Պաքուն Կը Պահանջէ Հեռացնել Արցախի Բնակավայրերուն Հայերէն Անուանումները


 «Թերթ․am»,- Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական դիւանագիտական ուղիներով դիմած է Google ընկերութեան` խնդրելով հրաժարիլ Արցախի` 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու հայկական անուանումներու օգտագործումէն:

Google Maps յաւելուածին մէջ Ազրպէյճանի վերահսկութեան տակ արցախեան քաղաքներու եւ շրջանների անունները նշուած են ազրպէյճաներէն եւ հայերէն լեզուներով:

Երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Լէյլա Ապտուլաեւա յայտնած է, որ «ընկերութեան ղեկավարութեան ուղարկուած է նամակ, ուր ներկայացուած են Ազրպէյճանի համապատասխան տարածքներու պաշտօնական աշխարհագրական անուանումներուն ցանկը»: