Տիրուկին հետ․ Տէ՛, Զարնենք Տհոլը


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան 

Առտու կանուխ ժամը վեցն էր ու ես դարձեալ վազեցի եւ մեր շէնքի պուրակին դեղնած խոտերը կոխկռտելով հասայ երկաթեայ դրան մօտ, ուրկէ յաղթական դիրքով դուրս նետուեցայ, մայթին անկիւնը կեցայ եւ ուշացած հանրակառքը սպասեցի։ «Թերեւս հանրակառքը չէ ուշացողը, այլ` ես…», ըսի ես ինքնիրենս ու ` «Վաղը քիչ մը շուտ պիտի արթննամ եւ խոտերը առանց ոտնակոխ ընելու, օրինաւոր ճամբայէն, քալելով կանգառ պիտի հասնիմ», խոստացայ ես ինծի։ 

Ինձմէ առաջ կանգառ հասած երեք պատանուհիներ հանրակառքին հասնելու ժամը ստուգելու համար իրենց ձեռնահեռաձայններուն կը նայէին։ Նիհար ու մանրակազմ աղջիկները թերեւս շատոնց եկած-կեցած էին հոն ու Մարտի խենթ հովին դէմ կը պայքարէին, բայց հոս` Թորոնթոյի հովը, աւելի ճիշդը` հողմը կամ քամին, միայն Մարտին չ’արձակեր իր զինուորները, որոնք առանց յոգնելու կռիւ կը մղեն իւրաքանչիւր թաղի մէջ, այլ` տարին-տասներկու ամիս սանձարձակ կը սուրան ու մարդոց անդորրը կը խանգարեն։ 

Այդ անողոք հողմերուն հարուածներէն ու հրմշտուկներէն պաշտպանուելու միջոցներէն մէկը շատ ուտել ու գիրնալն է թերեւս, եթէ քիչ մը ծանրակշիռ ըլլաս, կրնայ ըլլալ կարենաս առանց ետ-առաջ մղուելու կամ հոս ու հոն զարնուելու, երբեմն ալ առանց գետին իյնալու շարունակել ճամբադ կամ գամուիլ տեղդ, իսկ նիհարներու պարագային՝ վերարկուի գրպանները քարեր տեղաւորելը գէշ գաղափար մը չէ կարծեմ։ 

Հանրակառքը ուշացաւ ու քամին աւելի սաստկացաւ։ Վերարկուս վերէ՜ն-վար կոճկեցի, քիչ անց պայուսակէս բուրդէ վզկապս հանեցի ու դժուարութեամբ վզիս շուրջ տեղաւորեցի, մէկ վայրկեան ետք գլխարկս էր քամիին ապտակներէն գլուխս պաշտպանողը եւ ի վերջոյ ձեռնոցներս իրենց տեղերը գտան ու տաքցնել փորձեցին դողդղացող մատներս։ 

Ես կազմ ու պատրաստ էի՝ խելայեղ հողմերուն դէմ ելլելու, սակայն քովս կեցող պատանուհիներուն անպաշտպան մարմինները իրենց կրած կարճ ու բարակ բաճկոններուն տակ կը մսէին։ 

Աղջիկներէն մէկը կռնակը քամիին տուաւ ու ոտքերը բանալով հաւասարակշռութիւնը պահել փորձեց, բայց մի քանի մեթր առջեւ մղուեցաւ ու հաստաբուն ծառին կոճղին փաթթուելով յաջողեցաւ անշարժ մնալ. երկրորդը` ինկած պայուսակը վերցնելու ժամանակ գետին փռուեցաւ, իսկ երրորդ երիտասարդուհին, որ կանգառի սպասման ապակեայ սենեակին շատ մօտիկ էր` քամիին հակառակ ուղղութեամբ քալեց ու բաւական չարչարուելէ ետք յաջողեցաւ սենեակէն ներս մտնել ու հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ ` “Come, come, here is safe” գոռաց մեզի։ 

