ՀՀ Նախագահի Հրամագիրով Նոր նախարարներ Կը Նշանակուին


Ձախէն աջ՝ Արարատ Միրզոյեան, Տիգրան Աւինեան, Դաւիթ Տօնոյեան

Հիմք ընդունելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին՝ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիրներ ստորագրած է նոր նախարարներ նշանակելու մասին։

Ըստ որուն, Արարատ Միրզոյեան նշանակուած է ՀՀ առաջին փոխվարչապետ, իսկ Տիգրան Աւինեան` ՀՀ փոխվարչապետ, ՀՀ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարի պաշտոնակատար Դաւիթ Տօնոյեան ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար, Արայիկ Յարութիւնեան՝ ՀՀ կրթութեան և գիտութեան նախարար,  Սուրէն Պապիկեան՝ տարածքային կառավարման և զարգացման նախարար, Մխիթար Հայրապետեան՝ սփիւռքի նախարար: 

Ձախէն աջ՝ Սուրէն Պապիկեան, Մխիթար Հայրապետեան, Արայիկ Յարութիւնեան