«Կոչ Կ’ուղղենք Համայն Գանատահայութեան՝ Բարերարներու Աջակցութեամբ Տէր Կանգնելու Լիբանանի Հայ Գաղութին»․ ՀՕՄի Գանատայի Շրջ․ Վարչութեան Ատենապետուհի Անի Օհանեան


Հարցազրոյցը վարեց՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Լիբանանահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը խիստ ծանր է, իսկ անոր անմիջական կարիքները աներեւակայելիօրէն հսկայ․ չքաւորութիւնը, անգործութիւնը, աշխատանքէ հեռացումը, «Քորոնա» ժահրը,  քաղաքական ճգնաժամն ու բազմաթիւ այլ դժուարութիւնները կ’անդամալուծեն Լիբանանահայութեան կեանքը։ 

Այս աննախադէպ ծանր իրավիճակին, որպէս դարման՝ Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը, տեղւոյն մարմիններուն հետ համագործակցաբար կազմակերպած է՝ «Գանատահայութիւնը Լիբանանի Կողքին» դրամարշաւը, որուն մանրամասնութիւններէն տեղեկացանք ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Անի Օհանեանին հետ ունեցած մեր հարցազրոյցին ընթացքին։

Հարցում- Ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ այսօր Լիբանահայութեան մօտ` հայկական հաստատութիւնները ինչպիսի՞ նիւթական տագնապներ կը դիմագրաւեն։

Պատասխան- Լիբանանահայութիւնը գրեթէ կաթուածահար վիճակի մէջ է: Աւելի քան երկու տարիներէ իվեր՝ տնտեսական, առողջապահական ու քաղաքական անկայունութեան պատճառով իր ամենէն ծանր հանգրուանը կ’ապրի եւ օր ըստ օրէ աւելի կը վատթարանայ: Սղաճը աւելի եւս սրած է, որ պատճառ կը դառնայ հաստատութիւններու գործալուծման եւ սնանկացման, իսկ անոր հետեւանքով պարզ խաւի՝ գործաւորներու եւ պաշտօնեաներու գործազրկման: Դժբախտաբար այս կացութիւնը ժողովուրդը մատնած է աղքատութեան:


Հ․- Ներկայիս ինչպիսի՞ օժանդակութիւն կը մատուցուի Լիբանանահայութեան  (Լիբանանէն եւ արտերկրէն)։

Պ․- Հակառակ լիաբանանահայութեան դիմագրաւած բոլոր խոչընդոտներուն, Լիբանանի եւ արտերկրի բոլոր համայնքները իրենց ամբողջ կարելիութիւնը  ի մի համադրելով փութացին իրենց օժանդակութիւնը բերելու թագաժահրի համաճարակէն ազդուողներուն, նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուածներու ընտանիքներուն, վիրավորներուն եւ իրենց բնակարանները կորսնցուցած ընտանիքներուն եւ մեր վարժարաններուն:

Իսկ արտերկրի պարագային, սփիւռքը անմիջապէս ահազանգեց այս իրավիճակին, հանգանակային արշաւներ կազմակերպելով ջանաց նիւթապէս օգնել տնտեսապէս վերեւ նշուած ազդակներու պատճառով դժուարութիւններու մատնուած կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Հ․-  Գանատայի ՀՕՄը ցարդ  ինչպիսի՞ ծրագիրներ մշակած եւ իրականացուցած է Լիբանանահայ գաղութին ձեռք մեկնելու նպատակով։

Պ․- 2019-ի երկրին մէջ սկիզբ առած ճգնաժամէն ի վեր ՀՕՄը ճիգ չէ խնայած հոգալու Լիբանանահայ գաղութին անմիջական պէտքերը՝ անոնց շաբաթական դրութեամբ տաք ճաշ, «Արաքսի Պութղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի կողմէ բժշկական եւ դեղորայքի անվճար ծառայութիւններ, ուտեստեղէն, կենցաղային հիմնական իրեր եւ տնային անհրաժեշտ պիտոյքներ տրամադրելով։

2020 թուին, երկու իրերայաջորդ առիթներով, թէ՝ համաճարակի եւ թէ՝ տնտեսական գահավիժումի մատնուած ընտանիքներու օգնութեան հասնելու համար,  Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը  գործակից կազմակերպութիւններու համատեղուած ճիգերով, ջանք չխնայեց կանգնելու Լիբանանահայութեան կողքին եւ պատուո’վ կատարեց իր պարտականութիւնը: 

Այս հանգրուանին, Շրջանային Վարչութիւնս, կրկին համագործակցաբար տեղւոյն մարմիններուն, «Լիբանանի Կողքին» նոր դրամարշաւ (telethon)  ծրագրով, նախաձեռնեց  $100 ամերիկեան (130 գանատական) տոլար յատկացնելով աջակցիլ այն ընտանիքներուն, որոնք  երկրի վատթարացող  ճգնաժամին հետեւանքով, օր ըստ օրէ աւելի կը մխրճուին տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի ահաւոր պայմաններու մէջ եւ իրենց արօրեայ ապրուստը ապահովելու պայքար կը մղեն։ Մեր թիրախն է  $130,000 տոլարի հանգանակութեամբ 1000 ընտանիքներու մէկ ամսուայ տարրական կարիքը հոգալ։

Դրամարշաւը պիտի սփռուի Նոյեմբեր 20-ի առաւօտեան, Նոր Հայ Հորիզոն կայանէն եւ նոյն օրը կրկնուի ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ գործակից կազմակարպութիւններու դիմատետրէն, ուր յայտագրին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը պիտի բերեն հանրածանօթ հայ երգիչներ, արուեստագէտներ եւ մեր երկու ամենօրեայ վարժարաններու աշակերտութիւնը:

Առ այդ, կը դիմենք մեր անդամներուն, բարերարներուն եւ համակիրներուն, որպէսզի մասնակից դառնան «Լիբանանի Կողքին» նախաձեռնութեան։ Այս դրամահաւաքին իրենց ներդրումը բերելով՝ մեր նուիրատուները կրնան ընտանիքի մը մէկ ամսուան անմիջական ապրուստը ապահովել։ 

Անկասկած որ, որ այս անգամ եւս նո’յն թափով ու միասնաբա’ր պիտի փարինք այս գործին եւ յաջողութեամբ պսակենք զայն:

Նուիրատուները իրենց նիւթական օժանդակութիւնը կրնան ուղարկել.-

1)Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Relief Society of Canada

3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5

2)Այցելելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի կայքէջը՝ https://ars-canada.ca/

սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Lebanon fund-ը:

3)Etransfer-ով, ՀՕՄի Շրջ. Վարչութեան ել-նամակի հասցէին՝ ars-canada@bellnet.ca

Բոլոր պարագաներուն կը խնդրենք նշել թէ՝ դուք ձեր նուիրատուութիւնները կը կատարէք Լիբանանի Օժանդակութեան,- AID TO LEBANON

Վստահ ենք, որ անգամ մը եւս Գանատայի մեր հայրենակիցները անվերապահօրէն պիտի աջակցին Լիբանանահայութեան դրամահաւաքի օժանդակութեան աշխատանքներուն:


4_ Ի՞նչ սրտի խօսք կը յղէք Լիբանանահայութեան ընդհանրապէս եւ օժանդակելու պատրաստակամութիւնը ցուցաբերող Գանատահայութեան մասնաւորապէս։

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութեան անունով՝ կրկին  կոչ կ’ուղղենք  համայն գանատահայութեան, որպէսզի մեր բարերարներու աջակցութեամբ տէր կանգնինք  Լիբանանի հայահոծ գաղութի զաւակներուն։

Միասնական ջանքերով եւ առաւելագոյն զոհաբերութեամբ է, որ պիտի հասնինք մեր թիրախին, գէթ մէկ ամսուայ համար մեղմելու անոնց ապրուստի ծանր պայմանները։

Շնորհիւ մեր բարերարներու առատաձեռն նուիրատուութիւններուն՝ հանգանակուած գումարնեըը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուին Լիբանանահայ ընտանիքներու անմիջական օժանդակութեան ծրագիրներու գործադրման։ 

Կանխայայտ շնորհակալութիւն ձեր բոլորին։