Յատուկ Նախագիծ. Ազատամարտիկ-Ագարակապանը


Լեւոն Ազրոյեան


«Արմէնփրես»․- Սիւնիքի մարզի Խնձորեսկ գիւղին մէջ ապրող Վահրամ Յովհաննիսեանի մասին ակնարկի մը համար նիւթեր հաւաքելու ընթացքին յստակացաւ, որ դիմացս նստող մարդը քաջ ու հայրենասէր հայորդի մըն է: Չէի գիտեր` ինչպէ՛ս ներկայացնել զայն, իբրեւ ազատամարտի՞կ, թէ՞ ագարակապան, որ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ մեծ յաջողութիւններու հասած է: Ամէն պարագայի, այդ մարդուն կեանքի երկու դրսեւորումներն ալ արժանի են դրուատիքի:

Վահրամ երկու անգամ վիրաւորուած է: Մինչեւ այսօր անոր կրծքավանդակին մէջ երկու բեկոր կայ: Հասկնալի է, որ անոնք զգացնել կու տան, եւ` այնքան խիստ, որ ան քանի մը անգամ «անդի աշխարհ գացած` ետ եկած է»…

Վիրաւոր ազատամարտիկը լուրջ բուժումի կարիք ունէր, ինչ որ բաւական սուղ էր: Հետեւաբար Վահրամ Յովհաննիսեան «ԱԿԲԱ-ՔՐԵՏԻԹ ԱԿՐԻՔՈԼ» դրամատունէն որոշ գումար մը փոխ կ՛առնէ, որպէսզի Գերմանիա մեկնի: Դժբախտաբար այդ գումարը բաւարար չէր, եւ ան այդ գումարով ագարակ մը կը հիմնէ: Եւ ահա մէկուկէս տասնամեակէ ան դրամատունէն օրինակելի վարկ ստացողներէն է:

Վահրամ հողի հետ աշխատանքին ծանօթ էր 8րդ դասարանէն: Անոր հայրը եղած է գիւղի` ցորեն հնձող հսկայ մեքենայ վարողներէն մէկը, հետեւաբար բնական է, որ պատանին մանկութենէն սիրած է մեքենաները: Այդ սէրը իրեն օգնած է յաջողութեան հասնելու:

«Հողը պէտք է մշակել, հողը կը սիրէ, երբ իրեն հետ հաշուի կը նստին: Միայն անբան մարդը կրնայ դժգոհիլ կեանքէն, երբ հեկտարներով հող ունի», կ՛ըսէ ագարակապանը:

Վահրամ լաւատես է: Թէեւ բժիշկները անոր 2-3 ամսուան կեանք տուած էին, սակայն ան արդէն աւելի քան հինգ տարիէ կ՛ապրի, կ՛ապրի ոչ թէ իբրեւ դատապարտուած, այլ բոլոր դժուարութիւններէն ելք փնտռող եւ յաճախ գտնող մարդ: Այդպիսին է ազատամարտիկ-ագարակապան Վահրամ Յովհաննիսեանը, որ կ՛ապրի եւ կը ստեղծէ Գորիսի հիանալի գիւղերէն մէկուն` Խնձորեսկի մէջ:

Վահրամի ագարակին մէջ կայ 20 կով (որոնցմէ 12-13ը` կաթնատու), 13 հորթ եւ 9 մայր խոզ: Նշենք, որ Վահրամ կը հաւատայ խոզաբուծութեան արդիւնաւէտութեան: Մէկ առ մէկ կը հաշուէ, թէ որքա՛ն եկամուտ կը բերեն իրեն մայր խոզերը` տասնեակ մը խոճկորներով:

Անասնապահութենէն ստացած եկամուտներուն մասին խօսելէ ետք Վահրամ կը պատմէ, որ իր հողատարածքներէն 60 հեկտարին վրայ կ՛աճեցնէ ցորեն, զոր կը հաւաքէ ցորեն հնձող սեփական հսկայ մեքենայով: Ասիկա եւս որոշ չափով եկամուտ է:

Ազատամարտիկ-ագարակապանը միշտ պրպտումներու մէջ է: Ընթացքի մէջ է նոր եւ աւելի ընդարձակ խոզանոցի եւ գոմի շինարարութիւնը: Վահրամ Յովհաննիսեան համացանցէն կարդացած է, որ գոմի աղբէն կարելի է կազ ստանալ: Կարդացած եւ ոգեւորուած է: Մտադիր է ժամանակակից արհեստագիտութեան այդ ձեռքբերումը կիրարկել իր հայրենի գիւղին` Խնձորեսկի մէջ:

Ան վստահ է, որ այդ նախագիծը պիտի իրականացնէ, որովհետեւ ունի «ԱԿԲԱ-ՔՐԵՏԻԹ ԱԿՐԻՔՈԼ» դրամատան նման վաղեմի գործընկեր:

Պատրաստեց՝ Մարիա  Արապաթլեան