
ՀՄԸՄի աշնանային բանակումէն պատկերներ, 26-27-28-Հոկտեմբեր 2018ին, ՙWoodland Trails՚ բանակավայրէն ներս:
ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղի Արի Արենուշներ, Երէց Պարմանուհիներ եւ Աւագ երէցներ իրենց աշնանային բանակումը կատարեցին 26-27-28-Հոկտեմբեր 2018-ին ՙWoodland Trails՚ բանակավայրեն ներս` մասնակցութեամբ 100 քոյրերու եւ եղբայրներու:
Սկաուտները մեկնեցան ՀՄԸՄի մարզասրահէն մեկնեցան բանակավայր, ուր ժամանելէ ետք իրար օգնելով տեղաւորեցին գոյքերը: Ապա կատարեցին խմբակային դրութիւն« լսեցին բանակումի օրէնքներուն մասին եւ բանակումին բացման արարողութիւնը կատարեցին ՙՅառաջ Նահատակ՚ քայլերգով: Արդէն հասած էր ընթրիքի ժամը, որմէ ետք անցան յայտագիրներուն:
Աշնան գեղեցիկ ոսկեգոյն տերեւները խառնուած էին ձիւնով. կարծես շփոթուած օր մըն էր: Սակայն, Աշնանային այս գեղեցիկ տեսարանը աւելի ուրախութիւն պատճառեց սկաուտներուն:
Երկրորդ օրը առաւօտուն բոլոր սկաուտները աշխուժութեամբ զարթնեցան, իրենց սկաուտական մարզանքները կատարեցին եւ դրօշակի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ՝ ՙՈվ Հայ Արի՚ քայլերգով: Դրօշակի արարողութենէն ետք սկաուտները նախաճաշեցին եւ հասաւ յայտագիրներուն պահը:
Միաւորները ունեցան իրենց ձեռնային զանազան աշխատանքները, հարց պատասխանի մրցումներ, սկուատական խաղեր, ռալի, չարքաշութիւն պահանջող խաղեր: Անոնք ստացան նաեւ ազգային եւ միութենական դասախօսութուններ: Յայտագրի կէտերը նպատակ ունէին, որ ամդամները իրար աւելի ծանօթանան, իրար հետ մտերմանան, իրարու վստահին, մրցակցութեան ոգին ունենան, ազգային գիտակցութիւնը ամրապնդեն, սկաուտական ոգին բարձրացնեն, չարքաշութիւն սորվին եւ բնութեան աւելի ծանօթանան:
Այս բոլորը չէր ամբողջանար առանց աւանդական խարոյկին․ սկաուտները փայտեր հաւաքելով խարոյկին կրակը պատրաստեցին եւ արդեն կողք կողքի հաւաքուած մեծ եւ փոքր սկսան սկաուտական կանչերով եւ սկաուտական պարերով վառել խարոյկը. ամբողջ բանակավայրը լուսաւորուեցաւ այդ խարոյկի կրակով: Միաւորները առանձնաբար պատրաստած էին իրենց յատուկ յայտագիրները․ կանչեր, խաղեր, զաւեշտ:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ զրոյց՝ ՙՀՄԸՄի կարեւորութիւնը սկաուտին կեանքէն ներս՚ թեմայով, նամանաւանդ որ երէցներու եւ պարմանուհիներու մեծամասնութինը մասնակցած էին Հայաստանի մէջ համաՀՄԸՄական բանակումին, որ նուիրուած էր հիմնադրութեան 100ամեակին: Այնտեղ անոնք իսկապէս զգացին մեծ ընտանիքի հասկացողութիւնը եւ հայապահպանման կարեւորութիւնը: Զրոյցը աւարտելէ ետք սկաուտները սկսան ոգեւորուած երգել ազգային, յեղափոխական եւ ՀՄԸՄական երգեր:
Ինչ գեղեցիկ էին այդ վարկեանները, երբ բոլորը կրակին շուրջ ոգեւորուած« աշխուժութեամբ եւ բարձրաձայն կ՛երգէին յիշելով իրենց անցեալը եւ պատմութիւնը:
Արդէն ճրագմարին ժամը հասած էր եւ սկաուտները պէտք է պատրաստուէին յաջորդ օրուայ:
Յաջորդ առտու, կրկին մարզանքով սկսան իրենց յայտագիրը« ետքըª սկաուտական նստակեաց խաղեր խաղացին ապա սկսան բանակավայրը մաքրել եւ իրենց ապրանքները դասաւորել:
Բանակումի փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ՙՈվ Հայ Արի՚ քայլերգով:
Վերադարձի ժամը հասած էր. սկաուտները իրար ձեռք ձեռքի շղթանման բռնած ցտեսութեան երգը երգեցին․ ՙՑտեսութիւն մըն է եղբայր միայն ցտեսութիւն դարձեալ իրար կը հանդիպինք ու կ՛երգենք միաձայն՚:
Սկաուտները վերադառնալով տուն՝ իրենց հետ շատ բաներ բերին, գեղեցիկ յիշատակներ ունեցան, իսկ ամենէն կարեւորըª անգամ մը եւս ՙԲարձրացիր, Բարձրացուր՚ նշանաբանով հաղորդուեցան: