Զրոյց` Գանատահայ Երգիչ Յարութ Պետրոսեանի Հետ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Երգարուեստի ուղիին մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցող եւ 15 տարիներու ընթացքին, օր ըստ օրէ, անունը աւելի փայլուն տառերով արձանագրող երգիչ Յարութ Պետրոսեան, մինչ օրս հրապարակած է տասը անձնական (single) երգեր, զանազան ալպումներ եւ տասնեակ տեսերիզներ:

Հալէպ ծնած, Լիբանանի մէջ պատանեկութիւնը անցուցած, 18 տարեկանին ընտանեօք Գանատա հաստատուած եւ Քէմպրիճ քաղաքի Conestoga College Institute of Technology-ի՝ Electronics Engineering Technology Telecommunication System ճիւղը աւարտած, սկաուտական եւ մարզական եռուն կեանք մը ունեցող, Թորոնթօ հաստատուած, ամուսնացած եւ երկու զաւակի հայր, երգիչ Յարութ Պետրոսեան,  կը պատմէ երգարուեստի մէջ ձեռք բերած յաջողութեան մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ վերջերս, Արցախի պատերազմին հերոսացած, Թորոնթոյի զաւակ, նահատակ Քրիստափոր Արթինի յիշատակին հրապարակած իր տեսահոլովակին մասին։

 

Երաժշտական Ուղի

Երաժշտական ճանապարհս սկսած է եկեղեցւոյ մէջ։ Լիբանանի պատերազմին պատճառով փոխադրուած ենք Գանատա եւ հօրս` Տէր Վարանդ քահանայ Պետրոսեանի կողքին ծառայած եմ Քէմպրիճի Ս․ Նշան եկեղեցւոյ մէջ, ուր մէջս զարգացած է երաժշտութիւնը։

Մեր տան մէջ յաճախ մտիկ կ’ընէինք հայ  երգիչներու տարբեր ժանրի երգերը, ուստի մանուկ հասակէս տպաւորուած եմ հայ երգիչներէն, ինչպէս` Յարութ Փամպուքճեան, Փօլ Պաղտատլեան, Ատիս Հարմանտեան եւ Մաքսիմ Փանոսեան։

Տարիներ ետք սկսած եմ գրել եւ յօրինել անձնական երգերս։ Հայրս, ընտանիքս եւ մանաւանդ տիկինս միշտ քաջալերող եղած են ինծի եւ կանգնած են կողքիս՝ արուեստի ճանապարհս գծելու ժամանակ։

2005-էն ի վեր սկսած եմ արձանագրել անձնական երգերս եւ առ այսօր արդէն ունիմ վեցէ աւելի ձայներիզ (CD) եւ շատ մը երաժշտական տեսահոլովակներ, որոնք տեղադրուած են YouTube-ի վրայ։

Ձայներիզներ, Անձնական Երգեր Եւ Տեսահոլովակներ

2005-ին ունեցայ իմ առաջին անձնական Album-ս՝ «Շփացուր ինձ» խորագիրով, ամբողջութեամբ իմ յօրինած բառերով եւ երաժշտութիւններով: 2007-ին հրապարակեցի՝ «Համբոյրդ Hampouyret», 2010-ին՝ «Այո Ayo», 2012-ին՝ «Relaoded» եւ 2015-ին՝ «Գարուն է Գարուն Karoun E Karoun»: Վերջին երեք տարիներուն շատ մը  single մեներգներով ալ հանդէս եկայ։ Երգերս արձանագրած եմ ձայնագրութեան տարբեր տաղաւարներու եւ տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Երեւան, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս եւ Թորոնթօ: Երգերուս գործիքաւորումն ու մշակումը կը պատկանին հռչակաւոր երգահաններու, ինչպիսիք են՝ Արեւիկ Մուրատեան, Մկրտիչ Խաչատրեան եւ Վարուժօ:

Ելոյթներ

Գանատայի տարբեր նահանգներուն մէջ ելոյթներ ունենալով մէկտեղ բախտը ունեցած եմ ճամբորդելու շատ մը երկիրներ, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներ, Պրազիլ, Շուէտ, Ֆրանսա եւ Լիբանան, ուր յաջող համերգներ տուած եւ ելոյթներ ունեցած եմ զանազան լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն, յունարէն եւ անգլերէն: Զանազան առիթներով, համերգներով  մաս կազմած եմ միութենական եւ անձնական ձեռնարկներու:

«Քրիստափորի» Յիշատակին Երգը

Վերջերս արձանագրած ու սրտիս շատ մօտիկ` «Քրիստափորի» յիշատակին երգին մասին կ’ուզեմ անդրադառնալ։ Քրիստափորին, Թորոնթոհայ գաղութին հարազատ զաւակին, միեւնոյն ժամանակ հարազատ ընկերոջս, որ նահատակուեցաւ ու դարձաւ Արցախի անմահ  հերոս, նուիրած այս երգս երգած պահուս շատ զգացուեցայ եւ ինծի համար շատ դժուար եղաւ երգելը, որովհետեւ արձանագրութեան պահուն զգացումներս զսպելը շատ դժուար էր։ Youtube-էն կրնաք դիտել Թորոնթոյի զաւակ, Արցախի անմահ հերոսին նուիրած երգիս տեսահոլովակը։

Ապագայի Ծրագիրներ եւ Բարեմաղթանք

Ուրախ եմ, որ այսօր ունիմ արուեստիս հետեւող անձեր եւ զիս քաջալերողներ։  Այս առիթով անգամ մը եւս կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել արուեստիս հետեւողներուն, որոնք միշտ ներկայ կ’ըլլան ձեռնարկներուս եւ ելոյթներուս։ Ներկայիս համաճարակը պատճառ դարձաւ, որ համարգներ չկայանան եւ ձեռնարկներ տեղի չունենան ու մենք հեռու մնացինք իրարմէ, սակայն նոր երգերուս արձանագրութիւնները երբեք չդադրեցան։

Ապագայի ծրագիրներս շատ են, բայց ամէն բանէ առաջ կ’աղօթեմ, որ բոլորս առողջ մնանք եւ այս սեւ ամպը անցնի մեր հայրենիքի երկինքէն ու փայլուն արեւը դարձեալ շողայ հայ ժողովուրդի գլխուն։