Արցախի Մէջ Կեանքը Կը Շարունակուի․ Տուներու Վերանորոգում, Ճանապարհներու Կուպրապատում․․․


Թաղավարդի Վերանորոգուող տուներէն մէկը

 «Արցախփրես»,- Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Թաղավարդ գիւղին մէջ կը վերանորոգուին պատերազմի հետեւանքով վնասուած բնակարանները:

Թաղավարդի գիւղապետ Օլեգ Յարութիւնեան կը տեղեկացնէ, որ այս պահի դրութեամբ համայնքին մէջ 51 տուներու ներոգութիւնը կ’ընթանայ: Կը շարունակուին նաեւ առանձնատուներու տանիքներու վերակառուցումը»։ 

«Ղաշխաքար» շինարակական ընկերութիւնը «Ռմբակոծութեան հետեւանքներու վերացում» ծրագրի ծիրէն ներս ստանձնած է գիւղի վնասուած կարգ մը տուներու վերանորոգութեան աշխատանքները։ «Բոլոր աշխատանքները կ՛իրականացուին շինարարական չափանիշներուն համապատասխան: Պատուիրատուն Արցախի Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնն է, իսկ ֆինանսաւորողը՝ Արցախի Կառավարութիւնը»,  կը յայտնէ ընկերութեան տնօրէն Արթուր Խաչատրեան:

Ըստ անոր՝ բացի իրենց ընկերութենէն եւս 3 կազմակերպութիւն կ՛աշխատի Թաղավարդի մէջ:

Կ’ասֆալտապատուի նաեւ Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ եւ Թաղավարդ գիւղերը իրարու կապող ճանապարհը:  

« Գործը ամէն օր կը սկսի առաւօտեան ժամը 8-էն մինչեւ երեկոյեան 6-ը: Ճանապարհի կառուցման հողային, խճապատման աշխատանքները սկսած են Յունիս 7-էն եւ ճանապարհի ամբողջական վերանորոգումը կ՛աւարտի Օգոստոսի վերջը: Կ’ասֆալտապատուի 3,5 քմ․ երկարութեամբ եւ 5 մեթր լայնութեամբ ճանապարհ», կը տեղեկացնէ կապալառու «Վերածնունդ» ընկերութեան ղեկավար Արթուր Իսախանեան:

Շինարարական աշխատանքներուն կողքին Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը երիտասարդներու համար ճամբար կազմակերպած է։

Յուլիս 16-ին, Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ տեղի ունեցած է ճամբարին բացումը: Երեք օրերու ընթացքին երեխաներուն համար պիտի կազմակեպուին պտոյտներ , արշաւներ, խաղեր, երգեր, պարեր եւ մրցոյթներ:

 Քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու պատասխանատու Կարինէ Յարութիւնեանի խօսքով` այս կերպով կը խրախուսեն երիտասարդները, որպէսզի յետագային անոնք աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն ունենան քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուող միջոցառումներուն:

 «2020-ին ճամբարը կազմակերպած էինք Պատարայի մէջ, իսկ հիմա որոշեցինք Գանձասար տանիլ մեր երիտասարդները: Ընդգրկուած են համալսարաններու, քոլէճներու, տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու 50 երիտասարդներ, որոնք քաղաքապետարանին կ’օգնեն տարբեր հարցերու, ունին մեծ ներդրում մշակութային կեանքին մէջ: Յետպատերազմեան շրջանին մենք որոշեցինք երիտասարդներուն ուրախութիւն պարգեւել», ըսած է Յարութիւնեան:

 

Մէկ այլ տեղեկերութեամբ՝ Հայաստանի Մէջ տեղահանուած Արցախցիներուն թիւը կը կազմէ 5448 ընտանիք` 21,615  հոգի

2021-ի Յուլիս 1-ի դրութեամբ Հայաստան ժամանակաւոր բնակող` Արցախէն տեղահանուածներուն թիւնը կը կազմէ 21615 մարդ կամ 5448 ընտանիք:

Անոնց 68.7%-ը կ՛ապրի Հայաստանի մարզերուն, 31.3%-ը` Երեւանի մէջ: