Փետրուարեան Տօներու Ծիսական Արարողութիւններ


Սոնիա Թաշճեան

Այս տարուան Փետրուար ամսուն քանի մը ազգային եւ եկեղեցական տօներ իրար կը յաջորդեն, այսպէս` Սուրբ Սարգիս ամսուն 8-ին, Տեառնընդառաջ` 14-ին, Սուրբ Վարդանանց տօն` 20-ին, Բուն Բարեկենդան` 23-ին եւ Մեծ Պահք` 24-ին:

Բարձր Հայքի խստաշունչ ու երկար ձմեռը մտահոգելով նախաբնիկները, մղած է ստեղծելու գարունը դիմաւորող շարք մը ծիսական արարողութիւններ, որոնց բոլորին նպատակն է ճանապարհել ձմեռնային եղանակը եւ խնդրելով նպաստել գարնան գալուստին: Գարնանացանի գլխաւոր սերմնացուն ցորենն է, որու փառաբանման կը միտին ցորենով պատրաստուող բոլոր ուտեստները: Ենթադրաբար հին ժամանակ վերոյիշեալ բոլոր տօները մէկ ընդհանուր ծիսակարգ եղած է, յետագայ դարերու ընթացքին սակայն, նոր արարողութիւններու կարիքի պատճառով անոր էութիւնն ու նշանակութիւնը տարածուած է այլ նորաստեղծ տօներու վրայ եւս:

Տեառնընդառաջը կրակի տարերքին նուիրուած ծէս է. մեծ խարոյկ վառելով եւ ցորենի աղանցը նուիրաբերելով անոր բոցերուն, կը վառեն ձմեռնային ոգին, որպէսզի եղանակը ջերմանալով, գարունը գայ: Ան նաեւ բնութեան արգասաւորման աղերս է, որու արձագանգները մնացած են մեր աւանդութեանց մէջ այդ օր կատարուող հարսանիքներու տեսքով: Ամսուան վերջը տանտիկինը բանալով տան դուռն ու պատուհանները, ձեռքի շարժումներով դուրս վռնտելով ձմեռնային ոգին, կը կրկնէ․ “Փուռտիկ (Փետրուար) գնա՛, Մարտ արի՛…”: Այդ առիթով ալ կը պատրաստուի համանուն հացատեսակը:

Վարդանանց տօնը Զէյթունի աւանդութեանց մէջ ունի յատուկ նշանակութիւն․ այդ օրը բոլորի ընտանիքներուն մէջ հարիսա կը պատրաստեն, կը մէկտեղուին սեղանի շուրջ ոգեկոչելով հերոսներու յիշատակը: Գիշերը, երբ մութը կը խտանայ, մարդիկ դուրս կու գան փողոցներ եւ դէպի երկինք կը շպրտեն խանձով փայտի կտորներ. տեսարանը հիանալի կ’ըլլայ, կարծես գիսաւոր աստղեր կը տեղան. այս արարողութիւնը կը կատարեն ի յիշատակ կրակապաշտութեան դէմ պայքարող Վարդանանց քաջերուն, որոնք ցիրուցան ըրին ատրուշաններու կրակները: Սակայն շատ հաւանական է, որ  անª ձմեռը վառելու նոյն արարողակարգի մնացուկն է:

Սուրբ Սարգիսը մեր իրականութեան մէջ ամենէն շատ պաշտուած Սուրբն է․ անոր կը դիմեն սիրահարուած զոյգեր, ամուսնանալ կամեցող ամուրիներ, չբեր եւ ծննդաբերող կանայք, հիւանդներ, պատերազմի գացող զինուորներ, ճանապարհորդներ, բանտարկեալներ, պանդուխտներ, եւայլն․․․: “Արագահաս” կը կոչուի, որովհետեւ իր երկնային ձիու վրայ նստած ակնթարթային կը փութայ օգնութեան․ Ան կայծակներ կը բռնէ, կը խաղաղեցնէ ամպրոպն ու հողմերը: Այսպիսով կ՛ազատէ մարդկանց ձմեռնային բնութեան արհաւիրքներէն:  Իր սնունդը ցորենն է, որ կը քաղէ դաշտերու վրայէն սուրալու ժամանակ, թամբի տակ դնելով, հատիկները կ՛աղանցուին, հետեւաբար տօնի գլխաւոր մթերքը աղանցուած ցորենն է եւ անկէ պատրաստուած փոխինձը․ չորսօրեայ պահեցողութենէն յետոյ, մարդիկ սիրով կը ճաշակեն օրուան գլխաւոր ճաշատեսակը` խաշիլը:

Բարեկենդանը տարուան ամենէն մեծ տօներէն մէկն է, որ կը տեւէ քանի մը շաբաթ․ այն աղերս է “բարի կենդանութեան” այդ օրը իւրաքանչիւր տուն պիտի զոհաբերութիւն կատարէ, խնդրելով գարնանամուտ: Տօնին կը մասնակցին հասարակութեան բոլոր խաւերը, ընտանիքի բոլոր անդամները, առանց տարիքային ու սեռի խտրականութեան: Արհամարհելով ցուրտը, բոլորը տօնական հագուստներով կը մասնակցին երգ ու պարին, խաղերուն եւ թատերական ներկայացումներուն, որոնց գլխաւոր թեման` բնութեան մեռնելու եւ յառնելու մասին է: Որպէս գլխաւոր տօն, առատ են ճաշատեսակներն ու հիւրասիրութիւնները, խմիչքն ու քաղցրաւենիքը: Իրարու տուն կ՛այցելեն, բարեմաղթանքներով կ՛աղօթեն գարնանամուտի համար:

Բարեկենդանի յաջորդ օրն արդէն իսկ Մեծ Պահքի սկիզբն է, որու կենցաղային նշանակութիւնը` զարթնող բնութեան նպաստելն է, ժուժկալութեան ու զոհաբերութիւններու գնով: Ընտանի, թէ վայրի անասուններու մայրանալու շրջանն է, հետեւաբար հեռու են անոնցմէ: Նախորդ տարուան բերքէն մնացած պաշարները սպառուած են արդէն, մնացած է միայն սերմնացուն, որմէ հազուագիւտ պիտի օգտուին․ փոխարէնը դաշտերու մէջ կը ծլին ու կ՛աճին բազմատեսակ բանջարներ, որոնք բնութեան պարգեւներն են մարդկանց:

 

 

ՓՈՒՌՏԻԿ (պանիրով)

Հացի խմորը երկու գունդի վերածել, գրտնակով բանալ, մէկը տարածել փուռի ափսէին մէջ, վրան լեցնել քերած պանիր, մանրուած սոխ ու կանաչի, համեմունք․ տեղ- տեղ կարագ դնել: Երկրորդ շերտով ծածկել միջուկը, պատառաքաղով ծակծկել, վրան հաւկիթ քսել եւ թխել:

 

 

ՀԱՐԻՍԱ

Միսն ու ծեծած ցորենը միասին խաշել․ երբ արդէն իսկ պատրաստ է, փայտէ դգալով կամ ելեկտրական գործիքով զարնել․ մատուցել կարագով, կարմիր պղպեղ ու քիմիոն ցանելով վրան:

 

 

 

 

 

ԳՈՒՄՊԱ (ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳԱԹԱ)

            5 գաւաթ ալիւրը խարկել, ձգել պաղի, մաղել․ խառնել 1 գաւաթ շաքար, 3 թէյի դգալ baking powder, համեմունքներ (փոշի կասիա, մեխակ, հել, մշկընկոյզ)․ աւելցնելով 1-ական գաւաթ ձէթ եւ եռման ջուր,  միասին շաղել: Խառնել 1 – 2  գաւաթ մանրուած ընկուզեղէն (ընկոյզ, կաղին, նուշ, պիստակ): Փուռի ափսէն ձէթոտել եւ ալիւրոտելէ յետոյ, մէջը տեղադրել խմորը․ բաժնել մասերու, իւրաքանչիւր մասին մէջ մաղթանք գրած թուղթ մը դնել, մէկ բաժնին մէջ ալ մետաղադրամ մը խրել: Մատները ջրոտելով  հարթեցնել, վրան ցանել շուշմայ եւ թխել:

