Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի Հաւաքներու Տասնամեակի Նշում եւ Միսաք Մեծարենցի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ


Համազգայինի Գրասէրներու խմբակը

Արշօ Զաքարեան

Թորոնթոյի մէջ յաճախ կը տեսնենք եւ կը լսենք Գրասէրներու Խմբակին ձեռնարկներու ծանուցումը «Նոր Հայ Հորիզոն»էն, թերթէն եւ կամ համակարգիչէն։ Արդէն 10 տարիներէ ի վեր Համազգայինի այս խմբակը մեր գրականութեան գոհարները կը ներկայացնէ թորոնթոհայ գաղութին։ Մեր յիշողութեան մէջ կենդանի են այն ձեռնարկները, ուր կենսագրականներէ, ուսումնասիրութիւններէ, քերթուածներէ, նամականիներէ եւ գրութիւններէ հատուածներ հրամցուած են հանդիսատեսին՝ ամենայն բծախնդրութեամբ։ Իւրաքանչիւր անգամ պաստառի վրայ հեղինակներու լուսանկարները, ձեռագիրները, յաճախած դպրոցները, երբեմն նոյնիսկ ձայներիզի վրայ հեղինակներուն ձայները կ’ընկերակցին իրենց գրականութենէն քաղուած նիւթերուն։

Գրական յանձնախումբը գիտակցօրէն ընտրած է երիտասարդներ, որոնք իրենց յայտագրին մաս կը կազմեն։ Յանձնախումբի անդամները, քաջալերելով երիտասարդ ոյժերը, անոնց տուած են ուղղութիւն, աղբիւրներ, բացատրականներ, յաճախ շատերու հետ ներկայացման փորձեր կատարելով։ Գրական բնոյթի այս ծրագիներէն անդին, Գրասէրներու Խմբակին հաւաքները կը հետապնդեն յատուկ նպատակ՝ շարունակական հաւաքներու ընդմէջէն առիթ ընծայել հայ երիտասարդին, որ ան հայ գրականութեան էջերը սերտէ եւ գրական գործեր ներկայացնէ հայերէն լեզուով, մէկ խօսքով՝ Խմբակը կամուրջ մը ստեղծած է հայ երիտասարդին եւ հայ գրականութեան միջեւ։

Այնքա՜ն շնորհակալ ենք այս խմբակի ողնասիւնին՝ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանին, որ յառաջացուցած, համադրած եւ հետապնդած է այս ծրագիրը, իր կողքին միշտ ունենալով ուսուցիչներէն՝ Մուշեղ Գարագաշեանը,  Յասմիկ Պապեանը, Համազգայնական ընկերուհիներ՝ Արմինէ Թորիկեանը եւ Արտա Տէր Յակոբեան Էլէյճեանը, ինչպէս նաեւ ընկերներէն՝ Արեն Մնացականեանը, Վարագ Պապեանը եւ Ռուբէն Ճանպազեանը (Ռ․ Ճանպազեան Երևանէն ուղարկած ե-նամակին մէջ կը գրէ «…Ինչպէս մեր համայնքային կեանքի շատ մը փայլուն նախաձեռնութիւնները, մեր խմբակն ալ նոյնպէս կը գործէ մի քանի նուիրեալ կամաւորներու շնորհիւ, արհեստավարժութեան արդիւնքը տեսնելով յաճախ կը մոռնանք, որ կամաւորներն են, որ լոյս աշխարհ կը բերեն մեր հաւաքները։ Հազար ապրին մեր ընկերուհիները եւ ընկերները, որոնք ջանք չեն խնայեր, ու հայ գրականութեան հանդէպ իրենց ունեցած սէրն ու հաւատքը կը հրամցնեն թորոնթոհայութեան)»:

Կիրակի, Ապրիլ 3-ին, Միսաք Մեծարենցի նուիրուած միջոցառումը կը սկսի Համազգայինի Յ. Մանուկեան գրադարանին մէջ, կեսօրէ ետք ժամը 2-ին, այնպէս ինչպէս սովորութիւն դարձած է այսպիսի հաւաքներու պարագային։ Ձեռնարկը կը վարեն Կապրիէլլա Պաթիկեանն ու Ռիթա Խաչոյեանը։ Նախքան օրուան նիւթին անցնիլը, Կապրիէլլան ներկաները կը հրաւիրէ մէկ վայրկեան յոտնկայս՝ յարգելու յիշատակը Արցախի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներուն։ Ռ․ Խաչոյեան Մեծարենցի մասին վկայութիւններ կը փոխանցէ ներկաներուն, ապա կ՚ընթերցէ Մեծարենցի նամակներէն մին, ուղղուած՝ բժկհ. Օֆէլիա Ներկարարեան Գասապեանին։ Մեծարենցի կենսագրութիւնը եւ «Ցայգանուազ» խորագիրով արձակ բանաստեղծութիւնը կը լսենք Կապրիէլլա Պապիկեանէն։ Յարութ Տոնոյեան, Անի Խաչատրեան, Ալիք Պապողլեան եւ Ժպիտ Քէշիշեան կ՚արտասանեն Մեծարենցի՝ «Հիւղը», «Իրիկունը», «Անդարձ», «Սիրերգ», «Նոր Տարին», իսկ Աննա Մարիա Մուպայէտի ձայնագրութեամբ կը մասնակցի ու կ’արտասանէ՝ «Արդի Մարդու Հայր Մերը»։ Հաճոյքով կը լսենք Լիլիթ Նաճարեանի երգեցողութեամբ եւ Հրակ Գարամարտեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Մեծարենցի՝ «Սիրերգ»ը։ Յայտագրին մաս կը կազմէ՝ Առաջին Ալիք, Թատրոն 32-ի տեսանիւթերէն, Մեծարենցի մասին հատուած մը, ուր գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան կ՚արժեւորէ Մեծարենցը։

Ձեռնարկի աւարտին Համազգայինի վարչութիւնը եւ գրատարածի յանձնախումբը գնահատանքի նուէրներ կը փոխանցեն յայտագրի մասնակցողներուն եւ խմբակի հաւատաւոր երեք անդամներուն՝ Արա Տէր Յարութիւնեանին, որ տասը տարիներու ընթացքին կամաւոր պատրաստած է հաւաքներուն ծանուցումները, նաեւ շատ պատշաճօրէն, այդ բոլորը դասաւորած է որմնազարդի մը վրայ (այդ մէկը արդէն բացայայտ վկան եւ ցոլացումն է տասը տարիներու բազմաթիւ եւ բազմատեսակ աշխատանքին), երկրորդը՝ Արմինէ Թորիկեանին, որ փոքրերու Պատմութեան Ժամի եւ ձեռային աշխատանք ծրագրին պատասխանատուն է եւ Գրական Յանձնախումբին մէջ կը շարունակէ իր հետեւողական աշխատանքը,  երրորդը՝ գրասէրներու խմբակի հաւաքները յառաջացնող Թամար Տօնապետեան Գուզուեանին, որ անուրանալի առաջնորդը եղած է այս նախանձելի ծրագրին, որ  նոյնիսկ համաճարակի արգելափակման ծանր օրերուն անխափան շարունակեց իր աշխատանքը։ Ռուբէն Ճանպազեան, իր ե-նամակին մէջ երախտագիտական խօսք ուղղած, յաւելեալ ոյժ եւ կորով մաղթած է Թամարին ու հետեւեալ յիշատակութիւնը ըրած «Այստեղ յատուկ շնորհակալութիւն կ՚ուզեմ յայտնել ընկհ․ Թամարին, որ իր գաղափարն ու տեսիլքը ո՛չ միայն իրականութիւն դարձուց, այլ՝ ամբողջ նուիրումով եւ անձնազոհութեամբ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեան»։

Ձեռնարկի աւարտին Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ալինա Աւետիսեան ներկաները կը հրաւիրէ հատելու տասնամեակի առթիւ պատրաստուած կարկանդակը։

Թիւով յիսունէ աւելի ձեռնարկներով մեզ հարստացուցած գրասէրներու խմբակին այս ձեռնարկն ալ իր յաջողութեամբ յատուկ տեղ մը կը գրաւէ մեր սրտերուն ու յիշողութեան մէջ։ Ինչպէս՞ երախտապարտ չըլլալ, երբ մեր Կիրակի յետմիջօրէները եղած են օգտաշատ պահեր, ուր մեր սէրը՝ հանդէպ հայ գրականութեան կը կրկնապատկուի, մեր գիտելիքները կ՚աւելնան եւ մեր հորիզոնները կը բացուին դէպի մեր հարուստ գրականութիւնը։

Վստահ ենք, որ Սեւակներու, Սիմանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի, Յովհաննէս Շիրազի, Սայաթ Նովայի, Զապէլ Եսայեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Արամ Հայկազի, Խրախունիի, Համաստեղի, Պետրոս Դուրեանի եւ մեր մշակոյթի մեծամեծներու հոգիները կը խայտան ուրախութեամբ, երբ անոնք կը լսեն, թէ իրենց յաջորդող սերունդներն ու հայ ազգի երիտասարդ զաւակները ինչպէս կ՚արտասանեն, կ՚երգեն, կ՚ուսումնասիրեն, կ՚ապրին եւ կը ներշնչուին իրենց տաղերով, քերթուածներով, գրութիւններով եւ նամակներով, անշուշտ միշտ վառ պահելով իրենց փոխանցուած ջահին անմար կրակը։

Ապրիլ 5, 2022

Ձեռնարկին ներկաները
Լիլիթ Նաճարեան եւ Հրակ Գարամարտեան ելոյթի ընթացքին
Արշօ Զաքարեան եւ Թամար Տօնապետեան
Համազգային Շրջանային վարչութեան անդամ Էօժենի Բարսեղեան
Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ալինա Աւետիսեան եւ Թամար Թամար Տօնապետեան կարկանդակի հատման ժամանակ