Մեր Զաւակները Ճնշող «Քորոնա» Ժահրին Դժուարութիւններուն Դիմադրելու Միջոցները


Թարգմա­նե­ց՝ Լոռի­ Պէրպէ­րե­ան

Ծնողնե­րը­ բաւա­կա­ն ծանրա­բե­ռնո­ւա­ծ են վերջե­րս: Անո­նք թէ՛ իրե­նց նեղո­ւթի­ւննե­րը­ կը կառա­վա­րե­ն եւ թէ՛ զաւա­կնե­րո­ւն օգնե­լ կը փորձե­ն` դիմա­դրե­լո­ւ «քորո­նա» ժահրի­ն բերա­ծ խնդիրնե­րո­ւ ճնշումին:

Բարե­բա­խտա­բա­ր, ժահրի­ն բերա­ծ բոլո­ր դժուա­րո­ւթի­ւնե­րը­ թեթե­ւցնո­ղ եւ օգնե­լո­ւ միտո­ւմո­վ ձեռք մեկնո­ղ Հայկա­կա­ն Ամե­րի­կե­ան Հոգե­կա­ն Առո­ղջո­ւթե­ան Կազմա­կե­րպո­ւթի­ւնը­ (ՀԱՄԱ­Կ-Armenian American Mental Health Association) եւ անո­ր անդա­մ, մանուկներու հոգե­բոյժ, մասնա­գէ­տ Լուի­ս Մ․ Նա­ճա­րե­ան (Louis M. Najarian, MD) կը հասնի­ն խուճա­պի­ մատնո­ւո­ղ ծնողքի­ն ու անո­նց զաւա­կնե­րո­ւն օգնո­ւթե­ան:

Մասնա­գէ­տ Նաճա­րե­ան կը յայտնէ­, թէ` «Երե­խա­նե­րը­, մանա­ւա­նդ չափա­հա­սնե­րը­,  տեղե­ակ են ժահրի­ն եւ անո­ր պատճա­ռո­ղ հնարա­ւո­ր վնասի­ն մասի­ն: Իրե­նց համա­ր տնտեսա­կա­ն ճնշումը­, դպրոց չյաճա­խե­լը­, առա­ւե­լ եւս ընտա­նի­քի­ բոլո­ր անդա­մնե­րո­ւն հետ տունը­ մնալը­ շատ ճնշիչ է: Այս պարա­գա­յի­ն կարե­ւո­ր է անո­նց յիշե­ցնե­լ, որ ցարդ ԺԱՀՐԻ­Ն ՊԱՏՃԱ­ՌՈ­Վ Ո՛Չ ՄԷ­Կ ԵՐԵ­ԽԱ­Յ ՄԱՀԱ­ՑԱ­Ծ Է»:

Բժիշկ Նաճա­րե­ան այս օգտա­կա­ր պատկե­րը­ ցոյց կու տայ պզտիկնե­րո­ւն:

Ան կը շեշտէ­, որ այս  պատկե­րը­ օգտա­կա­ր է այն առո­ւմո­վ, որ պզտիկնե­րո­ւն ստիպե­լ կու տայ կեդրո­նա­նա­լո­ւ հետե­ւե­ալ իրա­կա­նո­ւթե­անց վրայ: Անո­ր նայե­լո­վ անո­նք կը նկատե­ն, որ միայն իրե­նց զբաղո­ւմնե­րը­ փոխո­ւա­ծ են, իսկ այս պարա­գա­յի­ն ի՞նչերն են, որո­նք չեն փոխո­ւա­ծ: Չեն փոխո­ւա­ծ մեր ծնողնե­րը­, ընտա­նի­քը­, տունը­, ընկե­րնե­րը­, մեծ հայրը­, մեծ մայրը­, շունը­, դրամը­, ուտե­լի­քը­, շրջակա­յքը­…: Պզտիկնե­րը­ տակա­ւի­ն շատ աւե­լի­ն կրնան նշել, որո­վհե­տե­ւ անո­նց ստեղծա­գո­րծա­կա­ն կարո­ղո­ւթի­ւնը­ հիանա­լի­ է:

Պզտիկնե­րն ու պատա­նի­նե­րը­, ընդհա­նրա­պէ­ս կ’արտա­ցո­լե­ն իրե­նց շրջապա­տո­ղ չափա­հա­սնե­րո­ւն վարո­ւե­լա­կե­րպը­: Ծնողնե­րն ու խնամա­կա­լնե­րը­ լաւա­գո­յն ձեւո­վ օգնա­ծ կ’ըլլա­ն իրե­նց զաւա­կնե­րո­ւն, երբ անո­նք հանդա­րտո­ւթե­ամբ եւ ինքնա­վստա­հո­ւթե­ամբ առնչո­ւի­ն COVID-19-ի պատճա­ռա­ծ մտահո­գո­ւթի­ւննե­րո­ւն հետ:

Մասնա­գէ­տը­ ծնողնե­րո­ւն կը թելա­դրէ­ հետե­ւե­ալ քայլե­րո­ւն դիմե­լո­վ խաղա­ղ պայմա­ննե­ր ստեղծե­լ իրե­նց զաւա­կնե­րո­ւն: Ան կ’ըսէ­.

