Ազրպէյճանցիները Հայաստանի Սահմանի Արեւելեան Ուղղութեամբ Յարձակում Գործած Են


Նոյեմբեր 14-ին,  ժամը մօտ 13:00-ին, ազրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումները Հայաստանի սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ փորձած են յառաջանալ իրենց դիրքերը առաջ բերելու համար։ Հայ զինուորներու եւ ազերիներու միջեւ սկսած է բուռն փոխհրաձգութիւն: Հայ դիրքապահները կանխած են թշնամիին գործողութիւնները:  Ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ ռուսական կողմի միջնորդութեամբ, կ՛ընթանան բանակցութիւններ` իրադրութեան հանգուցալուծելու համար: Հայկական կողմէն տուժածներ չկան:

Ժամը 19:00-ի դրութեամբ՝ կարկոցները դադրած են։ Բանակցութիւնները կը շարունակուին։