_ Ի՜նչ լաւ է, որ քիչ մը գիրցած եմ,- մրթմրթացի ժպտելով, – աւելորդ քիլօներս գործի ծառայեցին, – քիթիս տակէն խնդալով աւելցուցի։

Հանրակառքը վերջապէս հասաւ ու չորսս մէկ վազելով նետուեցանք ներս եւ՝ «Բարի օր» մաղթեցինք իրարու։ 

Անհաւասար ոյժերու պատերազմը հասած էր աւարտին ու մենք ապահով էինք։ 

Դուրսի սանձարձակ քամիէն պաշտպանուելու միջոցներու ապահովումը անհրաժեշտ էր ու մենք` այս կամ այն ձեւով պաշտպանուեցանք մինչեւ որ հասանք ապահով ափ, իսկ մեր հայրենիքին ու հայրենակիցներուն պարագային ի՞նչ եղաւ, ինչո՞ւ չկրցանք պաշտպանուիլ ահաւոր փչող ու տուն աւերող դուրսի խենթ ու բարբարոս քամիներէն։

Այնքան ատեն, որ պաշտպանուած չէինք, կամ մեզի ապահով ափ հասցնող հանրակառքը կը բացակայէր, ուրեմն` կամ տունը մնայինք եւ կամ մեր երիտասարդները անպաշտպան չձգէիք ու մահահոտ քամիին շնատամին չյանձնէինք զանոնք։ 

Արդեօք ինքնապաշտպանուելու, հարցերուն դիւանագիտութեամբ մօտենալու, հզօրանալու եւ հաստատակամ ձեւով ոտքի կանգնելու համար երեսուն տարին քիչ է՞ր մեզի։ Եթէ նախորդ յիշածներս չէինք կրցած իրականացնել, գոնէ մեր գրպանները քարեր լեցնէինք եւ կամ աւելի ծանրակշիռ ըլլայիք եւ ճիշդ դատելով պաշտպանուիլ ջանայինք ու փրկուէինք։

Ա՜խ, իմ տառապեալ ժողովուրդ… ա՜խ, իմ անպատրաստից ազգ, այսօր բարբարոս հողմերը՝ քու բազկի ուժովդ վերադարձուցած հողդ ու կառուցած տունդ քանդեցին, խաչքարերդ ու վանքերդ սրբապղծեցին, ճակտի քրտինքով տնկած ու խնամած հաստաբուն ծառերուդ պտուղները լափեցին ու անոր շուքին քաղցրութիւնը վայելեցին։ 

Արթնցի՛ր ազգ իմ, արթնցի՛ր, այլեւս մահուան մեղեդիներով ու «Տլէ Եամա՜ն»ով տուտուկ փչելու եւ լալու ժամանակը անցած է, կը հասկնա՞ս՝ անցած է։ Հիմա միա՛յն տհոլ զարնելու եւ արթուն ու զգօն մնալու ժամանակն է։

Հիմա տհոլի հարուածներով քնացողները արթնցնելու, քնաթաթախները ուշքի բերելու, իսկ թնամիին` մեր արիութեան ճիչով ու տհոլին հուժկու հարուածներով վախցնելու ու անոր գլխուն հարուածելով դուրս քշելու ժամանակն է։ 

Տէ՛, ուրեմն միասի՛ն եւ արիաբար զարնենք տհոլը, մինչեւ որ ապահով ափ հասնինք ու յաղթանակի արեւը շողշողայ մեր գլխուն։

Մէ՛կ մարդու պէս ուժգին զարնենք տհոլը, մինչեւ որ մեր լեռներուն եւ բլուրներուն ցաւերը յառնին։

Միակա՛մ զարնենք տհոլը, մինչեւ որ մեր ազգին վէրքերը սպիանան ու սեւազգեստ Հայաստանս իր սուգը մէկդի նետէ։ 

Տէ՛, ամո՛ւր զարնենք տհոլը, մինչեւ որ անոր միանայ զուռնայի զիլ ձայնը եւ անամպ երկինքի աւետիսը տարածէ ամենուրեք ու ծաղկառատ գարուններ աւետէ մեր հայոց աշխարհին։