  1. Կառա­վա­րե­ցէ­ք ձեր վրայ ազդո­ղ ճնշումը­` սննդարա­ր ճաշե­ր ուտե­լո­վ, օրա­կա­ն դրութե­ամբ մարզա­նք ընե­լո­վ, բաւա­րա­ր քնանա­լո­վ, խմիչքէ­ն եւ թմրեցո­ւցի­չնե­րէ­ն խուսա­փե­լո­վ: 
  2. Ձեր զաւա­կի­ն տեղե­ակ պահե­ցէ­ք, որ ձեր կարե­լի­ն կ’ընէ­ք ընտա­նի­քը­ ապա­հո­վ պահե­լո­ւ համա­ր: 
  3. Պատա­հո­ղ դէպքե­րո­ւն մասի­ն խօսե­ցէ­ք ձեր զաւա­կի­ն հետ պարզ ոճո­վ ու լաւա­տե­սո­ւթե­ամբ:
  4. Առի­թ տուէ­ք ձեր զաւա­կի­ն իր մտահո­գո­ւթի­ւնը­ արտա­յա­յտե­լո­ւ եւ պատա­սխա­նե­ցէ­ք անո­ր հարցո­ւմնե­րո­ւն (նկատի­ առնե­լո­վ անո­ր տարի­քը­): 
  5. Ձեր զաւա­կի­ն տուէ­ք ինքնա­կա­ռա­վա­րմա­ն զգացո­ւմ (ձեռքե­րը­ լուա­լո­ւ ճիշդ ձեւը­, երե­սի­ն չդպչելո­ւ պարա­գա­ն, եւա­յլն):
  6. Պզտիկնե­րը­ տարբե­ր ձեւե­րո­վ կ’արտա­յա­յտո­ւի­ն` արտա­սո­վո­ր պարա­գա­նե­րո­ւ ժամա­նա­կ, ուստի­ կեդրո­նա­ցէ­ք ձեր զաւա­կի­ն յատո­ւկ պէտքե­րո­ւն վրայ եւ լաւա­տե­սո­ւթի­ւն ու հանգստո­ւթի­ւն ներշնչե­ցէ­ք անո­ր:

Բոլո­ր մանո­ւկնե­րն ու պատա­նի­նե­րը­ միեւնո­յն ձեւո­վ չէ, որ կը վարո­ւի­ն դժուա­րո­ւթի­ւննե­րո­ւ եւ ճնշումնե­րո­ւ ժամա­նա­կ: Ուստի­ հետե­ւե­ալ քանի­ մը փոփո­խո­ւթի­ւննե­րո­ւն կրնաք հանդի­պի­լ`

– Փոքր երե­խա­նե­րո­ւ պարա­գա­յի­ն չափա­զա­նց լաց: 

– Հին սովո­րո­ւթի­ւննե­րո­ւ եւ վարքի­ վերա­դա­րձ (լուա­ցա­րա­նի­ կամ անկո­ղի­նի­ արկա­ծնե­ր-միզե­լ):

– Չափա­զա­նց մտահո­գո­ւթի­ւն կամ տխրութի­ւն:

– Ճաշե­լո­ւ ու քնանա­լո­ւ ո՛չ ա­ռո­ղջա­պա­հա­կա­ն սովո­րո­ւթի­ւննե­ր:

– Պատա­նի­նե­րո­ւ պարա­գա­յի­ն` անհա­մբե­րո­ւթի­ւն եւ բարկո­ւթի­ւն:

– Դպրոցա­կա­ն պարտա­կա­նո­ւթի­ւննե­րո­ւ մէջ թերա­ցո­ւմ կամ դպրոցի­ անտե­սո­ւմ:

– Ուշա­դրո­ւթե­ան եւ կեդրո­նա­ցմա­ն դժուա­րա­ութի­ւն:

– Նախա­պէ­ս սիրո­ւա­ծ զբաղո­ւմնե­րէ­ հեռա­ցո­ւմ:

– Անբա­ցա­տրե­լի­ գլխացա­ւե­ր եւ մարմնի­ ցաւե­ր:

