Արցախցի Տատիկին Տեղահանութիւնը


Լոռի Պէրպէրեան

Արդէն երկու շաբաթ անցաւ այս տարուան հայոց վերջին տեղահանութենէն։ Հայոց պատմութեան էջերը կը վկայեն, թէ մենք բազմաթի՜ւ անգամ տեղահանութեան ենթարկուած ենք։ Իւրաքանչիւրը մեր վրայ պարտադրուած էր մեր դարաւոր թշնամիին կողմէ՝ զէնքի ուժով ու հայկական հողերը գրաւելու նպատակով։ Սակայն այս անգամ, Արցախցիները վտարուեցան իրենց պապենական հողէն զարմանալիօրէն հայ ղեկավարներուն կողմէ, թուղթի մը ուժով ու հայկական հողերը յանձնելուն հետեւանքով։ 

Երբ Արցախցի տատիկը այս ճակատագրական համաձայնագրին ծանր իրականութեան մասին մտածեց, իր հայրենի գիւղը, առաջին անգամ ըլլալով, յանկարծ օտարացաւ իր աչքերուն։ Երկար խորհելէ ետք, ծանր որոշումը առաւ՝ իր տաքուկ տնակը լքելու եւ դէպի Հայաստան գաղթելու։ 

Ծերունին իր բոլոր իրերը հաւաքեց, որ գոնէ քանի մը օր դիմանայ, եթէ փողոցները մնայ։ Հաւաքեց նաեւ իր ուտելիքի պարենը, որ նոյնիսկ տեղահանութեան ճանապարհին մարդոց հիւրասիրէ իր տան սուրճն ու անուշեղէնը։ Ապա Հաւաքեց անասունները ու հնձեց իր բերքը, որ երբ ոճրագործները իր տունը հասնին, ուտելիքի փշրանքէ մը իսկ չօգտուին։ Ապա գիւղացին քանդեց ու առանց իսկ վարանելու մոխիրի վերածեց իր տան սիւները։ Ան ընդունած էր, թէ կարելի չէր ապրիլ գիտնալով, թէ պատրաստ տուն մը տրամադրած էր իր տղան սպաննող ոճրագործներուն։ Իր տաժանելի պարտականութիւնները կատարելէ ետք, խեղճացած ծերունին ճակատը խաչակնքեց ու վերջնականապէս հրաժեշտ տուաւ իր հայրենի տունին։  

Իր գիւղէն դուրս առաջին քայլը առնելէ առաջ, տատիկը ետեւ դարձաւ ու ափ մը հող հաւաքեց իր սուրբ հայրենիքէն ու շիշ մը ջուր մօտակայ լճակէն, որ որքան ալ հայ ազգէն գողնան հողամասեր, իր հայրենի հողէն ու ջուրէն մաս մը յաւիտեան իրեն պատկանի։ 

Մինչ իր գիւղէն կը հեռանար, կը նշմարէր իւրաքանչիւր տունէ ծուխ կը բարձրանայ եւ աւելի յաճախ կը լսէր հազեր ու լացեր, կարծես յուսահատութիւնը վարակած էր բոլոր տուներն ու բնակիչները։ Ճանապարհին, մէկ֊մէկ իր շուրջը գետին կ՛իյնային գիւղի ելեկտրականութեան լարերը ու հասակաւոր ծառերը։ Կարծեց՝ իւրաքանչիւրը կը գնդակահարուի, երբ տեսաւ, որ «յանցագործները» իր դրացիներն էին։ Մտածեց, թէ այդքան փայտը բաւարա՞ր էր սառն աշխարհին մէջ իր գիւղացիները ջերմացնելու համար։ Արդէն իսկ ան կը պաղէր՝ հեռացած էր իր օճախէն, իսկ ինքնակամ տեղահանութեան գաղափարը տատիկին հոգին կը դողացնէր։

Ուստի, ազնիւ Արցախցին միացաւ գաղթականներու զանգուածին՝ քալելով դէպի իր անորոշ ճակատագիրը, հայոց պատմութեան էջերուն վրայ ձգելով իր անմոռանալի հետքը։