Արցախեան Պատերազմի Նահատակներուն Ընդհանուր Թիւը


Ստեփանակերտի` Արցախեան պատերազմի զոհերու թանգարանի կայքին մէջ անուն առ անուն տեղադրուած են բոլոր այն մարդոց անունները (անոնց ծնած թուականը, վայրը, որոշ այլ մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ` նկարը), որոնք զոհուած են ինչպէս ռազմական գործողութիւններու ընթացքին` 1991-1994 թուականներուն, այնպէս ալ նախապատերազմեան` 1988-1990 թուականներուն (Սումկայիթ, Պաքու, «Օղակ» գործողութիւն), եւ յետպատերազմեան` «ոչ խաղաղութիւն, ոչ պատերազմ» տարիներուն, 1994ի մայիսեան անժամկէտ հրադադարէն մինչեւ այսօր:

Հակառակ որոշակի կրկնութիւններու (որոշ անուններ կը հանդիպինք երկու անգամ), ասիկա արցախեան պատերազմի զոհերու մասին ամէնէն ամբողջական, համապարփակ եւ վստահելի տեղեկատուութիւնն է մինչեւ այսօր հրապարակուածներու շարքին:

Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը կը ներկայացնէ զոհերու վիճակագրական ընդհանուր պատկերը:

Պատերազմի տարիներուն Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան զոհերուն ընդհանուր թիւը շուրջ 1.500 է:

Արցախէն եւս շուրջ 2.700 հոգի նահատակուած է ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, այսինքն այդ մարդիկ եղած են ազատամարտիկներ կամ իրենց հարազատ տուներու պաշտպաններ:

Եւս շուրջ 300 արցախցի զոհուած է 1994ի անժամկէտ հրադադարէն ետք:

Արցախի մէջ նահատակուած հայաստանցի ազատամարտիկներուն եւ զինուորներուն թիւը կը կազմէ 2.034 հոգի:

Եւս 1.326 հայաստանցիներ` ազատամարտիկներ, իրենց գիւղերու պաշտպաններ եւ խաղաղ բնակիչներ, զոհուած են պատերազմի տարիներուն Հայաստանի մէջ (հայ-ազրպէյճանական սահմանամերձ կռիւներու ընթացքին):

Հայաստանէն եւ Արցախէն անհետ կորածներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ շուրջ 600 հոգի:

Պատերազմի տարիներուն հայկական կողմէն կռուած եւ զոհուած ռուսերու, ուքրանացիներու ու նախկին խորհրդային այլ հանրապետութիւններու քաղաքացիներուն թիւը 37 է:

Զոհուած սփիւռքահայերու թիւը 4 է:

Զոհուածներու շարքին կան եւս մէկ տասնեակ իրանահայեր, որոնք, սակայն, նախքան պատերազմը տեղափոխուած էին Հայաստան:

Այս վիճակագրութեան մէջ չեն ներառուած 2015 եւ 2016 թուականներու կորուստները: