Լոռի Պէրպէրեան Կը Դասաւանդէ Արցախի Համար


«Թորոնթոհայ»,- Վերջերս համացանցին վրայ կարդացինք «Ես Կը Դասաւանդեմ Արցախի Համար» խորագիրով յայտարարութիւն մը, որ ՀՕՄի Ամենօրեայ Վարժարանի 12-րդ կարգի աշակերտուհի Լոռի Պէրպէրեանի նախաձեռնութիւնն էր՝ ի նպաստ Արցախին։ Լոռին,  4-էն մինչեւ 9-րդ կարգի աշակերտներուն առցանց պիտի դասաւանդէ՝ «Google Meets»ի միջոցով եւ պիտի օգնէ անոնց բարելաւելու իրենց գիտելիքը՝ հայերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի կամ գիտութեան դպրոցական նիւթերուն մէջ։

Լոռի Պէրպէրեան

Լոռին, դասաւանդելու իր պատրաստակամութիւնը յայտնելով, «Թորոնթոհայ»ին կ’ըսէ, որ աշակերտին հետ պատրաստ է աշխատելու դպրոցական օրուան աւարտին կամ  Շաբաթ օրերը, իսկ իւրաքանչիւր ժամի համար $25 արժողութեամբ դասերէն գոյացած գումարը պիտի նուիրէ Գանատայի ՀՕՄի՝ Արցախի  Ընտանիքներուն Օժանդակութեան Ծրագրին։

«Արցախի պատերազմը սկսելէն ի վեր սիրտս կը տանջուի, որովհետեւ հայրենիքս  կը ցաւի եւ ես հեռուէն կը դիտեմ ու կը զգամ անոր տառապանքը։ Այս զգացումով բաւական ապրելէ ետք որոշեցի, որ թէեւ ֆիզիքապէս չեմ կրնար վիրաւոր հայրենիքս գրկել, սակայն կը փորձեմ, հնարաւորութիւններս, դպրոցական գիտելիքներս ու ազատ ժամերս օգտագործելով, օգնել Արցախին։ Այսպիսով, թէ օգնած կ’ըլլամ ինծի մօտիկ հայ երեխաներուն եւ թէ օգտակար եղած կ’ըլլամ սրտիս մօտիկ Արցախի երեխաներուն», կը նշէ ան։ 

«Աստուած իւրաքանչիւրիս ձիրք մը պարգեւած է, որուն միջոցով կրնանք օգտակար դառնալ մեր կարիքը ունեցող Արցախի ժողովուրդին։ Արցախի մերընտանիքը պէտք չունի տխուր ու յուսալքուած հանդիսատեսի, այլ՝ աշխոյժ,  ծառայասէր ու գործօն զաւակներու։ Չդադրինք մեր հայրենիքէն մաս մը եղող Արցախին մասին մտածելէ ու անոր համար գործելէ», խօսքերով ան կը քաջալերէ բոլորս, որպէսզի մեր ջանքերը ի սպաս դնենք ի շահ մեր հայրենիքին ու հայրենակիցներուն։