Այսօր Պատմական Հայաստանի Տարածքին Պէտք Էր Ունենայինք Աւելի Քան 170.000 Յուշարձաններ


Աւելի քան 3000 հայկական աւերուած յուշարձաններ վաւերագրուած են 2010-2016 թուականներուն, պատմական Հայաստանի` ներկայ Թուրքիոյ տարածքին: Աւերումները ունեցած են երկու նպատակ` կրօնական շինութիւններու ոչնչացումով վերացնել հայկական հետքերը եւ բեկորները օգտագործել իբրեւ շինանիւթ: Այս մասին ըսած է յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան պետ Արմէն Աբրոյեան:

«Հայ ժողովուրդը, դարեր շարունակ, գտնուելով Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, կառուցած է բազմաթիւ կոթողներ: Այսօր պատմական Հայաստանի` ներկայ Թուրքիոյ տարածքին պէտք է ունենայինք շուրջ 170.000 կամ աւելի յուշարձաններ: Եղած են շինութիւններ, որոնք կրնային համարուիլ յուշարձաններ եւ նոյնիսկ չեն ալ հաշուառուած: Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամը Ցեղասպանութենէն ետք  յուշարձաններու աւերումներու թեմայով հրատարակած գիրք ունի, սակայն ատիկա շատ չնչին մասը կը կազմէ` փաստելու, վաւերագրելու մեր ժառանգութեան աւերման խնդիրը», ըսած է Արմէն Աբրոյեան ու նշած, որ աւերումները, մեծ մասամբ, եղած են Ցեղասպանութենէն ետք` 20ական, 40ական, 65-70ականներուն, մինչեւ իսկ 2005ին:

Ըստ անոր, 2010-2016 թուականներուն մշակոյթի նախարարութեան պատուէրով կատարուած վաւերագրումով,  յայտնի վաւերագրական նիւթերու` Նիկողայոս Մառի արշաւախումբի  Անիի մէջ կատարած աշխատանքներուն, 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկիզբը առնուած լուսանկարներու, բազմաթիւ ճանապարհորդներու նկարագրութիւններուն համաձայն, շուրջ 3000 յուշարձաններ վաւերագրուած են, սակայն ատոնք արդէն աւերուած եղած են: Աւերումները եղած են ինչպէս կազմակերպուած, այնպէս ալ` չկազմակերպուած, երբ բեկորները պոկած ու օգտագործած են շինարարութեան նպատակով:

«Առաջնահերթ եղած են կրօնական կառոյցներու աւերումները: Շատ եղած են խաչերու, խաչքարերու, քարակերտ արձանագրութիւններու աւերման դէպքերը, որոնք հայկական հետքերը ոչնչացնելու քաղաքական նպատակ ունեցած են: Իսկ կամուրջներու եւ այլ շինութիւններու բեկորները պարզապէս պոկած եւ օգտագործած են որպէս շինանիւթ», ըսած է Արմէն Աբրոյեան:

Անոր խօսքով, տասնամեակ մը առաջ Անիի եւ Աղթամարի մէջ կատարուած ամրակայման, շինարարական միջամտութիւնը ընդունելի չեն: Իրենք կը վերակառուցեն զուտ իրենց շահերէն մեկնած` միջազգային հանրութեան ցոյց տալու համար: Ան աւելցուցած է, թէ քանի որ պաշտօնական դաշտին մէջ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունինք, մեր ձայնը կը բարձրացնենք Թուրքիոյ հայերու, միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի միջոցով: