Սուրիոյ Մէջ Ազատագրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Աճիւնները Պարփակող Մարկատէն


Նոյեմբեր 9ին Սուրիական բանակը իր դաշնակից ուժերուն հետ Տէր Զօրի նահանգին մէջ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներէն ազատագրած է Պուքամալ քաղաքը, որ արեւմտեան շրջանին մէջ ահաբեկիչներու վերջին յենակէտն էր։ Ատոր զուգահեռ ազատագրուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն աճիւնները պարփակող Մարկատէ շրջանը:

Սուրիական բանակին աջակցած են քրտական Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութեան ուժերը։ Մարկատէի ազատագրումով, այժմ ՏԱՀԵՇէն ազատագրուած է ամբողջ Հասիչէն, որուն մեծ մասը քրտական յիշեալ ուժերու հովանաւորութեան տակ է։

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ ազատագրուած էր նաեւ Տէր Զօրը։Սակայն հրապարակուած նկարներէն եւ տեսանիւթէ մը կ՛երեւի, թէ Ս․ Նահատակաց մատուռն ու յուշահամալիրը շատ մեծ վնասներ կրած են։ Իսկ Մարկատէի մատուռին մասին առ այժմ տեղեկութիւններ չկան։