Մեկնարկեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» Ծրագրի 2017ի Առաջին Փուլը


Յունիս 19ին Հայաստամի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագրի 2017ի առաջին փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին 163 սփիւռքահայ պատանի ու աղջիկ  7 երկրէ` Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ղազախստանէն, Գանատայէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն եւ Ֆրանսայէն:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ նշեց, մինչ այդ` Ապրիլ 10-20  «Արի տուն» ծրագրի յատուկ փուլով Հայաստան այցելած էին 66 պատանի ու աղջիկ  Ֆրանսայի Ալֆորուիլ քաղաքի «Ս. Մեսրոպ Արապեան», Փարիզի «Դպրոցասէր» եւ Մարսէյլի «Համազգային» վարժարաններէն` 10 ուսուցիչի ուղեկցութեամբ:

«Սիրելի՛ արիտունցիներ, բարով եկած էք Հայրենիք: Շնորհակալ ենք ձեր ծնողներուն, ուսուցիչներուն, որոնք վստահեցան եւ Հայաստան ուղարկեցին ձեզի` մասնակցելու հայրենաճանաչութեան այս լաւագոյն ծրագրին: Հիւրընկալ ընտանիքներուն մէջ 9 եւ ճամբարային 5 օրերու ընթացքին դուք պիտի այցելէք Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, թանգարաններ, հանդիպումներ պիտի ունենաք պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու հետ: Հայաստանի մէջ սորվեցէք, կատարելագործեցէք ձեր մայրենին եւ յիշեցէք, որ միայն լաւ մարդ  եւ մրցունակ մասնագէտներ դառնալով կրնաք ստեղծել ձեր արժանապատիւ ապագան եւ ձեր լուման ներդնել Հայրենիքի շէնացման գործին»:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան գերատեսչութիւններու եւ համայնքային ծառայութիւններուն` «Արի տուն» ծրագրի մասնակիցներուն Հայաստանի մէջ յաւուր պատշաճի ընդունելու, տեղաւորելու, անոնց անվտանգութիւնն ու ժամանցը կազմակերպելու համար:

Այնուհետեւ նախարարը աւանդոյթի համաձայն «Արի տուն» ծրագրի տարբերանշանով շապիկը հագցուց ծրագրի ամենակրտսեր մասնակիցին` Քուէյթի ազգային վարժարանի սան Ապութ Ղտէին: