Մարալ Համպոյեան
21 Յունուար 2018ին, երկրային կեանքը լքեց իմ թանկագին հօրեղբայրս՝ Սարգիս Համպոյեանը: Կեանքէն հեռացաւ օրինակելի հայրը, մեծ ուսուցիչը, գրադարանագէտը, եկեղեցասէրը, նուիրեալ դպրապետը եւ խմբավարը, ՙՄաշտոց՚ գրական խմբակի հիմնադիրը, աշխատասէր եւ լայնախոհ մտաւորականը: Փայլուն անձնաւորութիւն մը, որուն ազնուութիւնը, նուիրուածութիւնը, հմայքը, հիւրասիրութիւնը, հիւմորի զգացումը եւ գիտելիքները կը գրաւէին ամենատարբեր մարդկանց՝ փոքրիկներուն, մեծերուն, եկեղեցականներուն, գրողներուն եւ երաժիշտներուն:
Ան կը պատկանէր յետ Ցեղասպանութեան սերունդի պատկառելի այն փաղանգին« որուն ողջ էութիւնը պարուրուած էր հայ հաւատքի« ընտանիքի, ազգի, մշակոյթի աւանդութեանց անկորնչելի արժէքներով: Հայութիւնը իրեն համար սոսկ պատկանելիութիւն չէր, այլ կ՛ապրէր ու կը շնչէր իր էութեան բոլոր մասնիկներով:
Յայտնի ճշմարտութիւն մըն է, որ մարդիկ, նախախնամութեան բերումով, երկու տեսակ կ’ըլլան՝ խափանող եւ ստեղծող: Սարգիս Համպոյեանը իր էութեամբ ստեղծող էր, որովհետեւ ինչ որ ձեռնարկեր, ծիլ մը կ’արձակէր հոնկէ` ըլլար ան գրական գործ կամ որեւէ գործի կազմակերպում: Սիրտ ու հոգի կը դնէր իր բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ: Կենսունակ ոգին եւ ազգային նուիրումը խորապէս դրսեւորուած էին ազգային« մշակութային եւ կրթական աշխոյժ գործունէութեամբ, որոնց մէջ ան կը ցուցաբերէր իր բացառիկ տաղանդը, վարակիչ եռանդը, կատարեալին հասնելու ձգտումն ու պահանջկոտ բծախնդրութիւնը:
Կեանքի հանդէպ ունէր անսահման փորձառութիւն, կը սիրէր գործը, քան՝ խօսքը: Խստապահանջ եւ ուղղամիտ էր: Իր պարկեշտութեամբ եւ աշխատանքի յանձնառութեամբ կը վայելէր իր շրջապատի յարգանքը: Կը յարգէր ամէնէն փոքրը եւ փոխադարձ՝ կը սիրուէր ու կը յարգուէր բոլորին կողմէ: Ուր որ աշխատած է՝ իր անմնացորդ նուիրումով ու բարձր գիտելիքներու շնորհիւ, վայելած է գործընկերներուն սէրն ու համակրանքը: Կ’երազէր, որ Հայաստանը տեսնէր անկախ ու ժողովրդավար, հայ մարդուն՝ ուրախ ու ժպտերես, արժանապատիւ ու բարեկեցիկ, ազատ ու երջանիկ․․․Լաւի ու բարիի թարգմանն ու ջատագովն էր: Թորոնթոյի գրական աշխարհի տաղանդաւոր կազմակերպիչն ու ղեկավարը, գրական մեկնաբանն ու բարի քննադատը: Արդար էր ու արդարի պաշտպանը:
Սիրելի’ Հօբար,
Մահուանդ տխրաթախիծ օրը, Գանատայի մէջ գտնուող ընտանիքդ, հարազատներդ եւ բարեկամներդ՝ հոգեթով մրմունջներով, զուլալ մաղթանքներով եւ քաղցրահունչ մեղեդիներով, քեզ յանձնեցին արարչիդ բարեգութ ձեռքերուն, որպէսզի հանգիստդ ու երջանկութիւնդ երկնային լուսեղէն ափերուն վրայ գտնես:
Դուն մեզի կը ներշնչէիր հաւատ եւ եռանդ: Մենք պիտի շարունակենք քու նուիրուածութեանդ ուղին եւ ինչպէս դուն, մենք ալ պիտի մնանք մեր ազգին անխոնջ եւ նուիրեալ ծառաները: Մեր յիշողութեան մէջ միշտ վառ պիտի մնայ քու բարի ժպիտդ եւ գործի ասպարէզին մէջ քու տուած բոլոր պատգամներդ:
Ծառայութեամբդ եւ նուիրումովդ շատ բան սորվեցուցիր քու թոռնիկներուդ եւ բոլորիս պարգեւեցիր տիպար մարդուն վայել ուղեցոյց մը: Պիտի առաջնորդուինք քու օրինակելի կեանքովդª իրականացնելու համար քու փայփայած երազդ: Քու անկորնչելի գործերդ« մարդկային անկեղծ շփումներդ« բարի ժպիտդ մշտապէս պիտի յիշուին մեր աղօթքներուն մէջ:
Ի խորոց սրտի կ’աղօթեմ հօբարիս հոգու խաղաղութեան համար: Թող Աստուած լոյսերու մէջ՝ բարի հրեշտակներով, երկինք բարձրացնէ անոր հոգին ու միաւորէ հայոց մեծաց հոգիներուն եւ թող Սուրբ Հոգին մխիթարէ ընտանիքին անդամներուն ու փարատէ անոնց վիշտը:
Վարձքդ կատա՛ր, երթդ բարի՜, յիշատակդ կ՛ապրի, սիրելի՛, անմոռանալի՛ ՀՕԲԱՐ: