Հայաստանի Մէջ Օդանաւ Մը Անուանակոչուեցաւ Նահատակ ՀՄԸՄական Գրիգոր Ղազարեանի Անունով


«Արմենիա» օդանաւի ընկերութեան Դիմատետրի էջէն կը տեղեկանանք, որ :«Արմենիա» օդանաւի ընկերութեան օդանաւերէն մէկը անուանակոչուած է արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած ՀՄԸՄական Գրիգոր Ղազարեանի անունով: «Գրիգոր ազգային մշակոյթի կրողն ու քարոզիչներէն մէկն էր, ինչպէս նաեւ` ձիարշաւի մեծ սիրահար եւ սկաուտական շարժումի աշխուժ մասնակից»:

Անոր համակարգիչին մէջ գտնուեցան բազմաթիւ ազգային ոճով նկարներ, հայ ազատամարտիկներու նուիրուած նիւթեր, իսկ ամէնէն կարեւորը` այս երկտողը. «Բոլոր սիրոյ դրսեւորումները, որոնց մենք կրցանք հանդիպիլ մեր կեանքին մէջ` միայն հայրենիքինն է, որ մարդ կրնայ կրել իր մէջ», հերոսը նշած է իր գրառման մէջ:

Անուանակոչութեան արարողութենէն պատկեր մը