Միացեալ Էմիրութիւններէն 7 Թոն Բժշկական Օգնութիւն՝ Հայաստանին


Բժշկական պարագաներով բեռնաւորուած օդանաւը՝ “Զուարթնոց” օդակայանին մէջ, 27 Ապրիլ 2020

«Արմենփրես»,- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները (ԱՄԷ) բժշկական պարագաներով լի օդանաւ մը ուղարկած է Հայաստան, որպէս աջակցութիւն «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջերս հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ապու Տապիի գահաժառանգ, շէյխ Մոհամմետ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի հետ, որուն հետ քննարկած է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ գործակցութեան կարելիութիւնը։ Գահաժառանգը պատրաստակամութիւն յայտնած է ամէն ձեւով օժանդակելու Հայաստանին:

Այս համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք` Ապրիլ 27-ին, յատուկ թռիչքով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Երեւան բերուեցան 7 թոն բժշկական պարագաներ՝ նախատեսուած «Քորոնա»ին դէմ պայքարին համար: Ամբողջ բեռը նուիրատուութիւն է Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութեան եւ ժողովուրդին կողմէ՝ ի հաւաստում Հայաստանի հանդէպ ունեցած բարեկամական ու առանձնայատուկ վերաբերմունքին։ Այս բժշկական օգնութենէն պիտի օգտուին առաւել քան 7 հազար բժշկական աշխատողներ։

Հայաստանի մօտ ԱՄԷի դեսպան Մուհամմետ Իսա ալ Քատտամ Ալ Զաապի ըսաւ, որ Էմիրութիւններուն համար պատիւ է, որ օգնէ այլ երկիրներու «Քորոնա»ի դէմ պայքարին մէջ։  Ան նշեց, որ Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութիւնը, ժողովուրդը եւ բոլոր բժշկական անձնակազմը կը միաւորեն իրենց ջանքերը՝ յանուն  այս ճգնաժամի յաղթահարման։ Մենք կը գիտակցինք, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ յաղթահարել ժահրը միայն միահամուռ ջանքերով եւ կառուցողական համագործակցութեամբ»։