– Խմիչքի­ եւ ծխախո­տի­ կամ այլ թմրեցո­ւցի­չի­ գործա­ծո­ւթի­ւն:

 Հետե­ւե­ալ քայլե­րո­ւն հետե­ւե­լո­վ օգնո­ւթե­ան ձեռք մեկնե­ցէ­ք ձեր զաւա­կնե­րո­ւն`

– Ժամա­նա­կ տրամա­տրե­ցէ­ք ձեր զաւա­կի­ն հետ խօսե­լո­ւ COVID-19֊ի մասի­ն: Պատա­սխա­նե­ցէ­ք անո­ր հարցո­ւմնե­րո­ւն եւ հասկնա­լի­ ձեւո­վ մը փաստե­ր ներկա­յա­ցո­ւցէ­ք այդ ժահրի­ն մասի­ն:

– Ձեր զաւա­կի­ն վստահե­ցո­ւցէ­ք, որ ան ապա­հո­վ կացո­ւթե­ան մէջ է: Անո­ր տեղե­ակ պահե­ցէ­ք, որ կը հասկնա­ք անո­ր մտահո­գո­ւթե­ան պատճա­ռը­: Յաճա­խ հանդա­րտ վարո­ւե­ցէ­ք, որպէ­սզի­ ան ձեզմէ­ օրի­նա­կ առնէ­ ու խուճա­պի­ չմատնո­ւի­: 

– Ձեր զաւա­կնե­րո­ւն բացա­տրե­ցէ­ք ժահրի­ն մասի­ն հրապա­րա­կո­ւա­ծ լուրե­րո­ւն բովա­նդա­կո­ւթի­ւնը­, որո­վհե­տե­ւ պզտիկնե­րը­ կրնան սխալ մեկնա­բա­նե­լ իրե­նց լսած տեղե­կո­ւթի­ւննե­րը­ եւ անո­ր արդի­ւնքո­վ լսած, բայց չհասկցա­ծ նիւթէ­ն վախնա­լ:

– Փորձե­ցէ­ք հետե­ւի­լ ամէ­նօ­րե­այ վարժո­ւթի­ւննե­րո­ւ: Ստեղծե­ցէ­ք ուսո­ւցո­ղա­կա­ն եւ հաճե­լի­ զբաղո­ւմնե­րո­ւ յայտա­գի­ր մը:

– Ձեր զաւա­կնե­րո­ւն համա­ր օրի­նա­կե­լի­ եւ տիպա­ր կերպա­ր եղէ­ք, այսի­նքն` բաւա­րա­ր չափո­վ քնացէ­ք, մարզա­նք ըրէ­ք եւ օգտա­կա­ր ուտե­ստե­ղէ­ն կերէ­ք: Հեռա­ձա­յնո­վ կապո­ւե­ցէ­ք ձեր բարե­կա­մնե­րո­ւն եւ ազգա­կա­ննե­րո­ւն հետ…

 Ուշա­դրո­ւթի­ւն դարձո­ւցէ­ք հետե­ւե­ալ անհա­նգստո­ւթե­ան նշաննե­րո­ւն.-  

  1. Թմրութե­ան, անո­րո­շո­ւթե­ան, անձկո­ւթե­ան կամ վախի­ զգացո­ւմնե­րո­ւն,
  2. Ուտե­լո­ւ, ախո­րժա­կի­ կամ զբաղո­ւմնե­րո­ւ ծրագրի­ մէջ խանգա­րո­ւմնե­րո­ւ, աշխո­ւժո­ւթե­ան անհե­տա­ցմա­ն,
  3. Կեդրո­նա­նա­լո­ւ դժուա­րո­ւթե­ան,
  4. Քնանա­լո­ւ դժուա­րո­ւթե­ան կամ մղձաւա­նջնե­րո­ւ, տխուր մտածո­ւմնե­րո­ւ կամ երե­ւո­յթնե­րո­ւ առկա­յո­ւթե­ան,
  5. Գլխացա­ւե­րո­ւ, մարմնի­ ցաւե­րո­ւ, մարսո­ղա­կա­ն խնդիրնե­րո­ւ եւ մորթի­ վրայ յայտնո­ւո­ղ վէրքե­րո­ւ,
  6. Առո­ղջա­պա­հա­կա­ն խնդիրնե­րո­ւ վատթա­րա­ցմա­ն,
  7. Ջղայնո­ւթե­ան կամ դիւրա­բո­րբո­ք ընթա­ցքի­ն, 
  8. Ոգե­լի­ց ըմպե­լի­քի­ յաճա­խա­կի­ գործա­ծո­ւթե­ան կամ թմրեցո­ւցի­չի­ օգտա­գո­րծմա­ն: