Արցախի Աղաւնոյ Գիւղին Մէջ Տեղի Ունեցաւ 12 Բնակելի Տուներու Յանձնման Արարողութիւն


Տուներու յանձման արարողութենէն պատկերներ

«Ապառաժ»,- Մայիս 9-ի եռատօնին առիթով, Արցախի Հանրապետութեան Աղաւնոյ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ 12 բնակելի տուներու յանձնման արարողութիւնը: Տուները կառուցուած էին մինչեւ պատերազմը, շատերուն մէջ դեռ որոշ շինարարական աշխատանքներ տեղի կ’ունենան:

Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի խօսքով՝ բնակարաններու բաշխումը կատարուած է մշտական ապրող բնակիչներուն միջեւ: «Այսուհետեւ, մինչեւ Մայիս 28 ժամանակ տուած ենք, որ գիւղէն հեռացածները վերադառնան: Եթէ չի վերադառնան, երկրորդ փուլով պիտի բաշխենք նաեւ այն տուները, ուր մարդ չ’ապրիր: Եթէ չեն մնար, տունը՝ ապրողին, հողը՝ մշակողին», ըսած է Չաւուշեան:

Ըստ համայնքի ղեկավարին՝ այս թիւը մշտապէս կը փոխուի, բնակիչները կու գան-կ’երթան:

Անոր խօսքով՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնտ»ի յանձնախումբին միջոցներով աւարտած է դպրոցի մէկ մասին վերանորոգումը, այժմ կ’ընթանան բուժարանի կառուցման աշխատանքները, այնուհետեւ խաղահրապարակ պիտի կառուցուի: Համայնքին ղեկավարը նաեւ կարեւոր կը համարէ բնակիչներուն զբաղուածութեան հարցին լուծումը, որուն համար կ’ակնակալէ բոլոր հայերուն աջակցութիւնը:

Քանի մը ամիս առաջ բնակիչները տարակուսանքի մէջ էին՝ գիւղը հայկական պիտի մնա՞յ, թէ՝ ոչ: «Հայկական մնալը կապուած է այստեղ ապրող հայերէն: Եթէ մնանք, ոչ մէկ ուժ կրնայ մեզի այստեղէն հանել: Մենք ձեռքերնիս ծալած չենք նստիր, պաշտպանելու եւ պաշտպանուելու իրաւունք ունինք: Մեր տղոց արեամբ գծուած սահմնները մենք պէտք է որոշենք», ըսած է ան:

Մայիս 9-ին՝ Եռատօնին, տեղի ունեցած տուներու բաշխման արարողութիւնն ալ իր խորհուրդը ունի. «Մեզի համար «Հարսանիք լեռներում»ը դարձեալ պիտի գայ: Մենք այդ ուղղութեամբ կ’աշխատինք: Մենք պիտի մնանք այս հողին վրայ եւ պիտի նշենք այդ օրը: Ի հարկէ, ոչինչ առաջուան պէս է, վիրաւոր ենք, բայց հաստատ պիտի նշենք յաղթանակներու օրը: Հայը իրաւունք չունի գաղթական վիճակի մէջ ապրելու», վստահեցուցած է ան:

Նշենք, որ «Թորոնթոհայ»ը վերջերս հարցազրոյց մը ունեցած էր Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանին հետ՝ մօտէն ծանաթանալու գիւղի վիճակին եւ դրմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։