Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Տարեցներու Տունը Շուտով Իրականութիւն Կը Դառնայ


Հայ Կեդրոնի նախագահ Սեւակ Խօշեան խօսք կ՛առնէ յայտարարութեան ընթացքին, ներկայութեամբ՝ Օնթարիոյի Երկարատեւ Խնամքի նախարար Փօլ Քալենտրայի, խորհրդարանի անդամներ՝ Արիս Պապիկեանի, Վինսընթ Քէյի եւ Ռապին Մարթիի

Օնթարիոյի Կառավարութիւնը Հայ Կեդրոնին յատկացուց երեցներու 256 անկողինի արտօնագիր


Մարտ 9-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի  սրահէն ներս, Օնթարիոյի Երկարատեւ Խնամքի նախարար Փօլ Քալենտրա տուաւ մամուլի ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ Օնթարիոյի կառավարութիւնը պիտի աւելցնէ 1328 նոր եւ 641 վերանորոգուած երկարատեւ խնամքի անկողիններ՝ Թորոնթոյի 9 ոչ-շահութաբեր երկարատեւ խնամքի տուներուն մէջ:

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին տրուեցաւ 256 անկողինի արտօնագիր՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով մեկնարկելու Հայ Կեդրոնի Տարեցներու Տուն (Hallcrown Seniors Home) ծրագիրը: 

Միջոցառումին ներկայ էին խորհրդարանի անդամներ՝ Արիս Պապիկեան, Վինսընթ Քէ եւ Ռապին Մարթին, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Նախագահ Սեւակ Խօշեան։ Յայտարարութիւնը առաջին քայլն է ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու կեդրոնին երկարամեայ ճիգերուն: Յառաջիկայ ամիսներուն, Հայ Կեդրոնի Երկարատեւ Խնամքի ծրագրումի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:

Հայ Կեդրոնի Տարեցներու Տունը պիտի ունենայ 256 նոր անկողիններ՝ օժանդակելով Մեծն Թորոնթոյի մէջ ապրող տարեցներու համայնքին: Հաստատութիւնը պիտի ներառէ ժամանակակից արհեստավարժութիւն, ծառայութիւններ եւ ծրագրաւորում՝ տարեցներու համար, երկարատեւ խնամքի կառավարումի իր գործընկերներուն հետ: Հայ Կեդրոնի բարեսիրական առաքելութեան եւ հիմնական արժէքներու համաձայն՝ երկարատեւ խնամքի տունը պիտի գործէ որպէս ոչ-շահութաբեր հաստատութիւն:

Իր խօսքին մէջ, Հայ Կեդրոնի Նախագահ Սեւակ Խօշեան ըսաւ. «Հայ Կեդրոնի Երկարատեւ Խնամքի Ծրագիրի յայտարարութեամբ եւ նախարարութեան շնորհած արտօնագիրներով, հպարտութեամբ կը յայտնենք, որ պիտի մատուցենք մեր համայնքի բոլոր զաւակներուն, իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ անզուգական ծառայութիւններ, մեր միութիւններով եւ կազմակերպութիւններով: Հայ Կեդրոնի երկարատեւ խնամքի տունը զգալիօրէն պիտի բարելաւէ տարեցներուն մեր մատուցած ծառայութիւնները՝ ընդլայնելով Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան «Ռուբինա» մասնաճիւղի եւ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակի գործելադաշտը»:

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ յառաջիկային, Հայ Կեդրոնի Տարեցներու Տուն ծրագիրին վերաբերեալ:

Պատկերներ օրուան ներկաներէն