Լիւքսեմպուրկի Խոհարարութեան Համաշխարհային Մրցոյթին Իսկուհի Համբարձումեան Արժանացաւ Ոսկէ Մետալի


Աննա Գզիրեան


«Արմենփրես»,- Հրուշակագործ Իսկուհի Համբարձումեան երկար տարիներէ ի վեր կը բնակի Պելառուսիա: Հայաստանէն այնտեղ տեղափոխուած է 90ական թուականներուն: Իսկուհին կը պատմէ, որ շատ փոքր տարիքէն սիրած է խոհարարութիւնը:

«Բոլոր հայ կանայք այս կամ այն չափով կ՛ունենան խոհարարական հմտութիւններ: Ես դեռ դպրոցական տարիքէն կը սիրէի խոհանոցը, խմորեղէններ պատրաստելը: Երբ տունը առիթ մը ըլլար կամ հիւր գար, իմ ձեռքի պատրաստած խմորեղէնով, կարկանդակներով կը փորձէի ուրախացնել, հաճելին պարգեւել մտերիմներուս: Այդ աշխարհը ինծի շատ հոգեհարազատ էր», կ՛ըսէ ան:

Ան ամուսնացած է երիտասարդ տարիքին, ունեցած է երեք երեխայ, այդ շրջանին գրեթէ ժամանակ չէ ունեցած խոհարարական հմտութիւնները զարգացնելու, մասնագիտանալու: Բայց միշտ շարունակած է թխել, այդ գործին մէջ ինքնուրոյն նորոյթներ սորվիլ, իր աշխատանքը նորովի ներկայացնել: Անոր գործը գնահատողները իր ընտանիքն էր, հարազատներն ու ընկերները: Անգամ մը, ընկերներէն մէկուն առաջարկը խթան կը հանդիսանայ կեանքին մէջ կտրուկ փոփոխութիւններ ընելու: Տարիներ առաջ իր ընկերներէն մէկը, որ կ՛աշխատէր Պելառուսիոյ առողջարաններէն մէկուն մէջ, կ՛առաջարկէ մասնակցիլ խոհարարներու մրցոյթի` ներկայացնելով կարկանդակներ:

«Սկիզբը անակնկալի եկայ, որովհետեւ ես երբեք մրցոյթի չէի մասնակցած, իմ աշխատանքները արհեստավարժները չէին գնահատած: Ամէն պարագայի որոշեցի ներկայանալ այդ մրցոյթին, որուն կը մասնակցէին 16 առողջարաններէ խոհարարներ: Ես անակնկալի եկայ, շատ շոյուած էի, երբ իմ աշխատանքը արժանացաւ մրցանակի», կը պատմէ ան։

Այս մրցոյթը յետագային խթան հանդիսացաւ սիրողական զբաղումը արհեստավարժ հիմքի վրայ դնելու համար: Իսկուհի Համբարձումեանը իր կրթութիւնը շարունակած է Պելառուսիոյ, Ռուսիոյ մէջ, կարճ ժամանակ անց արդէն ոչ միայն կը սկսի այդ ուղղութեամբ աշխոյժօրէն աշխատելու, այլեւ նոյնիսկ վարպետութեան դասեր կու տայ տարբեր տեղեր: Ան կապը չի կորսնցեր Հայրենիքի հետ եւ պարբերաբար կուգայ Հայաստան, ուր իր հմտութիւնները կը փոխանցէ տեղացի գործընկերներուն: Հրուշակագործ Իսկուհին պարզապէս խմորեղէններ չի պատրաստեր, այլ անոնց կու տայ կերպարային լուծումներ:

«Ես ամէն մէկ գործը պէտք է սիրեմ: Եթէ որեւէ բան պէտք է պատրաստեմ, ապա որոշ ժամանակ ատոր հետ կապուած գաղափարը, միտքը վերլուծեմ, որպէսզի վերջնական հասկնամ, թէ ինչ կ՛ուզեմ ստանալ: Իմ աշխատանքը մեծ սիրով կ՛ընեմ` գործի մէջ վարպետութենէն բացի դնելով ջերմութիւն», կ՛ըսէ ան:

Ան մասնակցած է շարք մը խոհարարական մրցոյթներու Պելառուսիոյ, Ռուսիոյ, Եւրոպայի խոհարարական մրցոյցներու դարձած է բազմակի յաղթող: Նոյեմբերի վերջը ան իր հետաքրքրական աշխատանքով` թռչուն-կարկանդակով, որ ներկայացուած է «Animation cake» ժանրի մէջ, մասնակցած է Լիւքսեմպուրգի մէջ տեղի ունեցած «Խոհարարութեան Համաշխարհային Գաւաթ» մրցոյթին եւ արժանացած ոսկէ մետալի:

«Իմ աշխատանքը շատերու ուշադրութիւնը գրաւեց: Ինչպէս ես այդ կերպարը պատկերացուցած էի, այնպէս ալ ներկայացուցած էի դատական կազմին: Ի դէպ, շատ չէր խրախուսուեր փայլք օգտագործելը, նոյնիսկ կողքէն կ՛ըսէին, որ ես ատոր համար պիտի ստանամ պրոնզէ մետալ, բայց ատիկա ինծի չէր մտահոգեր: Ես իմ ամբողջական գործը այդպէս կը պատկերացնէի, ինծի համար կարեւորը այն է, որ ես իմ աշխատանքը գրագետ աւարտած եմ ու ներկայացուցած: Եւ շատ հաճելի էր ու ոգեւորող, երբ արժանացայ ոսկէ մետալին: Ինծի համար մեծ պատիւ է, ի վերջոյ աշխատանքդ կը գնահատուի: Ատկէ բացի, աշխարհի լաւագոյն վարպետներու կողքին եղած եմ, անոնց իւրաքանչիւր գործէն ինծի համար ինչ-որ բան վերցուցած: Գործը գրագէտ կատարելը բաւարար չէ, պէտք է կարենաս հոգի դնել, անիկա պէտք է խօսի, կանչէ», կ՛աւելցնէ ան: Մրցոյթին կը մասնակցէին 75 երկրէ շուրջ 2 հազար խոհարար:

Անոր հետաքրքրական գործերէն են Ձմեռ պապը, հրեշտակի տեսքով տիկնիկը, ծաղիկներու համադրութիւնները եւ այլն: Հետաքրքրականը այն է, որ քաղցրի մշակոյթի վարպետը  քաղցրի սիրահար չէ:

«ճիշդը ըսեմ, ես շաքարախտ ունիմ, հետեւաբար քաղցր չեմ ուտեր, բայց այդպէս սիրահար ալ չեմ: Իսկ իմ գործերս ես չեմ համտեսեր: Այնքան յստակ գիտեմ բաղադրութիւնը, որ նոյնիսկ չեմ փորձեր իմ պատրաստածը», կ՛աւելացնէ ան:

Իսկուհի Համբարձումեանը լի է եռանդով ու նոր գաղափարներով, ան յառաջիկային ալ պիտի շարունակէ ներկայանալ նոր գաղափարներով, իր հմտութիւնները փոխանցել երիտասարդներուն, աջակցիլ անոնց միջազգային մրցոյթներու մասնակցելու համար: Ան Խոհարարներու համաշխարհային ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ խոհարարներու միութեան անդամ է: