Միացեալ Նահանգներ Կը Նախատեսէ 77.3 Տոկոսով Կրճատել Հայաստանին Տրամադրուող Ֆինանսական Օգնութիւնը


Foreign Policy թերթի տրամադրութեան տակ յայտնուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պիւտճէին վերաբերեալ փաստաթուղթ մը, որ բաղկացած է 15 էջերէ:

Փաստաթուղթին համաձայն` Միացեալ Նահանգները մեծապէս պիտի կրճատէ զարգացող երկիրներուն տրամադրուող ֆինանսական օգնութիւնը` գումարները վերաուղղելով ազգային անվտանգութեան խնդիրներով զբաղող ծրագիրներուն: Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը, որ պատասխանատու է այլ երկիրներու օգնութեան համակարգման, միացուի արտաքին գործոց նախարարութեան: Տեղեկատուութեան համաձայն՝ Թրամփի վարչակազմը կը նախատեսէ կրճատումներ կատարել 2018 գանձային տարուան համար:

Ըստ պիւտճէի նախագիծին՝ Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին տրամադրուող նիւթական օգնութիւնը պիտի կրճատէ 77.3 տոկոսով: Նախատեսուած է 17.633 միլիոն տոլարի օգնութեան փոխարէն Հայաստանին 4 միլիոն տոլար յստկացնել: 100 տոկոսով պիտի կրճատուի նաեւ Ատրպէյճանին եւ Պելոռուսին տրամադրուող օգնութիւնը, Վրաստանին տրամադրուող օգնութիւնը պիտի կրճատուի 41 տոկոսով (47.512 միլիոն տոլարի փոխարէն 28 միլիոն տոլար):