 

 

ԽԱՇԻԼ

Փոխինձը (խարկուած ու աղացած ծեծած ցորեն) եփել ջուրով: Իւրաքանչիւրը իր ամանին մէջ կը լեցնէ փոխինձի շիլան, կողքերը եփած մածուն կամ կաթ, մէջտեղը իւղ կամ սոխառած, ոմանք ալ մեղր:

 

 

 ԿԼՈՆԴՐԱԿ

            Քիչ մը տաք ջուր, դոշաբ (ռուպ)  կամ մեղր եւ կտոր մը կարագ խառնել իրարու․ այդ ջուրով շաղել փոխինձը (խարկուած ու աղացած ծեծած ցորեն)․ վերածել բրդուճներու․ ըստ նախասիրութեան մանրուած ընկոյզ եւ չիր խառնել:

           

 

ԱՂԱՆՑ

            Ծեծած ցորենը լուալ, ջրքամել եւ անձեռոցի մը վրայ տարածելով, ձգել չորնայ: Տապակին մէջ լեցնել եւ մեղմ կրակով խարկել, անընդհատ խառնելով․ երբ արդէն պատրաստ է, քիչ մը ջուրին մէջ աղ լուծել, աւելցնել տաք աղանցին, քանի մը վայրկեան խարկել, ապա մաքուր թուղթի վրայ լեցնելով, ձգել պաղի: Ըստ նախասիրութեան խարկել նաեւ կանեփ, բեւեկ, կտաւատ, արեւակուտ, դդմակուտ, սիսեռ, կորեկ, ընկուզեղէն: Ոմանք նաեւ չամիչ եւ թթաչիր ալ կ՛աւելցնեն:

 

 ԲԻՇԻ

            Խմոր շաղել խառնելով ալիւր, ջուր, աղ, ձէթ, baking powder: Ընկոյզի մեծութեամբ գնդիկներու վերածել, ծածկել,  ձգել կէս ժամ հանգստանայ: Մինչ այդ մանրել ընկոյզը, խառնել չամիչ, շաքար (ըստ նախասիրութեան) եւ փոշի կասիա: Մատներով բանալ խմորիկները, լեցնել միջուկէն, գոցել, տապկել ձէթով կամ ալ փուռին մէջ եփել: Մատուցել վրան դոշաբ (ռուպ) ծորեցնելով:

 

 

ՓԱԹԹԻԼԱ

            Խմոր շաղել խառնելով ալիւր, ջուր, աղ, ձէթ, baking powder: Ընկոյզի մեծութեամբ գնդիկներու վերածել, ծածկել,  ձգել կէս ժամ հանգստանայ: Մինչ այդ մանրել սոխը, խառնել ղաւուրմա (խաշած ու տապկուած միս) կամ հորած պանիր (հորած պանիր= ամրան վերջին կուժի մէջ պահեստաւորուած պանիր, որ կը թաղեն հողին մէջ փորուած հորի մէջ, ուրիէ ալ ստացած է անուանումը) (փոխարինել սովորական աղի քերած պանիրով): Մատներով բանալ խմորիկները, լեցնել միջուկէն, գոցել, տապկել ձէթով կամ ալ փուռին մէջ եփել:

 

ՍԵՄՍԵԿ

           Խմոր շաղել խառնելով ալիւր, ջուր, աղ, ձէթ, baking powder: Ընկոյզի մեծութեամբ գնդիկներու վերածել, ծածկել,  ձգել կէս ժամ հանգստանայ: Մինչ այդ մանրել սոխն ու կանաչին, խառնել աղացած միսին: Մատներով բանալ խմորիկները, լեցնել միջուկէն, կիսովին գոցել, տապկել ձէթով նախ մսային կողմը, յետոյ միւս կողմը:

 

Օգտագործուած բառեր

Գրտնակ- rolling pin

Մշկընկոյզ- nutmeg

Կանեփ- hemp seed

Բեւեկ- terebinth seed

Կտաւատ- flaxseed