Խմբագրական․ «Քորոնա» Ժահրը Անակնկալի Բերաւ, Անշարժացուց Աշխարհը


Եւ այսպէս… եկաւ ենթամանրադիտակային կեսաբանական գոյութիւն մը ու հաւասարեցուց մարդկութիւնը.

Տակաւին 2-3 ամիս առաջ ժահրի մը կողմէ աշխարհի «գրաւումը» գիտական տարրալուծարաններու ուսումնասիրութեան կամ դաւադրական տեսութիւններու հում նիւթ էր միայն, քանի մը ամսուան ընթացքին «քորոնա» ժահրը, որ Ասիայէն ծնունդ առնելով ճամբորդեց ամէն երկիր ու թակեց ամէն քաղաքի դուռ ու հիմա կը սպառնայ իւրաքանչիւր մարդու՝ ուր որ գտնուի ան:

Արդեօ՞ք աշխարհ իսկապէս անպատրաստ էր նման վտանգի մը, կը թուի որ չէր, իսկ հիմա որ անոր պատանդն է, ի՞նչպէս կարելի է յաղթահարել զայն:

Ժահրին դէմ առաջին գիծի պայքարողները՝ բժշկական մարզի աշխատողները, արդէն իսկ ցոյց տուին հերոսական մօտեցում. անոնք մերօրեայ անձնազոհ զինուորներն են: Դիմակներն ու համազգեստները հագած կը գտնուին հիւանդին հետ առաջին գիծի վրայ, մինչ ամէն այլ մարդ իր տան մէջ առանձնացած իր ապահովութեան մասին միայն կը մտածէ:

Իսկ կառավարութիւնները յաճախ ուշացած՝ իրենց քաղաքացիներուն կեանքերը պաշտպանելու համար դիմած են ծայրագոյն զգուշաւորման միջոցառումներու՝ ամբողջական տնային մեկուսացման:

Արդիւնքը՝ տարբեր աշխարհ մը կը պարզէ մեր երկրագունդը, որ մինչեւ քանի մը ամիս առաջ եռուզեռով կը վխտար, տնտեսական աճով կը մրցակցէր, ապառազինութեամբ կը յոխոռտար, իսկ հիմա կը սպասէ անձկութեամբ եւ վախով:

Բայց եւ այնպէս, աշխարհ այստեղ պիտի չկորչի.

Գիտնականներու գնահատումով մեր քաղաքակրթութիւնը պիտի կարենայ այս ժահրին յարմարիլ կամ յաղթել, ինչպէս պատահած է նման համաճարակներու պարագային միջնադարուն ժանտախտը (Plague), դարասկիզբի տենդախառն հարբուխը (influenza) եւ 21-րդ դարու մարդու դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահրը (AIDS) եւ այլք, միլիոնաւոր մահեր պատճառելէ ետք, պարունակի մէջ առնուեցան կամ յաղթահարուեցան արդի գիտութեան միջոցով:

Սակայն աշխարհ ի՞նչպէս դուրս պիտի գայ այս վտանգէն. կը մնայ այսօրուան մեծագոյն հարցումը: Պատասխանները պիտի յայտնուին, երբ անցած ըլլայ ժահրի անմիջական վտանգը եւ գիտական աշխարհը գտած է կարգ մը պատասխաններ:

Սակայն ոչ-գիտական աչքին իսկ արդէն պարզ է, թէ մարդկային կենցաղային եւ ընկերային փոփոխութիւնները անխուսափելի են. առցանց աշխատելու, առցանց դասաւանդելու եւ գնում ընելու հակումը արդէն իսկ համատարած կը դառնայ: Շուտով տիրական պիտի ըլլան նաեւ տնտեսական անկումային վիճակի ստեղծած դժուարութիւններն ու աշխատելաձեւերու փոփոխութիւնները:

Բայց ակնյայտ չ՞է նաեւ որ «քորոնա» համաճարակը կը հաւասարեցնէ հարուստ Հիւսիսի եւ աղքատ Հարաւի տնտեսական, ընկերային եւ առողջապահութեան վիհը. առաջինը կ՛ըմբռնէ, թէ իր բարգաւաճումը կախեալ է նաեւ երկրորդին բարօրութենէն եւ առողջութենէն:

Մինչ այդ…մնացէք ապահով: