կարճամեթրաժ ֆիլմերով, զրոյցներու ընդմէջէն արուեստագէտներուն ու հանդիսատեսին կապերը զօրացնելով, համեղ ուտեստներով ու նուէրներով ընթացող փառատօնը մրցանակաբաշխութեան արարողութեամբ հասաւ աւարտին։

Հինգ օրերու տեւողութեամբ Նուռ փառատօնը բոլորին ճաշակը գոհացնելով թորոնթոհայ հանդիստեսին հրամցուց բարձրաոճ նկարահանումներ եւ ամենայն մանրամասնութեամբ սերտուած ծրագիր մը, ուր բոլորս գոհունակութեամբ մերթ հրճուեցանք, մերթ յուզուեցանք, մերթ հպարտացանք ու մերթ մանուկի պէս խնդացինք եւ այս բոլորը տեղի ունեցաւ 14ամեայ փառատօնին ստեղծած վարկին եւ նուաճած մակարդակին շնորհիւ:

Յաջորդ տարի «ՆՈՒՌ» Ֆիլմի փառատօնին 15-րդ ամեակն է։ Անհամբեր պիտի սպասենք հայ ֆիլմարուեստի նռան գեղեցկագոյն հատիկներուն։

 

Մրցանակի արժանացան հետեւեալները.

-Լաւագոյն գեղարուեստական ֆիլմ։ Ալեքսիս Զլոպինի «Lorik»ը, արտադրութիւն՝ Մարտիրոս Մինասեանի։

Յիշատակութեան արժանի.- Գոռ Կիրակոսեանի՝ «Honest Thieves» եւ Էտկար Պաղտասարեանի՝ «Lengthy Night»։

-Տոքթ. Մայքըլ Ճ. Յակոբեան մրցանակ՝ լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ։ Անահիտ Տասու Տէր Մեսրոպեանի՝ «Armeni(s): Le Temps Des Artistes»։ Յիշատակութեան արժանի. Անի Յովհաննէսեանի՝ «The Hidden Map»։

– Լաւագոյն կարճամեթրաժ ֆիլմ։ Կիւլսուն Օտապաշի՝ «Last September» եւ Լիլիթ Մովսէսեանի՝ «The Trial»:

Յիշատակութեան արժանի. Խաժակ Սուտճեանի՝ «Madjid And Laura»։

– Նոր աստղի մրցանակ։ Արման Յարութիւնեան՝ «December»։

– Լաւագոյն կարճամեթրաժ վաւերագրական ֆիլմ։ Էմիլի Մկրտիչեանի եւ Ճէսս Սուրսուրեանի՝ «Motherland»։

Յիշատակութեան արժանի. Իրինա Պատկանեանի՝ «Little Fiel»։

– Հանդիսատեսի Ընտրութիւն (վաւերագրական ֆիլմ)։ Էնտի Սիմոնի՝ «Armenia Uncovered»։

Յիշատակութեան արժանի. Անի Յովհաննէսեանի՝ «The Hidden Map»։

– Հանդիսատեսի Ընտրութիւն (խաղարկային ֆիլմ)։ Անիշ Չականդիի եւ արտադրող Սեւ Օհանեանի՝ «Searching»։

Յիշատակութեան արժանի. Գոռ Կիրակոսեանի՝ «Honest Thieves»

– «Նուռ» Scholastic մրցանակ։ Վահիկ Փիրհամզէ։

– «Նուռ» Սառա Գորնինկ մրցանակ։ Սթիւըն Սիմ։

Մաթիու Քարանեան կը զրուցէ հանդիսատեսներու հետ

 

Նուռ Փառատօնի հանդիսատեսներ Համազգային Թատերասրահի մուտքին

 

Գալայի գիշեր

Նուռ Փառատօնի կամաւորներ տոմսի ստուգումներ կը կատարեն

 

Բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան եւ դատական կազմի անդամ Սիլվա Պասմաճեան

 

Կատակերգակ Գեւ Օրգեան եւ բեմադրիչ Անտի Սայմըն

 

Նուռ Փառատօնի յանձնախումբը միջազգային արտադրիչներու եւ բեմադրիչներու հետ

 

Կոմիտասի ֆիլմին խմբակը. Աջէն՝ Օսքարի մրցանակակիր արտադրիչ Նիք Վալելենկա, Ասկօ Ակոբեան եւ Արման Նշանեան կը պատասխանեն հանդիսատեսներու հարցումներու