Հայաստան՝ 20 Ամէնէն Նորարար Երկիրներու Շարքին


«Նիուզ».– Նոյեմբեր 18-19ին Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստան 20.18-2018թ.՝ Հայաստանը 20 ամենանորարար երկրների շարքում» խորագիրով գործարար նորարարական ֆորումը, որուն մասնակցած են նաեւ Հայաստանի փոխադրութեան, կապի նախարարութեան պատուիրակութիւնը՝ նախարարի տեղակալ  Գագիկ Թադեւոսեանի գլխաւորութեամբ:

Նախաձեռնութեան նպատակն էր նիւթերու համաձայն քննարկումներու, գործարար ներկայացումներու եւ կապերու միջոցով լուսարձակի տակ առնել Հայաստանի նորարարական զարգացման մարտահրաւէրները, քննարկել զանոնք յաղթահարելու եղանակներն ու ծրագիրները:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ ֆորումի մասնակիցները ողջունած է Գագիկ Թադեւոսեան՝ նշելով, որ նախաձեռնութիւնը կարեւոր է նորարարական ոլորտին մէջ գործողներն ու անկէ օգտուողները համախմբելու, առկայ հիմնախնդիրները միասնաբար քննարկելու եւ համագործակցութեան ձեւաչափեր մշակելու համար:

«Հայաստան 20.18 – 2018թ.՝ Հայաստանը 20 ամենանորարար երկրների շարքում» գործարար նորարական ֆորումին մասնակցած են  միջազգային կազմակերպութիւններու շուրջ 200 ներկայացուցիչներ՝ Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Պուլկարիայէն, Իսրայէլէն եւ Վրաստանէն:

Ֆորումը կազմակերպուած է «Ինֆորմացիոն տեխնոլոգիաների ձեռնարկութիւնների միութեան» կողմէ: