ՀՕՄ-ը Կը Պարգեւատրէ Հայրենիքի Պաշտպանութեան Ընթացքին Վիրաւորուած Ուսանողները


ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անդամուհիները՝ պարգեւատրուած հայրենիքի պաշտպան ուսանողներու հետ

ԵՐԵՒԱՆ,- Նոյեմբեր 28-ին ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը իրականացուց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան “Լաւագոյն ուսանող” ծրագիրը:

1993-էն սկսեալ ՀՕՄ-ը կը պարգեւատրէ Հայաստանի համալսարաններուն մէջ  սորվող լաւագոյն ուսանողները` իւրաքանչիւր տարի ծրագիրին մէջ ընդգրկելով 55 ուսանող: Պարգեւատրման գումարը աշխարհի 27 երկրի մէջ ապրող ՀՕՄ-ուհիներու միջոցով կը հաւաքուի:

Այս տարի կազմակերպութեան յատուկ որոշումով պարգեւատրուեցան հայրենիքի պաշտպան ուսանողները, որոնք հայրենիքի առջեւ իրենց պարտքը կատարելու ընթացքին վիրաւորուած են կամ ունին առողջական հարցեր:

«Կը շնորհաւորենք բոլոր պարգեւատրուած ուսանողները եւ կ՛ակնկալենք, որ ուսման մէջ անոնք արձանագրեն նոյնքան վճռականութիւն եւ կամք` հասնելու իրենց երազանքներուն եւ նպատակներուն», կը նշէ ՀՕՄ-ը:

 

 ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարինէ Համբարձումեան կը պարգեւատրէ զինուորական ծառայութեան ընթացքին վիրաւորուած ուսանող մը