Սեւան Նշանեան Հանդիպում Ունեցաւ Թորոնթոյի Հայութեան Հետ


Սեւան Նշանեան դասախօսութեան ընթացքին, «Մակարոս Արթինեան» սրահ, Յունուար 23

Յարութիւն Դերձակեան

Թրքահայ յայտնի մտաւորական, լեզուաբան, հետազօտող, լրագրող, բառարանագէտ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Սեւան Նշանեան իր կողակցին՝ Իրա Ցուրուի հետ Թորոնթօ ժամանած է։ Այս բացառիկ առիթէն օգտուելով Թորոնթոյի Պոլսահայ Մշակութային Միութիւնը, անոր հետ հանդիպում մը ունենալու նպատակով, երեկոյ մը կազմակերպեց, որ տեղի ունեցաւ Յունուար 23-ին, Ս․ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ։ Կանուխ ժամերէն սկսեալ հայեր մեկտեղուած էին մօտէն տեսնելու եւ ճանչնալու մտաւորականը, մասնաւորաբար պոլսահայեր, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին սրահը։ Ներկայ էր նաեւ Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Զարեհ Ա․ Քհնյ․ Զարգարեան։

Նշանեան, ինչպէս ծանօթ է բոլորին, 2010-ին հրատարակած է «Ստուգաբանական բառարան»ը, որ կը բովանդակէ Թուրքիոյ աւելի քան 16,000 տեղանուններ, որոնք փոխուած են թրքացման քաղաքականութեան հետաւանքով։ Ան հեղինակ է աւելի քան 20 գիրքերու։ 2004-ին արժանացած է Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու կազմակերպութեան «Այշէ Հիւր Զարաքօղլու ազատութեան» մրցանակին, ինչպէս նաեւ 2016-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալին։ Գրած է նաեւ «Սխալ Հանրապետութիւն» գիրքը, որ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման առասպելները։

Թրքական իշխանութիւնները 2012-էն սկսեալ հետապնդումներ կատարել սկսած են Նշանեանի դէմ։ Ան, որ կը բնակէր Իզմիրի Շիրինճէ գիւղի իր սեփական այգիին մէջ, ուր ապօրինի շինանարութիւն կատարած ըլլալու յանցանքով 2014-ին դատապարտուած էր 17 տարուան ազատազրկման։ 3․5 տարի բանտարկուած մնալէ ետք,14 Յուլիս 2017-ին Ֆոչայի բաց ռեժիմի բանտէն թոյլտուութեամբ դուրս եկած եւ այլեւս չէ վերադարձած՝ ապաստանելով Յունաստանի «Սամոս» կղզինէ որպէս քաղաքական ապաստանեալ։ Իսկ երկու օր վերջն ալ Յունաստանէն 6 ամեայ կեցութեան արտօնագիր ստացած է: Վերջերս դիմատետրի իր էջին վրայ սովորութիւն ըրած է ամէն Կիրակի կենդանի եւ ուղղակի սփռումով համակիրներուն հետ զրուցել եւ անոնց հարցումներուն պատասխանել։

Երեկոյին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային գործիչ, հրապարակագիր, Րաֆֆի Պետրոսեան: Ներկաները ողջունելէ ետք՝ մանրամասն կերպով ներկայացուց օրուան հիւր-բանախօսը եւ հրաւիրեց զայն, որպէսզի իր շահեկան զեկուցումը փոխանցէ։

Նշանեան հանդիպումի ընթացքին խօսեցաւ ոչ թէ քաղաքական թեմաներու, այլ իր հրատարակած գիրքերուն մասին։ Ան ներկաները ողջունելէ ետքէ նախ անդրադարձաւ իր գրած վերջին գիրքերուն մասին. անոնցմէ «Նշանեան Սէօզլիւք» արմատական բառարանը, ուր կը տրուի բառերու արմատները, կը բացատրուի բառերուն ծագման պատմութիւնը, առաջին անգամ ի՞նչպէս մէջտեղ եկած եւ գործածուած ըլլալը, ինչպէս նաեւ անոնց առաջին իմաստը։ Նշանեան 2 տարուան մէջ 9 գիրքեր գրած է, որոնցմէ չորսը նոր են։

Նշանեանի բանախօսութեան գլխաւոր նիւթը «Թուրքիոյ Տեղանուններու Բառարան» գիրքին մասին էր։ Այս գիրքը տասնմէկ տարիներու երկար աշխատանքի արգասիքն է, որ կը բաղկանայ 1800 էջերէ եւ կ’ընդգրկէ 56,000 տեղերու անունները։ Հեղինակը ուսումնասիրած եւ որպէս աղբիւր օգտագործած է 1911-էն սկսեալ Թուրքիոյ կառավարութեան պատրաստած զինուորական քարտէսները, 1800-ին պատրաստուած գիւղերու տարեգիրքերը, նաեւ 1500-ականներէն Օսմանեան շրջանի գիւղերու տուրքի ցանկերը, հին յունական, սուրիանի եւ հայկական պատմագիրքերու տեղանունները:

Ան իր շատ շահեկան բանախօսութիւնը շարունակեց մի առ մի ցուցադրելով 15 յաջորդական քարտէսներ, որոնց իւրաքանչիւրին վրայ սեւ կէտերով խումբերը ցոյց կու տային բազմաթիւ ազգութիւններու (հայեր, յոյներ, քիւրտեր, ասորիներ, արաբներ, կիւրճի-վրացիներ, ազերի-քարաբաբաքներ, արաբ-ալեւիներ, չէրքէզ, աբխազ, տաղստանցի, չէչէն, նոկայներ եւ թուրքեր) տարիներու ընթացքին ապրած տարածքները: Անոնք այդ գիւղերուն, աւաններուն, քաղաքներուն անուններ դրած են, որոնք ժամանակի ընթացքին ունեցած են անունի փոփոխութիւն։ Կան բնակավայրեր, որոնց անունները բնակող ժողովուրդներուն հետ կապ չեն ունեցած։ Նշանեան այս բոլորին բացատրութիւնները կու տար՝ նշելով նաեւ ներկայի եւ անցեալի քաղաքներու անուանափոխութիւնները:

Բանախօսը իր տուած շահեկան դասախօսութեան աւարտին հանգամանօրէն պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Ան հարցումի մը ի պատասխան յայտնեց, թէ կը տիրապետէ 12 լեզուներու։

Նշանեան ապագային կը ծրագրէ «Թուրքիոյ Անուններու Բառարան» պատրաստել, որ պիտի ընդգրկէ թրքերէն, հայերէն, յունարէն, արաբերէն եւայլ անուններու 100 միլիոնի չափ ցանկ մը՝ ի ձեռին ունենալով արդէն իսկ սկսած աշխատութիւնը։

Երեկոյթը իր աւարտին հասաւ Տ․ Զարեհ Ա․ Քհնյ․ Զարգարեանի հուսք բանքով։