Արցախն Այս Շաբաթ


Յունիս 1-ին Ստեփանակերտի մէջ նշուած է Երեխաներու պաշտպանութեան օրը

Արցախի կարգավիճակին մասին քաղաքական արձականգներ

— Արցախի բոլոր քաղաքացիները իրենց երկրի ապագային վերաբերեալ ունին յստակ կարմիր գիծեր ու նպատակներ, որոնք Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է հաշուի առնեն միջազգային գործընկերներու հետ շփումներու ու հնարաւոր բանակցութիւններու ժամանակ: 

Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան

Անդրադառնալով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի յայտարարութիւններուն` Բեգլարեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճան պատրաստ չէ արժանապատիւ, հաւասար պայմաններով խաղաղութեան Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին հետ: 

Արցախի միջազգային ճանաչումէն ետոյ հնարաւոր պիտի ըլլայ դիտարկել Հայաստանի կազմ մտնելու հարցը, մինչ այդ Արցախի իշխանութիւնները պիտի շարունակեն Արցախը միջազգայնօրէն ճանչցնելու իրենց ջանքերը, ըսաւ Բեգլարեան «Ռիա Նովոստի»ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:

Ան ընդգծեց, որ Ազրպէյճան ներկայիս «ինքզինք ուժեղ կը զգայ, բայց ատոր պատճառը Թուրքիայէն ռազմաքաղաքական աջակցութիւն ստանալն է։ Այդ պատճառով Արցախի իշխանութիւնները ուղիներ պիտի փնտռեն, որպէսզի «աստիճանաբար, քայլ առ քայլ լուծեն իրենց խնդիրները, իսկ յետագային արդէն` Ազրպէյճանի հետ ուղիղ բանակցութիւններու միջոցով»:

Նշենք, որ Արտակ Բեգլարեանի հարցազրույցը հրապարակելուն պատճառով, պաշտօնական Պաքուն Ազրպէյճանի տարածքին արգելափակած է Ռուսական պետական լրատուական գործակալութեան՝ «ՌԻԱ Նովոստի»ի կայքի հասանելիութիւնը:

Ընկերային եւ մշակութային կեանքը Արցախի մէջ

— 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած ընտանիքներուն բնակարաններով ապահովելու նպատակով Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ նոր թաղամասեր կը կառուցուին:

Բնակարաններու շինարարութիւնը կը շարունակուի

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ երեք հազար բնակարաններու եւ առանձնատներու կառուցումը արդէն իսկ սկսած է, իսկ ընդհանուր ծրագիրով նախատեսուած է եօթ հազար տուն կառուցել եւ ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի Արցախի մէջ ապրող իւրաքանչիւր ընտանիք իր սեփական տունը ունենայ:

Արցախի Քաղաքաշինութեան նախարարութեան պատասխանատու Արամ Գասպարեան յայտնեց, որ ներկայիս նոր թաղամասեր կը կառուցուին Իւանեանի, Յովսէփաւանի, Աստղաշէնի, Նորագիւղի, Խնածախի, Այգեստանի, Դահրաւի, Կարմիր Շուկայի, Մարտունիի մէջ, որոնց մէկ մասը շինարարութիւնը կը լրանայ այս տարուան վերջը, իսկ մնացածը`2023 թուականին: Որոշուած է նոր թաղամասերը կառուցել գիւղերուն կից, որպէսզի աւելի հեշտ ըլլայ ենթակառուցուածքներու եւ աշխատատեղերու հարցերը դիւրութեամբ լուծել: Բնակարաններու շինութեան ծրագիրները կ’իրականացուին Արցախի պետական ամավարկի, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի, բարեգործական կազմակերպութիւններու եւ մասնաւոր ընկերութիւններու միջոցներով:

— Մայիս 29-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց բանակի սպաներուն նուիրուած միջոցառում:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Արցախի օրհներգով, որմէ ետք ներկաները յարգանի տուրք մատուցեցին հայոց բանակի զոհուած հերոսներու յիշատակին: Հնչեցին միայն հայրենասիրական կատարումներ: Կազմակերպիչներէն Նանար Պօղոսեան ելոյթի ըթնացքին ըսաւ․ «Կ’ուզեմ խոնարհիլ հայոց բանակին առջեւ, ազգիս առջեւ: Կ’ուզեմ մէկ անգամ եւս շեշտել, որ Արցախը հող չէ, Արցախը հայրենիք է, որ օծուած է հերոս զաւակներու, սրբասուրբ նահատակներու արեամբ, հրամայող արեամբ։ Էլինար Պօղոսեանի խօսքով` հայոց բանակի զինծառայողներուն հանդէպ պէտք է աւելի շատ սէր եւ հոգատարութիւն ցուցաբերել, քանի որ անոնց նուիրումը ոչնչով կարելի է չափել:

—Մարտակերտը Ստեփանակերտին կապող աւելի կարճ եւ նոր ճանապարհ կը կառուցուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով:  Այս բարեկարգ ճանապահի շինարութիւնը կ’աւարտի տարեվերջին։ Անիկա նաեւ պիտի օգնէ մօտագայ գիւղերու աշխուժացման։ Կը թարմացուի նաեւ երթեւեկութեան ցանցը եւ ելեկտրականութեան երթակառուցուածքները։ 

— Յունիս 1֊ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ մանկական միջոցառում: Կազմակերպող «Ժառանգութիւն եւ առաջընթաց» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Մարիամ Յովսէփեան ըսած է, որ միջոցառման կը մասնակցի աւելի քան 700 երեխայ: «Մասնակիցները 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով բռնի տեղահանուած ընտանիքներու, Ստեփանակերտի երեխաներու խնամքի եւ պաշտպանութեան գիշերօթիկ հաստատութեան, Արցախի ռուսական համայնքի, ինչպէս նաեւ Քերոլայն Քօքսի անուան վերականգնողական կեդրոնի սաներն են։

Երեխաներու օրուան ձեռնարկներէն պատկերներ

Նոյն օրը Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին կողմէ նոյնպէս  կազմակերպեց տօնական միջոցառում։ Քաղաքապետարանի պատասխանատուներէն Տաթեւիկ Բալայեան ըսած է, որ պատերազմէն ետք շատ դժուար է առաջին անգամ կազմակերպուել նման մեծ միջոցառում: Ծրագիրը յագեցած էր երգ ու պարով, մանկական հերոսներու մասնակցութեամբ խաղերով: Ընթացքին երեխաները նկարեցին իրենց երազած հայրենիքը, Արցախի արեւն ու բնութիւնը:

— Յունիս 1-ին սահմանապահ գիւղերուն համար նոյնպէս միջոցառումներ կազմակերպուեցան։ ID Bank-ի ֆինանսաւորմամբ՝ միջոցառումներ կազակերպուած են Մարտունիի սահմանապահ Քերթ, Խերխան, Կոլխոզաշէն, Խնուշինակ եւ Կարմիր Շուկայ գիւղերու երեխաներուն համար։ Միջոցառման նախաձեռնող Վաչէ Վարդանեան նշած է, որ ընտրած են սահմանապահ այն համայնքները, որոնք նաեւ փոքր են: Իրենք անակնկալներ մատուցած են փոքրիկներուն, մանկական ծրագիրը տօն պարգեւած է,  իսկ վերջը բոլոր երեխաները նուէրներ ստացած են։

«Անցեալ տարուան ձեռնարկը տեղի ունեցած էր Ստեփանակերտի մէջ եւ սահմանապահ գիւղերու երեխաները եկած էին մայրաքաղաք, այս տարի մենք գացինք գիւղեր, որպէսզի ցոյց տանք, որ այդ համայնքներու մէջ կեանքը կը շարունակուի: Խերխանի մէջ կար տասնհինգ երեխայ, որոնցմէ վեցը զոհուած հերոսներու երեխաներ էին, Կոլխոզաշէնի մէջ` մօտ քսան երեխայ, եւ նոյն այդ գիւղերուն մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել», ըսած է ան եւ աւլցուցած, որ Յունիսին նման միջոցառումներ եւս պիտի կազմակերպուին Արցախի սահմանապահ այլ գիւղերու մէջ:

— Յունիս 1-ին Մարտակերտի Վաղուհաս գիւղին մէջ բացուած է մանկապարտէզ։ Պետական միջոցներով եւ բարերարներու աջակցութեամբ կառուցուած շէնքը նախատեսուած է 60 երեխայի համար եւ ապահովուած է ժամանակակից բոլոր պայմաններով։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։ Ան ընդգծած է, որ իշխանութիւններուն կողմէ ամէն ջանք կը գործադրուի Արցախի մէջ երեխաներուն համար կայուն եւ արժանապատիւ ապագայ կառուցելու ուղղութեամբ:

 —Յունիս 1-ին` Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրը, Genesis Armenia ուղեղային կեդրոնը` «Ապագան հիմա է» բարեգործական կազմակերխութեան հետ  Արցախի մէջ մինչեւ մէկ տարեկան երեխաներուն տրամադրած է մանկական խնամքի պարագաներ:

Genesis Armenia-ի PR պատասխանատու Գառնի Մութաֆեան ծրագրի մասին նշած է․ «Մեր ծրագիրներուն 90%-ն կ’իրականացնենք Արցախի մէջ: Երեխաներուն համար պատրաստուած են 1800 նուէր-փաթեթ: Փաթեթներուն մէջ ներառուած են սրբիչներ, ծծակներ եւ կաթի շիշ, իսկ պայուսակն ալ ծնողները կրնան օգտագործել երեխաներուն իրերուն համար։ Նուէր-փաթեթներ բաժանած են Մարտունիի եւ Մարտակերտի Ասկերանի եւ Աղաւնոյի մէջ:

«Ծրագիրին պիւտճէն կը կազմէմօտ 28 միլիոն դրամ: Կազմակերպչական աշխատանքներուն մեզի աջակցած են Արցախի Առողջապահութեան, Ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան նախարարութիւնները եւ Տեղական ինքնակառավարման մարմինները»։

— Յունիս 1-ին, «Աննա Աստուածատուրեան» հիմնադրամը  «Սէր Արցախ» բարեգործական նախագիծի ծիրէն ներս նուէր֊տուփեր տրամադրած բոլոր այն նորածիններուն, որոնք այսօր կը գտնուին Ստեփանակերտի ծննդատան մէջ: Ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ Մարտունիի եւ Մարտակերտի ծննդատուները։

Հիմնադրամի ներկայացուցիչ Արմինէ Վարդանեան ըսած է, որ ծրագրին նպատակն է Արցախի բնակչութեան, նոր ծնող երեխաներուն ու իրենց ծնողներուն ըսել, որ Սփիւռքը անոնց  հետ է, կը սիրէ ու հոգատար է անոնց հանդէպ:

«Իւրաքանչիւր նուէր նախագծուած է հիմնադրամին կողմէ: Մանրամասն ուսումնասիրուած է, թէ ինչ անհրաժեշտ է ծնողքին, երեխային ծննդեան առաջին օրերէն: Այս պահին կ’իրականացուի դրամահաւաք, եւ հաւաքուած ամէն լուման պիտի ծառայէ նոր նուէրներ գնելուն: Յոյս ունինք, որ ծրագիրը պիտի տեւ ոչ թէ ամիսներ, այլ` տարիներ», նշած է ան:

— Շուշիի Եղցահող համայնքը ապահովուած է շուրջօրեայ ջրամատակարարմամբ:

Եղցահող

Եղցահողի գիւղապետ Արտակ Յակոբեան նշած է, որ տարուան այս եղանակին գիւղի բնակիչները զբաղուած են գիւղատնտեսական՝ աշխատանքներով, եւ կարեւոր էր ջուրի խնդիրը, որ արդէն լուծուած է:

«Մեծ մասը կը զբաղի բանջարեղէնի մշակութեամբ, մեղուաբուծութեամբ. մեղրի պահանջարկն օրէ օր կ՛աճի: Կան նաեւ անասնապահութեամբ եւ թռչնաբուծութեամբ զբաղողներ», ըսաւ ան:

Ըստ անոր` պատերազէն ետք գիւղին մէջ կեանքը բնականոն է: Այստեղ հաստատուած է տեղահանուած երեք ընտանիք։ Այդ ընտանիքներուն եւ գիւղի բնակիչներուն համար տասներկու առանձնատուն կառուցուած է:

Գիւղը ունի գիշերային լուսաւորութիւնը, գազ, ելեկտրականութիւն: Ճանապարհները լաւ վիճակի մէջ են։

Ասկերանի Լուսաձոր գիւղը ջուրի խնդիր ունի, որուն պատճառով գիւղատնտեսութիւնը կը տուժէ։ Գիւղապետ Միքայէլ Այվազեան ըսած է, որ ջուր կը ստանան շաբաթական մէկ ժամով:

«Գիւղը ունի 330 բնակիչ։ Անոնց մեծ մասը կը զբաղի գիւղատնտեսութեամբ: Այս տարի ցանած ենք գարի, ցորեն եւ այլ մշակաբոյսեր: Մարդիկ նաեւ մանր եղջրաւոր անասուններ կը պահեն», նշած է Այվազեան:

Լուսաձոր

Ան տեղեկացուցած է, որ գիւղի հարիւր երեխայի համար «Բարի Արցախ» նախագիծով խաղավայր կառուցուած է:

Պատերազէն ետք տեղահանուած շուրջ քառասուն ընտանիք է հաստատուած է` 155 բնակիչով։ Գիւղը ունի գազ, ելեկտրականութիւն, սակայն ցանցը գիւղի ողջ տարածքին նոյն հզօրութեամբ չի գործեր:

«Բուժկէտը քանի մը տարի առաջ վերանորոգուած է Հայ Օգնութեան Ֆոնտին կողմէ: Համայնքային կեդրոնի շէնքը վթարային է, ուր կը գործեն նաեւ գրադարանն ու ակումբը: Սակայն առկայ բոլոր խնդիրները չեն խանգարեր, որ գիւղացիկ շարունակեն արարել ու շէնցնել հայրենիքը», ըսած է գիւղապետը: